Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Գալ տարի՝ Վան (3). Պատառիկներ ՝ Երազային Արեւմտահայաստանէն

Մարտ 31,2015 13:50

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

19-րդ դարուն, Եւրոպայի մէջ ընդհանրացած էր հետեւեալ խօսքը.- «Գլխարկդ աւելի ապահով է Լոնտոնի մէջ քան գլուխդ՝ Իստանպուլի :»

Լաւ ճանչնալու համար ներկայ Թուրքիան, կ’արժէ համառօտ  ակնարկ մը նետել Օսմանեան Կայսրութեան պատմութեան վրայ, եւ ընդհանուր գաղափար մը կազմել Օսմանցիներուն մասին: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի այս օրերուն, կը կարծեմ որ անհրաժեշտ է քիչ մը ետ երթալ եւ տեսնել թէ իրապէս ովքե՞ր էին այդ գազանաբարոյ մարդիկը: Գիտեմ, բաներ մը լսած ենք Օսմանցիներուն մասին, բայց միայն ժխտական եղած են անոնք: Ծանօթանանք անոնց գոնէ վերջին 1000 տարիներու պատմութեան գլխաւոր երեւոյթներուն, կարգ մը կարեւոր սուլթաններուն, դերակատարներուն եւ քանի մը կարեւոր դէպքերուն:

-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-

11-րդ դարուն, Ասիոյ տափաստաններէն Սելճուգ Թուրքերը սկսան արշաւել դէպի Փոքր Ասիա կամ Անաթոլիա: 1071 թուականին, Բիւզանդացիք Մանազկերտի Ճակատամարտը կորսնցնելով, լայն բացին Փոքր Ասիոյ դռները Սելճուգներու առջեւ, եւ անկէ ետք կարելի չեղաւ թուրքերու յառաջխաղացքը կասեցնել:  Եթէ Բիւզանդիոնի կայսրերը քիչ մը աւելի հեռատես ըլլային եւ օգնէին, զորացնէին հայոց Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, այսօր ոչ միայ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը տարբեր կ’ըլլար, այլ եւ ամբողջ Եւրոպայի պատմութիւնը:

12-րդ դարուն, թիւրքմէններու ուրիշ հորդաններ, Մոնկոլներու սարսափելի արշաւանքներէն եւ լուծէն փախչելով, Կեդրոնական Ասիոյ տափաստաններէն ալիք առ ալիք դէպի արեւմուտք կու գային եւ կը հաստատուէին Փոքր Ասիոյ զանազան կողմերը: Այս ցեղախումբերէն մէկուն առաջնորդն էր Էրթուկրուլ անունով ցեղապետը, որ 411 ընտանիքներով մտաւ Փոքր Ասիա: Իւրաքանչիւր ընտանիք պարտաւոր էր մէկ կռուող կամ ձիաւոր զինուոր (Կազի) յատկացնել ցեղախումբին պաշտպանութեան համար: Իրենց ճանապարհին, երբ բլուրի մը գագաթը կը հասնին, կը տեսնեն որ վարը, դաշտին մէջ պատերազմ կամ կռիւ տեղի կ’ունենայ: Կռուող կողմերն էին Ռումի Սելճուգները եւ Բիւզանդացիք: Կեսօրէ ետք, Ռումի Թուրքերը կը սկսին նահանջել: Այդ պահուն, Էրթուկրուլ իր 411 վայրագ կռուողներով կը մտնէ պատերազմի դաշտ եւ Ռումի Թուրքերուն հետ պարտութեան կը մատնեն Բուզանդացիները: Ճակատամարտէն ետք, որպէս վարձատրութիւն Էրթուկրուլի օգնութեան, Ռումի Թուրքերուն ցեղապետը կամ էմիրը ընդարձակ հողեր կը նուիրէ նորեկներուն որպէսզի հոն բնակութիւն հաստատեն: Ըսեմ որ տեղացի թուրքերն ու նորեկները զիրար չէին ճանչնար: Էրթուկրուլ պարտուողին կողմը բռնած էր, որպէսզի  դիմացինները երախտապարտ ըլլային իրեն եւ մեծ նուէրներ տային: Հոս մասամբ յայտնի կ’ըլլայ արդէն այս թուրքերուն քաղաքական- զինուորական տրամաբանութիւնը:

Էրթուկրուլի կը յաջորդէ իր որդին Օսմանը (1258-1326) որ հիմնադիրը կ’ըլլայ Օսմանեան Կայսրութեան: Իր որդին, Օրհան, 1324-ին կը գրաւէ Պուրսան, իսկ 1387-ին՝ Օսմանցիները կը գրաւեն Թէսալոնիքին: Օսմանցիները արդէն անցէր էին Եւրոպա եւ սկսած էին գրաւել բազմաթիւ իշխանութիննր եւ հողատարածքներ Պալքանեան երկիրներուն մէջ:

Օսմանցի թուրքերուն եւ Սելճուգներուն Փոքր Ասիա հաստատուելուն մէջ շատ մեծ պատասխանատուութիւն ունին ատենի յոյն իշխանները: Յոյն իշխանները իրարու դէմ կռիւներու ժամանակ թուրք վարձկան զինուորներով զիրար կը տկարացնէին: Թուրքերուն վարձատրութինն էր պարտուող կողմի հողերու եւ հարստութեան մէկ մասը (անշուշտ կիները չմոռնանք): Նոյնիսկ Բիւզանդիոնի կայսրերը յաճախ օսմանցիները կը վարձէին իրենց դէմ ապստամբող Յոյն իշխաններուն պարտութեան մատնելու եւ առատօրին կըե վարձատրէին զանոնք Յոյն իշխաններու կալուածներուն մէկ մասը անոնց նուիրելով: Այսպէսով, յոյներու օգնութեամբ, Օսմանցիները աւելի զօրացան եւ օր մըն ալ…գիտէք ի՛նչ պատահեցաւ: Սելճուգ Թուրքերու իշխանութիւններու տկարացումն ու բաժան – բաժան ըլլալն ալ մեծ դեր ունեցաւ Օսմանցիներուն հզօրացման մէջ:

