Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հալէպի «ճակատամարտ»-ը կ’ուշանայ. Ինչո՞ւ

Հունիս 21,2015 10:18

Անցնող օրերուն Հալէպի վրայ ինկած են 300 հրթիռներ եւ հրթիռարձակումները եղած են աննախընթաց: 3 օրերու վրայ տեղի ունեցած ռմբակոծումներուն հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 40-ի, մինչ վիրաւորներուն թիւը հատած է 200-ը:

Վերջին ամիսներուն Հալէպը համեմատաբար այլ շրջաններու «հանդարտութիւն» մը կ’ապրի չնայած անոր, որ քաղաքը ջուրի, ելեքդրականութեան եւ համացանցի ծանր տագնապներ մէջ է:

Սուրիոյ ընդդիմութեան տարբեր կայքեր անցնող օրերու ծանր հրթիռարձկումներուն մասին տեղեկութիւններ չհաղորդեցին: Սակայն նկատելի է, որ ընդդիմադիր զինեալներ նոր հանգրուանի մը կը պատրաստուին: Լիբանանեան «Ալ Սաֆիր» օրաթերթը, որ յայտնի է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ անոր իշխանութիւններուն կողմնակից ըլլալու հանգամանքով կը գրէ, թէ ընդդիմութեան շերտերուն մէջ լուրջ տարակարծութիւններ կան:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ «Ալ Նըսրա» ճակատի զինեալները չեն մասնակցած վերջին օրերու հրթիռարձակումներուն եւ գետնի վրայ շուրջ վեց խմբաւորումներ միանալով ստեղծած են ՝ «Հալէպի գրաւման զինուորական յատուկ գրասենեակ»ը: «Ալ Նըսրա», որ կը տիրապետէ արդիական զէնքերու այդ տուեալէն անդին կարեւոր ռազմավարական այլ գործօն մը ունի: Անոր «անձնասպանական ջոկատ»ները զինուորական գետնի վրայ կրնան կարեւոր փոփոխութիւններու դուռ բանալ: Ու հակառակ անոր, որ «Ալ Նըսրա»ի բոլոր բանբերները կը շարունակեն լռութիւն պահել «Հալէպի ճակատամարտ»ին մասին ակներեւ է, որ նոյն խմբաւորումը ներկայ պահուս յայտնուած է դիտողի դերին մէջ:

Որեւէ զինուորական գործողութիւն կրնայ աւերիչ ըլլալ ընդդիմադիր զինեալներուն համար եթէ անոնք միասնական ծրագիր մը չունենան: Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ կառավարական ուժերուն անոնք կը յաջողին իրենց տիրապետութեան տակ եղող շրջանները պահել: Այս բոլորէն զատ տուժող կողմը քաղաքի տարբեր հատուածներու անզէն քաղաքայիններն են, որոնք Հալէպէն հեռանալու պայմաններ չունին:

Հայկական գետնի վրայ մինչ հայկական լրատուական միջոցներ կը շարունակեն Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէիսեանի խօսքերը եւ «յորդոր»-ները հրապարակել անդին կը հաղորդուի Հալէպահայ Ֆերնանտ Նիկողոսեանի վիրաւորման մասին լուրը:

Հալէպի մէջ կեանքի նշանները չեն դադրած եւ իրավիճակին «գոհացուցիչ» ըլլալուն մասին կը խօսի Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը , որ հերթական անգամ կը հրապարակէ գաղութին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներու եւ նոյնիսկ «Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարան»ի ամավերջի հանդէսին մասին տեղեկութիւններ:

Այս իրավիճակին մէջ մինչ հայկական օճախը արիւնագամ վիճակ մը ունի տարբեր մակարդակներէ եւ մէկէ աւելի բանբերներէ կը հնչեն «Հալէպի գաղութը պահպանելու» մասին կոչերը: Այս բոլորը կան, այս բոլորը նորութիւն չեն: Սակայն այստեղ բացակայողը այն Հալէպահայուն ձայնն է, որ պատերազմի ամէնէն ծանր օրերը կ’ապրի, կորսնցուցած է երկրէն հեռանալու բոլոր յոյսերը, տոմս գնելու դրամ չունի եւ յոյսը, որ դրած է Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ արդէն չքացած է:

Նոյն առումով այլ շեշտադրում մը կայ Ժիրայր Ռէիսեանի տուած վերջին հարցազրոյցին մէջ («168 Ժամ») ուր ան գովասանքով կը խօսի ՀՀ իշխանութիւններուն մասին եւ կը վստահեցնէ, որ Հայաստան չէ թերացած պարտաւորութիւններուն մէջ: Ռէիսեան նաեւ կը դիտարկէ, որ իրենք լաւ գիտեն, որ Հայաստանի մարմինները բաւարար ուժ չունին հայերու տարհանաման կամ օժանդակութեան որեւէ քայլ նետելու առընթեր: Այստեղ օղակը կը փակուի:

Հարցադրման արժանի են, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալբանդեանի ինչպէս նաեւ ՀՀ ազգային ժողովի անդամ պատգամաւորներուն Դամասկոս տուած այցին արդիւնքները: Այս առումով ՀՀ իշխանութիւնները շատ հաւանաբար կ’ուզեն լռութիւնը պահել կամ անոր համար, որ իրենց գործի դրած ճիգերը պէտք է փակ սենեակներու մէջ մնան կամ ալ այն պատաճռով որ ՀՀ իշխանութիւնները չեն ուզեր Սփիւռքի ազգային իշխանութիւններուն (յատկապէս Անթիլիասի աթոռին) թելադրանքներուն հակառակ երթալ եւ Հալէպահայերու տունդարձը ապահովել:

