Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Նուրհան արք. Մանուկյանը՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին. «Սպառնալիքը չի՜ պատշաճիր կրոնականին»

Օգոստոս 06,2013 10:52

Ն. Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ.

Կաթողիկոս ամենայն հայոց
Մայր աթոռ ս. Էջմիածին՝
Հայաստան.

Վեհափա՛ռ Տէր
Դիպուածով ձեռքս անցաւ տակաւին երէկ տեղի ունեցած Գերագոյն
հոգեւոր խորհուրդի հաղորդագրութիւնը» որուն մասնակից ժողովականները
՚Յետ քննարկութեան ընդունած են Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը
եւ … խնդրանք ներկայացուցած են Վեհիդ հաստատելու զայն: Եւ Նորվան
սրբազանի նկատմամբ այդ Ժողովին առած որոշման հետեւանքով՝ իմ վրայ
թողած ծանր ու անհաճոյ տպաւորութեան տակ կը գրեմ սոյն նամակը՝ մղուած
պարզապէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ» Մայր աթոռին եւ Վեհիդ
անձին շահերէն: Յուլիս 31-ի տխրահամբաւ ժողովի մասնակիցները կը
ճանչնային Նորվան սրբազանը իբր նուիրեալ եկեղեցական» բարի ու համեստ
անձնաւորութիւն մը» ուրեմն ի՞նչն էր որ զիրենք մղեց այդ ճակատագրական
սխալ քայլը առնելու:

Կարծեմ» երբ օդակայանին մէջ» – կարեւոր չեն ներկաները» – դուք պահանջեցիք Նորվան սրբազանէն վերահաստատել Տէր Վաչէ կոչեցեալ քահանան իր պաշտօնին մէջ» երկիցս կրկնելով՝ «Եթէ մինչեւ յուլիս 1 զինք պաշտօնի չկոչես» այլեւս Մայր աթոռի հետ գործ չունիսե» արդէն ճակատագիրը որոշած էիք:

Վեհափառ Տէր» եթէ թոյլ տաք եղբայրաբար պիտի ըսէի» թէ ըսպառնալիքը չի՜ պատշաճիր կրօնականին» նամանաւա՜նդ բարձրաստիճան՝ «Ամենայն հայոց հայրապետինե» որմէ կÿակնկալուի իբր իրա՜ւ ՀՕՐՄԷ ու ներողամիտ ՄԵԾԱՒՈՐէ սիրով ու ներողամիտ ոգիով վերաբերիլ իր զաւակներուն եւ կամ ստորադասներուն հետ եւ նկատմամբ:
Ինչպէ՞ս կարելի է եկեղեցւոյ իշխանաւորն անտեսել ի հաշիւ պարզ քահանայի մը» որ նոյնիսկ եթէ իսկապէս որոշ արժանիքներու տէր անձ մըն է» այդ պարագային թելադրելի էր որ Մայր աթոռին ծառայէր:
Ինչպէս որ գեղեցիկ բնութիւնը կարիք ունի ազատ շունչի ու լոյսի» մինչ փակ եւ մութ տեղերու մէջ անոր կեանքը կը դառնայ վատառողջ եւ հետեւաμար անշնչելի ու սահմանափակ» նոյնն է պարագան նաեւ ընկերային
կեանքին» կազմակերպութիւններուն եւ կրօնական հաստատութիւններուն:
Եթէ չեմ սխալիր» յառաջիկայ նոյեմբերին Նորվան սրբազանի
առաջնորդական շրջանը կաւարտէր» եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի պատկեր- անդամները կրնային ա՜յն ատեն «ընդունիլե իր հրաժարականը: Միթէ Ձեր «Շինարար կաթողիկոսե-ի համբաւը իսկապէ՞ս կÿուզէք կարգալոյծ
հռչակուածներու շարքը երկարելով … ջնջել:
Յամենայնդէպս» եղածը անընդունելի եւ մեծ անարդարութիւն մըն էր»
եկող՝ Ս. Էջմիածնէն» Հայ ժողովուրդի սրբութիւն սրբոցէն» ու միայն Տէրը
գիտէ» թէ տակաւին շարքը որքա՛ն պիտի երկարի: Վեհափառ Տէր» եթէ կը յիշէք
մի քանի տարիներ առաջ երբ ամենայն հպարտութեամբ» –եւ այս
արդարացիօրէն»– ինծի ցոյց կու տայիք Մայր աթոռի շրջափակէն ներս Ձեր
կառուցել տուած գեղեցիկ շէնքերը» ըսի Ձեզի» թէ նիւթական շէնքերուն չափ եւ
աւելիով կարեւոր էր հոգեւոր շէնքը ամրացնել» եւ Դուք վստահեցուցիք» թէ այդ
եւս պիտի ըլլար: Սակայն ժամանակը եկաւ փաստելու» թէ արտաքինն ու
նիւթականն էր էականն ու Ձեզ հետաքրքրողը: Իսկ երկու տարի առաջ երբ
փորձած էիք մեր ապառողջ Թորգոմ պատրիարքը համոզել» որ «աթոռակիցե
մը ընտրել տար» եւ ան մերժած էր Ձեր առաջարկը» ետքը Դուք Արիս արք.
Շիրվանեանին» որ ըսած էր Ձեզի. «Մենք մեր կանոնադրութեան մէջ այդպիսի
յօդուած մը չունէինքե» որուն Ձեր իրեն կատարած սպառնալիքը եղած է» Ես
ձեր բոլորին կարգը կÿառնեմե» ինծի ալ կրկնեցիք նոյնը» եւ իմ պատասխանս
եղաւ. «Վեհափառ» ո՞ւր կÿերթաս» ուրիշ բան չե՞ս գիտերե:
Անկարելի է» որ վախի եւ սպառնալիքի մթնոլորտի մէջ առողջ սերունդներ հասնին» բան մը որուն պատճառով պիտի տուժեն մեր Ժողովուրդը եւ Մայր եկեղեցին» որոնք ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունին մաքրակրօն» զարգացած եւ իրա՜ւ եկեղեցականներու եւ ո՜չ թէ գարշապար լիզողներու:
Հետեւաμար սոյն գրութեամբ կու գամ Վեհիդ յայտնելու» թէ ի մտի
ունենալով ներկայ լարուածութիւնը մեր եկեղեցական կեանքէն ներս» որոշած
եմ յառաջիկայ սեպտեմբերի 21-28 տեղի ունենալիք Եպիսկոպոսական
ժողովին չմասնակցիլ: Թէեւ Արիս արք. Շիրվանեան ներկայ պիտի գտնուի»
սակայն ան չի ներկայացներ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը:
Մատչելով ի համբոյր օծեալ աջոյն՝
Նուրհան արք. Մանուկեան
(Պատրիարք հայ Երուսաղէմի)

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2013
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031