Օսմանցիները Եւրոպական ցամաքամաս անցնելով արագօրէն կը տարածուէին դէպի արեւմուտք: Ոչ մէկ իշխան կամ թագաւոր չէր կրնար կասեսցնել զիրենք: Պալքանեան երկիրները գրաւուած էին: Օսմանցիները կը մօտենային Հունգարիոյ: Եւրոպացիները, սարսափած Օսմանցի Թուրքերու այս անպարտելի յառաջխաղացքէն, 1395-ին, Պապին առաջարկով, եւ Եւրոպական թագաւորներու եւ իշխաններու գործակցութեամբ, նոր խաչակրութիւն մը կը սկսին եւ 75,000-նոց միացեալ բանակով քրիստոնեաները կը շարժին Օսմանցիներուն դէմ (ըստ տարբեր պատմագէտներու, այս թիւը կը տարուբերուի 75,000 – 130,000-ի միջեւ): Հազարաւոր ասպետներ, իշխաններ, իշխանազուներ եւ կանոնաւոր բանակներ մաս կը կազմէին այդ «խաչակրութեան»: Օսմանցիները ունէին 60,000 զինուոր, հաւանաբար 20,000  ալ «պաշըպօզուք»ներ: Օսմանեան եւ եւրոպական բանակները իրարու կը հանդիպին Նիքոբոլիսի ամրոց-քաղաքին մօտ: Եւրոպացիները այնքան վստահ էին իրենց ուժին վրայ որ «եթէ երկինքը փուլ գայ, մեր նիզակներուն վրայ պիտի կեցնենք զայն» կ’ըսէին…Եւրոպացի իշխաններն ու հրամանատարները իրարմէ կը նախանձէին – կ’ուզէին յաղթանակի փառապսակները իրենք ապահովել: Անոնք այնքան վստահ էին իրենց ուժին վրայ որ բանակատեղիին շուրջ կանոնաւոր պահակներ անգամ չէին դրած: Մինչեւ ճակատամարտ, ասպետներն ու իշխանները իրենց ժամանակը կ’անցնէին խաղերով, մրցումներով եւ կեր ու խումով:  1396 Սեւտերմբեր 25-ին, Օսմանցիները գիշեր ատեն, գաղտնօրէն, պայտացեւ կը տեղադրեն իրենց բանակը: Յաջորդ առտու, արեւը չծագած, թուրք «պաշըպօզուք»ները, քանի մը հարիւր Ենիչերիներու առաջնորդութեամբ, անակնկալօրէն կը յարձակին եւ քանի մը հազար մարդ կը ջարդեն: Եւրոպացի զինուորները կ’արթննան եւ, սուրն ու նիզակը քաշողը կ’անցնին հակայարձակումի: Պաշըպօզուքները կը «նահանջեն»: Քանի որ Օսմանցիները ռազմադաշտին արեւելեան կողմն էին, երբ կը սկսին «նահանջել», արեւը նոր ծագած ըլլալուն, կը խոցէ եւրոպացիներուն աչքերը: Բաւական մը հետապեդելէն ետք, եւրոպացիք կ’անդրադառնան որ ծուղակը ինկած են… Հազարաւորներ կը ջարդուին, եւ մօտ 20,000 եւրոպացի կը յանձնուին եւ գերի կ’իյնան: Սուլթան Պայազիտ կը հրամայէ ֆրանսացի ասպետի մը (որուն կը ճանչնար ) որ վիրաւորներուն եւ գերեվարուածներուն մէջէն մատնանշէ ազնուականները որպէսզի կարենան մեծ փրկագիններ ապահովել:  Գերեվարուածներուն մէջէն 20 տարեկանէն վար եղող զինուորները մէկ կողմ կը դրուին որպէս գերի եւ մնացեալները երեք- երեք եւ չորս-չորս ձեռքերը ետեւ կապած կը բերեն Սութան Պայազիտին առջեւ եւ կը սկսին գլխատել կամ ոտքերը կտրելով սպաննել: Ազնուական գերիները պարտադրաբար պէտք էր դիտէին գլխատումները սասափ պատճառելով իրենց, որպէսզի ուրիշ անգամ չհամարձակէին Օսմանցիներուն դէմ պատերազմելու:

21 տարեկան իշխանազու մըն երբ կը հասնի Սուլթանին առջեւ գլխատուելու, Սութանին թիկնապահ-խորկրդականներէն մին, որ կը կարծուի որ ծագումով հայ «ենիչէրի» էր, կը խնդրէ Սուլթանէն որ խնայէ արդ երիտասարդին կեանքը, քանի որ ինք կը ճանչնար անոր եւ ան իր հօր մէկ հատիկ զաւակն էր եւ գահաժառանքը: Սուլթանը կ’ըդառաջէ խորհրդականին խնդրանքին բայց կ’ըսէ.- «Եթէ որիշի մը կեանքն ալ ուզէս փրկել, քու գլուխդ պիտի կտրեմ»: Այդ օր մօտ 3500 եւրոպացիներ կը գլխատուին: Սուլթանը կը ձանձրանայ, խորհրդականներն ալ կ’ըսեն որ այդքանը բաւարար է եւ թէ պէտք չէ եւրոպացիներուն շատ բարկացնել ապագային անոնց վրէժխդրական յարձակումներէն խուսափելու համար: Անկէ ետք, եւրոպական ոչ մէկ բանակ կը յաջողի կասեցնել Օսմանցիներու արշաւանքները: Ահաւոր սարսափը պատած էր եւրոպացիներուն սրտերը:

1402-ին, Մօնկոլներու Թիմուր Խանը (Լենկ-Թիմուր), Անգարայի Ճակատամարտին պարտութեան կը մատնէ Սութան Պայազիտ Ա.-ի բանակները եւ կը գերեվարէ Սուլթանը: Եւրոպացիները պահ մը շունջ կը քաշեն… 1413-ին սակայն Սուլթան Մէհմէդ Ա. կը վերականքնէ Օսմանեան Կայսրութիւնը:

