Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած գործողութիւնները տագնապ ստեղծելու ուժ չունին

Հոկտեմբեր 20,2014 12:50

Լիբանանեան բանակին թիրախ դառնալը վերջին օրերուն դարձաւ առանցքային: 2007 Թուին Թրիփոլիի Պաղեստինեան Նահր Ալ Պարէտ գաղթակայանէն սկիզբ առած ու ապա տարբեր առիթներով երեւելի դարձած խափանարարութիւնները այսօր նոր հունի մը վրայ են: Խաղը դարձած է Man to man ու ատոր դիմաց բանակի զինուորներ դարձած են նպատակակէտ ու թիրախ: Գոնէ անցեալ շաբթուան ամբողջ ընթացքին չեղաւ գիշեր մը, որ Լիբանանեան բանակի զինուորները հանգիստ մնային: Շաբաթը կը փակուէր անկիւնադարձային միջադէպով մը: Ժամալ Ալ Հաշէմ անունով զինուոր մը Աքքարի Ալ Պիրէ աւանին մէջ բանակի զինուորական կառքը սպասելու ատեն կը սպաննուէր: Գլուխէն հարուածուած քրիստոնեայ զինուորը տեղւոյն վրայ կը մահանար մինչ զինուորական կառքին վարորդը մեծ ճիգեր կը գործադրէ փրկելու համար միւս զինուորներուն կեանքը:

Բանակայիններուն դէմ այս բնոյթի գրոհները ըստ երեւոյթին պիտի շարունակուին: Խնդիրը ըստ էութեան նաեւ քաղաքական է ու այս առումով գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ բանակին դէմ տեղի ունեցող գործողութիւնները նաեւ քաղաքական ենթաթեքստ ունին:

Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր, երբ «Հըզպալլա» վճռեց մասնակցութիւն բերել Սուրիական պատերազմին յստակ դարձաւ, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերը ամէն ճիգ պիտի ընէին, որ «Հըզպալլա» անհանգիստ վիճակի մը առջեւ յայտնուի եւ ստիպուած ըլլայ հեռացնել իր զինեալները թէժ շրջաններէն: Այս ճնշումները անարդիւնք եղան: Անարդիւնք էին նաեւ երկրին մէջ ամէն օր «Հըզպալլա»ն մեղադրող յայտարարութիւնները, որովհետեւ «Հըզպալլա»ին համար Սուրիոյ պատերազմը դարձած է «սրբազան պատերազմ»:

Կազմակերպութիւնը 800 զոհ եւ աւելի քան 2500 վիրաւոր տալէ ետք երբեք չի մտածեր Սուրիայէն քաշուիլ: Նկատառելի է նաեւ, որ ընթացող պատերազմներուն արձանագրուած որեւէ յառաջխաղացք կրնայ յանկարծ պարտութեան վերածուիլ, ինչպէս եղաւ պարագան սուրիական «Ալ Քոսայր»ի կամ «Քալամուն»ի ճակատներու պարագային: Մինչեւ այս պահը Սուրիական պատերազմին մէջ ոչ մէկ կողմ յաղթանակած է: Միակ իրականութիւնն այն է, որ իշխող վարչակարգը առաջուանը չէ եւ շրջանային հիմնական կողմերը լուռ համաձայնութեան մը եկած են, որ պատերազմը պէտք է երկարի:

Ինչպէս նախապէս ալ գրած եմ, Լիբանանի մէջ ամէնէն խոցելին երկրի համայնքային դրութեամբ մը կառավարուիլն է ու ատկէ սնուող միջ համայնքային ատելութիւնը, որ միշտ եղած է «գորգին տակ պահուած»: Հակառակ տարուող մեծ ճիգերուն այդ ատելութիւնը այսօր տարածուած է ամենուրէք:

Այստեղ պէտք է նաեւ նկատի առնել միջազգային ուժերուն ուշադրութիւնը, որոնք ամէն ճիգ կընեն, որ յանկարծ Լիբանանի մէջ այդ բախումներու պատրոյգը չվառի: ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի վերջին նիստին Լիբանանի համար նշանակուած յատուկ բանագնաց Թէրի Լորտ Լարսընի ելոյթը այս մասին կը խօսի: Իսկ աւելի ուշ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յայտարարութիւնները եւ յատուկ բանագնաց մը Պէյրութ ուղղարկելը (Պէյրութի մօտ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Ճէֆրի Ֆիլթման) այդ ընտրանքը աւելիով կը հիմնաւորեն: Պէյրութը միջազգային հանրութեան վերջին սէրը չէ: Այլ Լիբանանեան ծովախորշերուն մէջ եղող բնական կազի պաշարներն են, որ ազդեցիկ տէրութիւններուն կը ստիպեն մտածել որ պէտք է ամէն գնով պահել Լիբանանի կայունութիւնը: Մնացածը մանրամասնութիւններ են:

Կրնայ պատահիլ, որ յառաջիկայ օրերուն լեռնային շրջաններուն վրայ նոր ճակատներ բացուին: Կամ նոյնիսկ լարուած ականի նմանող Թրիփոլի քաղաքը ապրի նոր ցնցումներ: Այս բոլորը չեմ բացառեր: Սակայն միով բանիւ մեծ պատերազմի մը ցուցանիշները ներկայիս երեւելի չեն: Լիբանանի քաղաքական գործիչները շատ լաւ գիտեն, որ խաղաղութեան ինչպէս նաեւ պատերազմի ընտրանքները իրենց ձեռքին մէջ չեն: Խաղաղութեան բանալին ինչպէս նաեւ պատերազմի նռնակը կը գտնուին ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, բայց մանաւանդ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի մօտ:

Ահա այս պատկերին դիմաց է, որ բանակին դէմ այսպիսի գրոհներ կը կազմակերպուին:Այս ընդհանուր ֆոնին վրայ քաղաքական կողմերուն դէպքերը դատապարտելէն զատ այլ աշխատանք մը չի վերապահուիր: Բացի անկէ, որ ուղենշային էր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի այն խօսքը, որ՝ «մենք ամէն գնով եւ մեր բոլոր կարելիութիւններով կը կանգնինք բանակի կողքին ու ան որ բանակին դէմ կ’ուզէ պատերազմիլ ապա մեր թշնամին է»: Խօսքը բնականաբար ուղղուած էր հիւսիսի կարգ մը Սիւննի երեսփոխաններուն, որոնք քանի մը առիթներով քննադատած էին բանակի գաղտնի ծառայութիւններուն վարմունքը յատկապէս ՝Թրիփոլիի մէջ:

Բանակին դէմ բախումներու լարուած գործիքը ինքնաբերաբար նպատակ ունի Սիւնիի –Շիիթ վտանգաւոր հակամարտութեան տանիլ երկիրը: Իսկ Քրիստոնեայ հատուածները որոնց համար բանակը ապահովութեան միակ երաշխիքն ու փրկութեան լաստն է կը գտնուին երկրորդ բլանի վրայ:

Այլ առումով եւ խօսելով բանակէն խոյս տալու դէպքերուն մասին ու հակառակ անոր , որ կարգ մը կողմեր խոշորացոյցով կը նային նման դէպքերուն գետնի վրայ այսօր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մթնոլորտը չի տիրեր: Այսինքն բանակը կը մնայ միակամ եւ ամուր: Այս մէկը փափաքի խորք ունեցող մօտեցում մը չէ այլ փաստ:

Վերջին տարիներուն երկրին մէջ մնացած միակ կայուն եւ հաստատութենական հիմնարկը երկրի բանակն է: Բանակի հիմքը այսօր հիմնուած չէ անհատներու վրայ: Բանակը «հերոս առաջնորդ» չունի: Ու կը խուսափի այդ դրուածքէն: Յիշեցնելու կարգով պէտք է ըսել, որ բանակի վերջին «հերոս առաջնորդ»ը նախկին զօրավար Միշէլ Աունն էր, որ իր ձախորդ եւ ծայրայեղական քայլերով բոանակին մեծ հարուած տուաւ: Այսօր իրավիճակը տարբեր է: Բանակը ոչ մէկ անհատական կախեալութեան մէջ է:

Ճիշդ է նաեւ , որ Լիբանանի վերջին երկու նախագահները Պաապտայի պալատ բարձրացան բանակի ընդհանուր հրամանատարի ուսադիրներով բայց այդ մէկը ոչ մէկ նշանակութիւն կրնայ ունենալ հաստատութենական ոգիով գործող այս հիմնարկին վրայ:

Իւրաքանչիւր զոհ աւելիով պիտի ամրացնէ բանակին դիրքերը: Աւելիով պիտի շեշտէ անոր առանցքային ըլլալը եւ պատասխանատու դերը:

Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար՝ Զօր. Ժան Ահուաժի

Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար՝ Զօր. Ժան Ահուաժի

Խօսելով բանակի այսօրուան հրամանատարին մասին պէտք է կարեւորել անոր դաշնակից ուժերու Ուաշինկթընի մօտ եղող Andrews զօրակայանին մէջ կայացուած ժողովին մասնակցութիւնը: Ու հակառակ անոր, որ ան գիտէր, թէ կրնար «զուսպ» քննադատութիւններու թիրախ դառնալ հրամանատարը ճիշդ համարեց մասնակցիլ դաշնակից ուժերու գործընթացին: Ըստ երեւոյթին ան զգուշաւորութեան խրամատներէն դուրս գալով եւ այս քայլին երթալով կը փորձէ ապահովել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը, յարգանքը եւ մանաւանդ աջակցութիւնը: Ի հարկէ այս քայլը նոր հանգրուան մը պիտի բանայ Զօր. Ժան Ահուաժիին համար, որ ներկայ հանգրուանին քրիստոնեայ նախագահ ունեցող Լիբանանի կարեւորագոյն քրիստոնեայ (եթէ ոչ միակ) օրինական ներկայացուցիչն է : Թէ ինչ ընթացք կ’ունենայ անոր նախագահական թեկնածու ըլլալու ուղին այդ մէկը յառաջիկայ օրերուն երեւելի կը դառնայ: Գովելին սակայն այն է, որ բանակի հրամանատարին համար գէթ այս հանգրուանին Եարզէյի (Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղին) որոշումին տէրն ըլլալը աւելի կարեւոր է քան Պաապտայի նախագահական աթոռը:

Պէտք չէ մոռնալ բանակի առեւանգուած 27 գերիներուն խնդիրը, որ կարծէք ներհամայնքային որեւէ լուրջ խլրտումներ ստեղծելու բոլոր հիմունքները կորսնցուցած է: Զինելաներուն ձեռքը եղող այդ խաղաքարտը իր առաջին օրերու ազդեցութիւնը չունի: Ու ատոր համար է նաեւ, որ բանակի դէմ եղած զինուորական գործողութիւնները այլ տինամիզմ ստացան եւ վերջին օրերու կրակոցները մեծագոյն փաստն են զինեալ խմբաւորումներուն (Տահէշ, Ալ Նըսրա) մատնուած անորոշութեան:
Լիբանանեան բանակը անխափան կերպով կրնայ պահպանել երկիրը այնքան ժամանակ, որ անոր եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ «բախման գօտի» չէ ստեղծուած:
«Բախման գօտի» ստեղծելը կարմիր թելը կտրել կը նշանակէ:

Առնուազն ներկայ հանգրուանին ոչ մէկ կողմի համար շահաւէտ է առկայ կարմիր թելին հատումը: Իսկ ապագային մասին հիմնաւորեալ երաշխիքներ ընդհանրապէս չկան, որովհետեւ ինչպէս միշտ Լիբանան անսպասելի անակնկալներու երկիրն է:

Սագօ ԱՐԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031