Կ. Պոլսոյ շրջակայքի գրեթէ բոլոր հողերը (Ասիական եւ Եւրոպական կողմերէն) գրաւուած էին Օսմանցիներուն կողմէ: 1453 Մայիս 29 ին, Սուլթան Մէհմէտ Բ. կը գրաւէ Պոլիսը: (Թրքական զրահանաւերը ցամաքի վրայէն շրջանցեցին Բիւզանդացիներուն ծովային պաշտպանողական գիծը:) Պաշըպօզուքները եւ բանակը երեք օր անկաշկանդ կը կողոպտեն Կ. Պոլիսը: Սուլթանը կրօնքի ազատութիւն կու տայ քրիստոնեաներուն, եւ որպէսզի Յունաց Պատրիարքութեան հեղինակութիւնը նսեմացնէ, կը հիմնէ հայոց Պատրիարքութիւնը, հոն հրաւիրելով իրեն բարեկամ՝ Պուրսայի Առաջնորդ Յովակիմ  Արքեպիսկոպոսը:

Սելիմ Ա. (1512-1520),  Արեւելքի մէջ պարտութեան կը մատնէ Պարսկաստանի Սավաֆիտ Շահ Իսմաիլը եւ կ’ընդարձակէ իր հողերը: 1517-ին, յաղթելով Սելճուգներուն, կը գրաւէ Եգիպտոսը: Յաղթական Սութանը մինչ իր զօրքերով կը վերադառնար Պոլիս, կամ Իսթանպուլ, իր Մեծ Վէզիրը, Սինայի անապատի տաքին եւ անծայրածիր աւազներուն  ակնարկելով  հարց կու տայ Սուլթանին որ «կ’արժէ՞ր այս աւազներուն համար մինջեւ հոս գալ»: Սուլթանը առանց բառ մը ըսելու սուրը կը քաշէ եւ տակաւին ուղտին վրայ երերացող իր Մեծ Վեզիրին գլուխը մարմինէն պարզապէս կ’անջատէ…Ինչպէ՞ս կը համարձակիս հարցականի տակ առնել Սուլթանին կամքը: Սելիմ Ա. սարսափելի կասկածոտ սուլթան մըն էր: իր Մեծ Վէզիրներէն ոչ մէկը վեց ամիսէն աւելի դիմացած է: Պարզապէս գլխատել տուած է զանոնք որպէսզի շատ…«չշփանան»:

Սուլթան Սիլիմ Բ. 1520-ին Հայաստանին մեծ մասը կը գրաւէ: Օսմանցիներու եւ Պարսիկներու միջեւ բազմաթիւ  պատերազմներէ ետք, 1555-ին, Հայաստանը կը բաժնուի Օսմանցիներու եւ Պարսիկներու միջեւ: Հայաստանը դարձեալ կռուախնձոր էր: Տասնեակ հազարաւոր հայեր կը ջարդուին այս շրջանին:

Օսմանեան Կայսրութեան մեծագոյն սուլթանը եղած է Սուլէյմանը: Ան կոչուած է «Մեծասքանչ» (Magnificiant), «Օրէնսդիր» (Law Giver, “Kanuni”): Իր օրով, Ռոտոսը, Հունգարիան, Հիւսիւսային Ափրիկէն մինջեւ Ալճէրիա, Արաբական թերակղզիին մեծ մասը եւ դէպի Պարսկաստան ընդարձակ տարածութիւններ գրաւուեցան Օսմանցիներուն կողմէ: Իր ահաւոր նաւատորմը կ’իշխէր Միջերկրական եւ Սեւ Ծովերուն, Պարսից կամ Արաբական Ծոցին եւ մինջեւ Հնդկաց Ովկիանոս: Օսմանցիներուն նաւատորմը աւելի մեծ եւ զօրաւոր էր քան Միջերկրականի միւս բոլոր պետութիւններուն նաւատորմները միացած:

Սուլէյման Մեծասքանչը երկու անգամ, 1529-ին եւ 1532-ին յարձակեցաւ Վիէննայի վրայ սակայն երկու անգամներուն ալ չկրցաւ գրաւել քաղաքը: Կ’ըսուի թէ օդին շատ աննպաստ ըլլալը, անժամանակ անձրեւները պատճառ եղան իր պարտութեան:

1535-ին Պարսիկներէն կը գրաւէ Պաղտատը եւ իրաւական յաջորդը կը դառնայ Ապպասեան Խալիֆաներուն:

Սուլէյման Օրէնսդիրին օրով Օսմանեան Կայսրութիւնը ապրեցաւ իր ոսկեդարը: Ան մեծ ջատագովն էր արուեստներու, գրականութեան, ճարտարապետութեան եւ այլ մարզերու: Իր օրով Միմար Սինան հայազգի Փաշան կառուցեց աւելի քան 300 պալատներ, մզկիթներ, պետական շէնքեր, կամուրջներ եւայլն:

Սուլէյման էր նաեւ ոսկեգործ եւ բանաստեղծ: Ան սիրահարուած էր իր հարէմի քրիստոնեայ հարճերէն մէկուն, Ռոքսէլանային: Զինք իսլամացնելէն ետք, հակառակ ընդունուած աւանդութիւններուն, կ’ամուսնանայ հետը, որուն զաւակը, Սելիմ Բ. կը յաջորդէ իրեն: Սուլէյման սիրային բանաստեղծութիւններ գրած է Ռօտսէլանային վրայ:

Սուլէյման, իր «քրիստոնեայ» կնկան խարդաւանքներուն եւ ամբաստանութիւններուն հաւատալով սպաննել կու տայ իր անդրանիկ գահաժառանգ զաւակը՝  Մուստաֆան: Քանի մը տարի ետք սպաննել կու տայ նաեւ իր երկրորդ զաւակը: Սակայն ան շատ ծանր խղճի խայթ կ’ունենայ: Եւ որպէսզի հանդարտեցնէ խիղճր, իր քով կը կանչէ «Շէյխ Ուլ Իսլամ» Ապուսուտը, եւ կը հարցնէ թէ ի՞նչ կրնայ ընել որ Աստուած ներէ իրեն եւ իր խիղճը հանդարտի: Շէյխ Ուլ Իսլամը կ’ըսէ որ եթէ դպրոցներուն (մէտրէսէ) մէջ միայն Քուրանը սորվեցնես եւ միայն իսլամի իմաստութիւնը տաս աշակերտներուն, Աստուած եւ Մուհամմէտը կը ներեն քեզի: Սուլթանական հրամանով, բոլոր իսլամ դպրոցներէն կը վերցուին միւս բոլոր նիւթերը եւ միայն Քուրանը եւ յարակից նիւթերը կ’ուսուցանուին: Այս իսկ պատճառով, Կայսրութեան մէջ գտնուող քրիստոնեաներն ու հրեաները շատ յառաջ կ’երթան միւս բոլոր մարզերուն մէջ:

1570-ին, Լալա Քարա Մուստաֆա Փաշան, 52,000 զոհ տալէն ետք Վենետիկցիներէն կը գրաւէ Կիպրոսը եւ իր խոստումը դրժելով ողջ-ողջ մորթազերծ ընել կու տայ  Ֆամակուստայի իշխանը: Կրնաք երեւակայել Կիպրացի ժողովորդին ճակատագիրը: 1570 – 1915 Կիպրոսը կը  մնայ Օսմանցիներու տիրապետութեան տակ:

1571 Հոկտեմբեր 7-ին տեղի կ’ունենայ Լէ Փանթոյի նաւային ճակատամարտը քրիստոնեայ Եւրոպայի միացեալ նաւատորմիղին (Holy League) եւ Օսմանեան նաւատորմիղին միջեւ: Նկատի ունենալով որ այս նաւատորմիղներու ճակատամարտը անկիւնադարձային ազդեցութիւն ունեցաւ պատմութեան մէջ, կ’արժէ որոշ մանրամասնութեամբ խօսիլ այս մասին: Պատմաբաններ կը կարծեն որ Աքթիյումի (Եգիպսոս ընդ. Հռոմ, Ք.Ա. 31 թ.) ճակատամարտէն ետք, այս ամենաճակատագրական նաւային ճակատամարտն էր:

Ճակատամարտը տեղի կ’ունենայ Արեւմտեան Յունաստանի Կորնդոսի Ծոցին մէջ (Gulf of Corinth): Քրիստոնեաները ունէին 212 տարբեր մասշտապի մարտանաւեր, 1815 թնդանօթներով, 40,000 նաւաստի եւ 28,000 մարզուած զինուորներ: Օսմանցիները ունէին 278 մարտանաւ 750 թնդանօթներով, 31,000 նաւաստի, 50,000 զինուոր: ճակատամարտէն առաջ, Օսմանեան նաւատորմին հրամանատար Ալի Փաշան իր քրիստոնեայ գերի-նաւաստիներուն եւ նաւավարներուն կ’ըսէ.- «Եթէ այս ճակատամարտը յաղթեմ, կը խոստանամ ձեզի ձեր ազատութիւնը տալ»: Իսկ քրիստոնեայ նաւատորմին հրամանատարը կ’ըզգուշացնէ իր բանակայինները ըսելով որ «դրախտին մէջ վախկոտներուն տեղ չկայ»:

Հինգ (5) ժամ տեւող այս ճակատամարտին Օսմանցիք կը պարտուին: Անոնք 20,000 զոհ կու տան, 3500՝ գերի եւ 12,000 քրիստոնեայ գերի-նաւաստիներ կ’ազատագրուին: 50 Օսմանեան նաւեր կ’ընկղմին եւ 137 ռազմանաւեր կը գրաւուին: Քրիստոնեաները 17 նաւ կը կորսնցնեն, 7500 մահ եւ 20,000 վիրաւոր կ’ունենան:

Ճակատամարտէն ետք, Օսմանցիներուն բանագնաց Մեծ Վէզիր Մէհմէտ Սոքուլլուն  Վենետիկցի բանագնացին կ’ըսէ.- «Դուք մեր մօրուքը ածիլեցիք Լէ Փանթոյի մէջ: Մենք ձեր թեւը կտրեցինք Կիպրոսը գրաւելով: Ածիլուած մօրուքը աւելէ զօրաւոր եւ աւելի խիտ կ’աճի եւ կը մեծնայ, իսկ կոտրուած թեւը՝ չի ծլիր:»

Հակառակ որ յաջորդ տարին իսկ (1572) Օսմանցիները 250 ռազմանաւեր շինեցին, իրենց «անպարտելի»ութեան համբաւը կոտրուած էր: Ռազմանաւերը ունէին, սակայն փորձառու նաւաստիներ չունէին: Օսմանեան նաւատորմին սարսափը չգացած էր:

1683-ին Օսմանցիները  Քարա Մուտաֆա Փաշային հրամանատարութեամբ կրկին անգամ կը յարձակին Վիէննայի վրայ, զայն գրաւելու եւ տարածուելու դէպի Արեւմտեան Եւրոպա: Լեհական, Աւստրիական եւ Գերմանական բանակները կը պաշտպանէին Վիէննան: 130,000-նոց  թուրք բանակին եւ պաշըպօզուքներուն դիմաց կային Եւրոպացիներուն 81,000 –նոց  բանակը: Սեպտեմբեր 12-ին ճակատամարտը  կը սկսի: Եւրոպացիք մեծ կորուստները ունենալով բաւական մը տկարացած էին, բայց չէին կրնար նահանջել, քանի որ այդ կրնար Քրիստոնէութեան շատ մեծ հարուած տալ: Կէսօրէ ետք ժամը 5-ի ատենները, Լեհերու Ճոն 3-րդ Սօպիէսքի թագաւորը իր 5,000 ձիաւորներու բանակով կը հասնի եւ ահաւոր ճակատամարտէն ետք պարտութեան կը մատնեն Օսմանցիները: Կը կարծուի որ Սօպիէսքիի ձիաւորներու բանակին մէջ մեծ թիւով Լեհաստանցի հայեր կային, որոնք կատաղօրէն յարձակած էին Օսմանցիներուն վրայ Հայաստանի հայերուն վրէժը լուծելու: (Չեմ կրնար պատմական տուեալներով առայժմ հաստատել հայերու մասնակցութինը այս ճակատամարտին, բայց լաւ պատմութիւն է:)

Օսմանցիներուն յառաջխաղացքը վերջնականօրէն կանգ առաւ Վիէննայի դռներուն առջեւ: Կամաց – կամաց Օսմանցիները սկսան նահանջել դէպի Անատօլու:

16-րդ դարուն, Արեւելքէն Ռուսերը սկսած էին հարաւ իջնել: Իրենց գլխաւոր նպատակներէն մին էր Միջերկրականի տաք ջուրերուն հասնիլ: Բնականաբար բազմաթիւ պատերազմներ տեղի ունեցան Օսմանցիներուն եւ Ռուսերուն միջեւ: Ռուսերը նաեւ կը պատրուակէին որ Օսմանցիները շատ նեղութիւն կուտային քրիստոնեաներուն: 1768-1774 Ռուս-Թրքական պատերազմէն ետք կնքուեցաւ «Քիւչիւք Քայնէրճի»ի դաշինքը, որով թուրքերը որոշ զիջումներ ըրին ի նպաստ եւրոպայի քրիստոնեաներուն:

 

Ենիչերիները

Բոլորս ալ լսած ենք Ենիչերիներուն մասին: Գիտենք որ անոնք Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ քրիստոնեաներու զաւակներէն կազմուած մասնաւոր գումարտակ մըն էր որ սարսափ կ’ազդէր թշնամիին վրայ: Աւելի յստակացնելու եւ պատմական ծիրին մէջ դնելու համար Ենիչերուներու երեւոյթը, կարժէ քանի մը պարբերութեամբ խօսիլ անոնց մասին:

Օսմանեան Կայսրութեան առաջին սուլթան Մուրատ Ա.-ի օրով, 1365 թուականին կազմուեցաւ Ենիչերուներու առաջին գումարտակը (1000 զինուոր): 1380-ական թուականներէն սկսեալ, Ենիչերիները «տէւշիրմէ» (հաւաքուող) զօրամասերն էին, որոնք գլխաւորաբար Անատոլույէն եւ Պալգաններէն հաւաքուած քրիստոնեաներու զաւակներն էին: Հրեաները ազատ կացուցուած էին այս ծառայութենէն: Թուրքերը չէին կրնար մաս կազմել Ենիչերիներու բանակին:

Ենիչերիները կը կոչուէին նաեւ «քափըգուլլարը», այսինքն «դռան սպասաւորները», Սուլթանական պալատներու «դռնապանները»: Անոնք ենթակայ էին շատ խիստ կարգապահութեան, համազգեստաւոր էին, ամսական եւ հանգստան թոշակ ալ կը ստանային:

Ամէն հինգ տարին մէկ, Կայսրութեան քրիստոնեայ նահանգներու կառավարիչները «մարդորսորդութեան» կ’ելլէին եւ իրենց շրջաններէն  6-14 տարեկան տղաքը կը հաւաքէին, զանոնք կը յանձնէին մասնաւոր ընտրուած թուրք ընտանիքներու որպէսզի թրքերէն լեզուն  եւ իսամական կրօնքը լաւ սորուէին, թլփատուէին, իսլամանային, ներմուծուէին թրքական մշակոյթին մէջ, թրքանային եւ պատրաստուէին իրենց առաքելութեան: Թրքական ընտանիքներէն «շրջանաւարտ» ըլլալէն ետք, անոնք կը փոխարդուէին  մասնաւոր դպրոցներ ուր զինուորական լաւագոյն մարզումներու եւ արուեստին հետ կը սորուէին նաեւ հաշուապահութիւն, դիւանագիտութիւն, երկրաչափութիւն , եւ որեւէ գիտութիւն որուն մէջ պատանին սէր, հետաքրքրութիւն եւ կարողութիւն ցոյց կու տար: Ասոնք կը կոչուէին «աճէմի օղլան» (անփորձ տղայ): Այս դպրոցները կը նմանէին մեր վանքերուն ուր կարգապահութիւնը եւ ամբողջական հնազանդութիւնը պայման էր:  Անոնց արգիլուած էր մօրուք երկարելը (կրնային պեխ ունենալ), շատ խիստ կարգապահութեամբ միշտ հսկողութեան տակ էին:

Մեր պատմութեան գիրքերուն մէջ կը կարդանք որ ինչպիսի սրտաճմլիկ տեսարաններ կը պարզուէին երբ թուրքերը գային եւ հայերու կամ քրիստոնեաներու տուներէն պատանիները տանէին: Շատ մը ոչ-թուրք պատմաբաններ սակայն տարբեր պատկեր ցոյց կու տան: Շատ մը քրիստոնեայ ընտանիքներ մասնաւոր կը պատրաստէին իրենց զաւակները որպէսզի «հաւաքարար»ները զանոնք ընտրէին: Շատ մը թուրք դրացիներ կը խնդրէին իրենց քրիստոնեայ դրացիներէն որ  «հաւաքարար»ներու այցելութեան ժամանակ իրենց (թուրքերուն) զաւակները «որդեգրուէին» քրիստոնեաներուն կողմէ որպէսզի անոնք ալ պատեհութիւնը կամ բախտը ունենային զտուելու եւ տարուելու: Ինչու՞, որովհետեւ եթէ զաւակդ ընտրուեցաւ, ան առիթը պիտի ունենար շատ լաւ սնունդ առնելու եւ շատ բարձր ուսում ստանալու, պետական եւ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօններու տիրանալու, եւ կրնար մինջեւ անգամ Մեծ Վեզիրի պաշտօնին տիրանալ եթէ այդքան մը խելացի, ճարպիկ եւ բախտաւոր ըլլար: Նուազագոյն պարագային ան օր մը, քանի մը տարիէն, կրնար տուն այցելել եւ մեծապէս օգտակար ըլլալ իր ծնողքին եւ ընտանիքին: Այս կը նմանի զաւակդ գիշերօթիկ լաւագոյն վարժարանը ղրկես, վստահ որ ան օր մը շատ փայլուն ապագայ պիտի ունենալ, պետական շատ բարձր պաշտօններու պիտի տիրանայ:

Ենիչերիները սկզբնական շրջաններուն սուլթաններուն թիկնապահներն էին: Պատերազմներու ժամանակ սուլթանները իրենք անձնապէս կը հրամայէին օսմանեան բանակներուն: Ենիչերիներուն պարտականութիւններէն մէկն էր նաեւ պաշտպանել իրենց սուլթանը: Անոնք նաեւ կ’արշաւէին ճակատամարտերու ամենավտանգաւոր վայրերը եւ դժուարութիւնները կը վերածէին յաղթանակներու: Անոնք սարսափն էին թշնամիներուն: Կը բաւէր որ Ենիչերիները երեւնային, արդէն թշնամի զինուորներուն սրտերուն մէջ վախը կ’իյնար:

Ենիչերիները Օսմանեան բանակին միայն տասը (10) առ հարիւրն էին: Օսմանցիներուն հեծելազօրքը գլխաւոր կորիզն էր բանակին: Մինջ 1400-ական թուականներուն Ենիչերիներու թիւը 1000-ի շուրջ կը տարուբերուէր, կամաց-կամաց, 1680-ական թուականներուն անոնց թիւը հասաւ 54,200-ի:

Ենիչերիները պէտք չէր ամուսնանային եւ ընտանիք կազմէին: Բայց երբ շատ զօրացան, սկսան շփանալ եւ զանազան պահանջքներ դնել Սուլթանին առջեւ: 1566-ին Սուլթան Սէլին Բ. ը արտօնութիւն տուաւ անոնց ամուսնանալու: Անոնք սկսան իրենց կամքը պարտադրել, կառավարական  բարձր պաշտօններ գնել եւ փոխանակ միայն զինուորական եւ պետական հարցերով զբաղուելու, սկսան զանազան շահութաբեր գործերու մէջ մտնել: Թուրք-իսլամ բնակչութիւնը սկսաւ նախանձիլ, խլրտիլ եւ պահանջել որ իրենց զաւակներն ալ ներմուծուին Ենիչերիներու զօրագունդերուն մէջ: 16-րդ դարուն,Ենիչերիներու զաւակները մասնաւորաբար, առանց զտումի, առանց նախնական – նախապատրաստական մարզումներու եւ զինուորական կրթութեան, սկսան արձանագրուիլ: Կարգապահութիւնը շատ նուազեցաւ, Սուլթանին եւ կառավարութեան հանդէպ հնազանդութիւնը տկարացաւ եւ բնականաբար իրենց ալ մարտունակութիւնը շատ տուժեց: Քանի մը անգամ անոնք ապստամբեցան Սուլթաներուն դէմ եւ աւելի բարձր վճարում պահանջեցին: 1622-ին երբ Օսմանցիները պարտուեցան Լեհերէն, Սուլթան Օսման Բ. ը ուզեց Ենիչերիներու գումարտակները «կարգի բերել», բարելաւել կամ բնաջնջել: Ենիչերիները երբ իմացան Սուլթանին մտայնութեանը, ապստամբեցան, գերեվարեցին Օսման Բ.-ը եւ … գլխատեցին զայն: Կարգ մը Վիլայէթներու մէջ, Ենիչերիները իրենք էին «Վալի»ները, (կառավարիչները) եւ կառավարութիւնը, եւ ան որ չհնազանդէր իրենց, եաթաղանին հպումը կ’ըզգար իր վիզին վրայ…

1800-ական թուականներու սկիզբները, Սուլթան Սիլիմ Գ. փորձեց Օսմանեան բանակը արդիականացնել: Բնականաբար ան բախեցաւ իր զօրավարներուն, Իսլամ Մոլլաներուն եւ մանաւանդ Ենիչէրիներուն բուռն ընդիմութեան եւ իր կեանքը վրայ տուաւ: 1826-ին Սուլթան Մուրատ Բ. յաջողեցաւ բնաջնջել ենիչերիները: Իստամպուլի մէջ անոնց բանակատեղին ռմբակոծեց (ուր 4000 ենիչերիներ սպաննուեցան), ողջ մնացողներուն աքսորեց կամ գլխատեց: Վերջին Ենիչերիները գլախտուեցան Թեսալոնիքիի «Արիւնոտ Աշտարակ»ին մէջ:

Մուհամմէտ Ալի

Մինչ Սուլթան Սելիմ Գ.-ը կը փորձէր Օսմանեան Կայսրութիւնը բարելաւել, Եւրոպականացնել, Եգիպտոսի մէջ Մուհամմէտ Ալին ալ իր կարգին կը փորձէր Եգիպտոսը արդիականացնել:

1805-ին Մուհամմէտ Ալին Եգիպտոսի կառավարիչ (Վալի) նշանակուեցաւ Սուլթան Սելիմ Գ.-ի կողմէ: Շուտով Մուհամմէտ Ալին իր դիրքը զօրացուց Եգիպտոսի եւ իր շրջակայքին մէջ:

Մեմլուքները տակաւին այս ժամանակ կարեւոր ներկայութիւն մըն էին Եգիպտոսի մէջ եւ շուրջ 600 տարի Եգիպտոսի վրայ իշխելէ ետք, ամէն կողմ տարածուած էին եւ վտանգ կը ներկայացնէին Մուհամմէտ Ալիի հեղինակութեան: Մուհամմէտ Ալին որոշեց ոչնչացնել Մեմլուքները: Իր զաւակը, Թուսունը, Արապական թերակղզի պիտի մեկնէր զինուորական արշաւանքներու: Այս առիթով ան Գահիրէի մէջ մեծ ընդունելութիւն մը սարքեց եւ հոն հրաւիրեց Մեմլուք մեծամեծները: Երբ Մեմլուք մեծամեծները «հուրի»ներու հետ ուրախ կեր ու խումի մէջ էին, բաւական մը գինովցած, եգիպտացի զինուորները  շրջապատեցին պալատը եւ ահաւոր ջարդ մը տուին Մեմլուքներուն: Կ’ըսուի թէ մինչ զինուորները կը ջարդէին Մեմլուքները, Մուհամմէտ Ալին իր սենեակին մէջ վախէն ահաւոր կը թողար …Եթէ չյաջողէր, իր եւ իր ընտանիքին գլուխը վրայ պիտի տար: Երբ Մեմլուք ղեկավարութիւնը բնաջնջուեցաւ, Մուհամմէտ Ալին գրաւէց անոնց ստացուածքները եւ բնաջնջեց Մեմլուքներու բանակները:

Մուհամմէտ Ալին բազմաթիւ անգամներ օգնած էր Սուլթանին, Կայսրութեան զանազան գաւառներուն մէջ ապստամբութիւններ զսպելով կամ նոր հողամասեր գրաւելով:

Մուհամմէտ Ալիի ամենամօտ եւ ամենավստահելի խորհրդականներէն մին էր նաեւ Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանը: Ան այնքան մը յաջող եւ մեծ վաճառական մըն էր որ Մուհամմէտ Ալին զինք հրաւիրեց իր քարտուղարը եւ գործակիցը, թարգմանիչը, գլխաւոր խորհրդատուն, գլխաւոր ներկայացուցիչը, առեւտուրի եւ արտաքին գործոց նախարարը ըլլալու: Տասնամեակներով Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանը Եգիպտոսի ամենակարեւոր քաղաքագէտն – դիւանագէտն էր: Այս ժամանակ, բազմաթիւ հայեր եգիպտական կառավարութեան մէջ բարձր պաշտօններ կը վարէին: Գիտէի՞ք որ Սուէզի Ջրանցքին գլխաւոր կապալառուները, շինարարները (ոչ բերնակիրները…) հայերն էին:

Մուհամմէտ Ալին բարեկարգիչ Վալի, կառավարիչ մըն էր: Շատ երկար է անոր բարենորոգումերու շարքը: Միայն ըսեմ որ ան արդիականացուց Եգիպտոսը, բանակը վերազինեց Եւրոպական զէնքերով եւ մարզեց անոնց մեթոտով, Եւրոպական զէնքերը ներմուծեց, զօրաւար նաւատորմ մը ստեղծեց, զինամթերք արտադրող գործարաններ բացաւ, երկրագործութիւնն ու ճարտարարուետը եւ ճարտարապետութիւնը քաջալերեց եւ զարգացուց, արեւտրական կապեր հաստատեց բազմաթիւ երկիրներու հետ, եւայլն: Ան հարիւրաւոր կարող երիտասարդներ Եւրոպա ղրկեց (որոնց մէջ կային մեծ թիւով հայեր), մասնաւորաբար Ֆրանսա, որպէսզի ուսանէին, վերադառնային Եգիպտոս եւ «Եւրոպականացնեին» Եգիպտոսը:

Մուհամմէտ Ալիի փառասիրութիւնը սակայն չէր բաւականանար Եգիպտոսով, Սուտանով եւ Արաբական թերակղզիով: Ան կ’ուզէր տիրանալ Օսմանեան Կայսրութեան գահին: «Ես շատ լաւ գիտեմ որ Օսմանեան Կայսրութիւնը ամէն օր դէպի կործանում կ’երթայ: Կայսրութեան աւերակներուն վրայ ես պիտի հիմնեմ իմ լայնածավալ թագաւորութիւնս որ պիտի հասնի մինջեւ Եփրատ եւ Տիգրիս» ըսած է ան:

Շատ հաւանաբար Պօղոս Պէյի խորհուրդներով, Մուհամմէտ Ալի Փաշան, երբ հիմնէր իր թագաւորութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան աւերակներուն վրայ, ըստ փրոֆ. Զէյն Զէյնի (Օսմանեան Կայսրութեան լաւագոյն մասնագէտներէն մին) ան մտադրած էր իր թագաւորութիւնը կառավարել Աւստրիոյ-Հունգարական Կայսրութեան Դաշնակցային (federation) օրինակին հետեւելով: Ան իր թագաւորութիւնը պիտի բաժնէր գլխաւոր չորս մասերու: Ա.- Եւրոպական Շրջան (քրիստոնեայ Եւրոպան), Բ.- Թրքական Շրջան (Արեւմտեան Անատօլուն, Ալպանիան ներառեալ), Գ,- Արեւելեան Անատօլուն (Հայկական շրջան), եւ Դ.- Արաբական Շրջան (Հիւսային Ափրիկէ եւ Արաբական երկիրները): Ընդհանուր գիծերու մէջ, կառավարական կարք մը կարեւոր նախարարութիւններ վերապահուած պիտի ըլլային Կեդրոնական Դաշնակցային Կառավարութեան, ինչպէս բանակը, արտաքին քաղաքականութիւնը, պիւտճէն, եւայլն, իսկ շրջանները պիտի ունէնային իրենց ներքին լայն ինքնավարութիւնը: Շրջանները բնականաբար իրենց տուրքերը պիտի վճարէին եւ զինուոր պիտի հայթայթէին Դաշնակցային Կառավարութեան:

Վստահաբար Պօղոս Պէյի եւ այլ բարձրաստիճան հայ նախարարներու եւ պաշտօնեաներու խորհուրդո՛վ, Հայկական Բարձրավանդակը եւ Կիլիկիան զատ Շրջանի մը վերածուած էր: Չմոռնանք որ տակաւին ջարդերը չէին սկսած, հայ ժողովուրդի մասսան, քանի մը միլիոն, տակաւին կ’ապրէր պատմական, պապենական հողերուն վրայ: Պատկերացուցէք պահ մը որ եթէ այս ծրագիրը իրականանար, ի՞նչ կրնար ըլլալ հայութեան վիճակը այսօր… Հաւանաբար 40-50 միլիոն հայ բնակչութիւն, շատ հարուստ երկրի մը վրայ ( հողը եւ ընթերքը), պատմական Հայաստանն ու Կիլիկիան, երկու ծովեզրքներով (Սեւ եւ Միջերկրական Ծովերը…) գիտական մեր ուղեղներով, զինուորական մեր գիւտերով, մեր կարողութիւններով… Շատ հաւամաբար Ամերիկան, Եւրոպան եւ Ռուսիան մեր կարծիքը պիտի առնէին կարեւոր որոշում մը չ’առած եւ եթէ «ոչ» ըսէինք, ՈՉ պիտի ըլլար այդ…

Ինչու՞ չիրականացաւ այս մեծ ծրագիրը…

Մուհամմէտ Ալին եւ իր զաւակը, Իպրահիմ Փաշան, շատ  անգամներ օգնած էին Սուլթանին: Յունաստանի, Արաբական Թերակղզիի, Սուտանի, Եթովպիոյ ապստամբութիւնները զսպած  եւ մինջեւ Ուկանտա հասած էին: 1821-ի Յունաստանի ապստամբութինը Իպրահիմ Փաշան արեան մէջ խեղդեց: Սակայն, Անգլիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիան միջամտեցին եւ Հոկտեմբեր 20, 1827-ին, Նավարինոյի ծովային ճակատամարտին Եգիպտական նաւատորմը փճացուցին: Մուհամմէտ Ալին, որպէս փոխյատուցում, Սուլթանէն պահնջէց Սուրիան: Օսմանցիները նախ համաձայնեցան բայց վերջը չյարգեցին իրենց խոստումը: Ալին Սուրիան պանանջած էր, քանի որ Սուրիան շատ հարուստ երկիր մըն էր, երկրագործական եւ ճարտարապետական արտադրութիւններով, առեւտրական լայն կապերով: Նաեւ, Սուրիան ռազմագիտական մեծ կարեւորութիւն ունէր – Սուրիան կը գտնուէր Օսմանեան Կայսրութեան Սուլթանին եւ Եգիպտոսի միջեւ որպէս «արգելակ երկիր» (buffer state) ինչպէս նաեւ երկար եւ հարուստ ծովեզերքով:

Մուհամմէտ Ալին, իր զաւկին Իպրահիմ Փաշայնին հետ  բանակը վերակազմակերպելէ եւ նաւատորմը վերաշինելէ ետք, 31 Օգոստոս 1831-ին յարձակեցաւ Սուրիոյ վրայ եւ գրաւեց զայն:

27 Մայիս 1832-ին Ագրան գրաւելէն ետք, Իպրահիմ Փաշան Գոնեայի ճակատամարտին (21 Դեկտեմբեր 1832) չախչախիչ պարտութեան մատնեց Օսմանեան բանակները: Ենիչերիները բնաջնջուած էին (1826-ին), Օսմանեան բանակը՝  պարտուած: Ոչ մէկ արգելք կար Իպրահիմ Փաշային եւ Կ. Պոլսոյ միջեւ: Կը մնար որ Եգիպտացիք քալելով Պոլիս մտնէին եւ Սուլթանը վար առնէին: Սակայն…Եւրոպացիք նորէն միջամտեցին եւ Քութահիայի Համաձայնութեամբ Կրէտէն ուզեցին տալ Եգիպտոսին եւ Իպրահիմ Փաշային ալ կարգել Սուրիոյ Վալին – կառավարիչը: Բայց Մուհամմէտ Ալիին անկախ թագաւոր չհռչակեցին: Բնականաբար Մուհամմէտ Ալին գոհ չմնաց: Սուլթանը, որպիսզի կարենայ «զսպել» Մոհամմէտ Ալի Փաշան, իրեն առաջարկեց Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Արաբիոյ ժառանգական իշխանութիւնը եթէ ան քաշուէր Սուրիայէն, վերադարձնէր Կրէտէն եւ ետ քաշէր իր Օսմանեան Կայսրութենէն անկախանալու ծրագիրը: Մուհամմէտ Ալին ոչ միայն մերժեց այս առաջարկը, այլ իմաց տուաւ Եւրոպական պետութիւններուն իր անկախութիւն հռչակելու մտադրութեան մասին: Մինչ այդ, Օսմանեան վերակազմակերպուած բանակի հրամանատար Հաֆէզ Փաշան վստահեցուց  Սուլթան Մահմուտ Բ.-ին որ ինք կրնայ Եգիպտական բանակը պարտութեան մատնել: Մինչ Օսմանեան բանակը կը մօտենար Սուրիոյ սահմաններուն, Յունիս 24, 1839-ին, Ուրֆայի մօտ Նէզիպէի Ճակատամարտին Իպրահիմ Փաշան ծանր պարտութեան մատնեց Օսմանցիները: Օսմանեան նաւատորմը անցաւ Եգիպտացիներուն կողմը:  Եգիպտական բանակին եւ Կ. Պոլսոյ միջեւ Օսմանեան բանակ եւ նաւատորմ չկար: Իպրահիմ Փաշան կը պատրաստուէր գրաւել Կ. Պոլիսը եւ իր հայրը հռչակել Սուլթան: Եւրոպան…Եւրոպան դա՛րձեալ միջամտեց: Անոնք, Լոնտոնի Վեհաժողովով Իպրահիմ Փաշային առաջարկեցին իր հօրը ժառանգական իշխանութիւն տալ Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան կարգ մը հողամասերուն վրայ եթէ Եգիպտական ուժերը պարպեն Սուրիան եւ Լիբանանի ծովեզերքը: Մուհամմէտ Ալին տատամսեցաւ: Յոյս ունէր որ Ֆրանսան կ’օգնէ իրեն: Անգլիական եւ Աւստրիական նաւատորմերը մօտեցան Սուրիոյ եւ Ալէքսատրիայի: Անոնք գրաւեցին Ագրան, գոցեցին Նեղոսի մուտքը, ռմբակոծեցին Ալէքսանտրիան, Սայտան եւ Պէյրութը եւ սպառնացին բնաջնջել Իպրահիմ Փաշայի բանակը: Մուհամմէտ Ալին ստիպուած տեղի տուաւ: Ան Կրետէն, Սուրիան եւ Հիճազը յանձնեց, իր բանակին քանակը նուազեցուց 18,000 զինուորներու, Օսմանցիներուն նաւատորմը վերադարցուց եւ փոխարէնը ստացաւ Եգիպտոսի եւ Սուտանի վրայ ժառանգական իշխանութիւնը:

Եթէ Եւրոպացիք, գլխաւորաբար Անգլիան չմիջամտէին, Իպրահիմ Փաշան շատ դիւրաւ պիտի գրաւէր Կ. Պոլիսը, Մուհամմէտ Ալին պիտի թագադրուէր որպէս նոր Սուլթանը  (Պօղոս Պէյը շատ հաւանաբար վարչապետ նշանակուէր)  եւ Հայաստանը ազատուէր Օսմանեան լուծէն: ԵԹԷ…

Ա՜խ այս «ԵԹԷ»ները:

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմէն ետք, Սուլթանին գահընկեցութեամբ եւ Լոզանի Դաշնագրով վերջ գտաւ Օսմանեան Կայսրութիւնը, 1923 թուականին, Մուստաֆա Քէմալ Աթաթիւրք Թուրքիոյ Հանրապետութեան Առաջին նախագահը եղաւ:

Վարդգէս Գուրուեան

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031