Այս շփոթահար իրավիճակին մէջ ամէնէն ողբերգականը Ռէիսեանի խօսքն է, ուր ան դարձեալ Հալէպը ապահով վայր կը համարէ եւ կ’ըսէ. «Եթե նույնիսկ ցանկութիւն ունեցողներ լինեն դուրս գալու երկրից, ապա սխալ կլինի տեղաշարժուել, դուրս գալ երկրից, երբ յստակ է, որ անվտանգութիւն, ապահովութիւն չի լինելու, այսպես կամ այնպես, այստեղ նրանք իրենց երկրում են, իրենց տանը, բայց եթե դուրս պետք է գան ու կրկին անապահովութիւն ունենան, չունենան բնակութեան վայրի ու աշխատավայրի վերաբերեալ երաշխիքներ, ապա ի՞նչ իմաստ ունի գնալը»:Այսպէս Հայաստան գալը, ըստ Ռէիսեանի կը դառնայ անիմաստ, որովհետեւ հոն ապահովութեան «երաշխիքներ» չկան:

Հալէպի ծայրամասերուն ընթացած վերջին օրերու զինուորական բախումներուն ընթացքին իսլամական տարբեր խմբաւորումներ գործածած են են ամերիկեան Թաու տիպի հրթիռներ: Այս հրթիռներու օգտագործումը թէեւ առաջինը չէ, սակայն կրնայ նոր հարթութեան տանիլ զինուորական գործողութիւններու ընթացքը:

Քաղաքական գետնի վրայ մինչ Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի պատուիրակ ՝ Սթէֆան Տէմիսթուրա Դամասկոս կ’այցելէ ու հանդիպում կ’ունենայ նախագահ Ասատին հետ անդին ընդդիմադիր զինեալները «բաց պատգամ» մը տալով կը յայտարարեն, որ իրենք քաղաքական երկխօսութեան պւատրաստ չեն եւ անոր Դամասկոս գտնուած շրջանին կը սաստկացնեն ռմբակոծումները: Այստեղ խնդիրը աւելիով կը բարդանայ, որավհետեւ ՄԱԿ-ի թիւ մէկ բանակցորդը եկած է տկար կողմին մօտ: Բոլորը կ’ընդունին, որ Ասատ գետնի վրայ առաջուան տիրական ներկայութիւնը չունի: Ուրեմն բանակցիլ որուն հետ: Եւ ով է գետնինին տէրը:

Այս վիճակներէն մեկնելով է նաեւ, որ ամերիկացիք այսօրուան դրութեամբ եւ առանց բարձրաձայն ելոյթներ ունենալու համամիտ են, որ Ասատ շարունակէ իր պարտականութիւնները: Ասատի իշխանութեան վրայ մնալը կը պայմանաւորուի ոչ միայն անոր տկար ըլլալով այլ այդ մօտեցումը կը բացայայտէ , որ Սուրիոյ տագնապին կամ գէթ հոն ընթացող արիւնահոսումին վերջ մը ցարդ երեւելի չէ: Ճակատները կրնան փոխուիլ, Հալէպը եւ Դամասկոսը կրնան նօսրանալ, իշխանութիւնները կրնան նահանջի տանիլ իրենց ուժերը, սակայն մէկ բան յստակ է, որ Սուրիոյ պատերազմը պիտի շարունակուի:

Հալէպի ճակատամարտը, որ ընդդիմութեան կարեւոր «երազանքներ»էն մէկն յստակ չէ, թէ երբ կրնայ բռնկիլ: Ու տակաւին անորոշ է, որ նոյն Հալէպի ճակատումը իշխանութեան կա՞մ ընդդիմութեան իսլամական խմբաւորումներուն միջեւ պիտի պատահի:

Սուրիոյ պատերազմին այս փուլը նոր քարտէզներու գծագրման փուլն է: Պայմանաւով , որ խաղին մասնակից բոլոր հիմնական ուժերուն փափաքը ի կատար ածուի եւ այդ փափաքը տկար, անօրինական, բզկտուած եւ վիրաւոր Սուրիոյ մը երեւումն է: Ի վերջոյ Սուրիոյ պատերազմը կրնայ նահանջել երբ այս պայմաները լրացուին:

 Սագօ Արեան

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (1)

Պատասխանել

  1. Հ.Շ. says:

    Հալէպի հայութեան դէպի փրկութիւն կազմակերպուած տեղափոխութիւնը տեղի չունեցաւ, չորս ու կէս տարիներէ ի վեր, հիմնական մէկ պատճառով միայն՝ Սփիւռքի ղեկավարութիւնը ուզեց այդ գաղութը պահել իր տեղը, անպայման, ամէն գնով:

    Հայաստանի իշխանութիւնները չէին կրնար հակադրուիլ Սփիւռքահայութեան ղեկավարութեան այդ կամքին:

    Չորս ու կէս տարի ետք, եւ այն ալ հրատապ կերպով, այդ հայերը Հայաստան տեղափոխելը անշուշտ թէ դժուար է հիմա:

    Ահաւոր ողբերգութեան մը սեմին կը գտնուինք այժմ:

    Սփիւռքահայութեան խնդրոյ առարկայ ղեկավարութիւնը ուղղակի պատասխանատվութիւնը կը կրէ հայու արեան ամէն մէկ կաթիլին որ հոսեցաւ եւ տակաւին հոսելու է Սուրիոյ մէջ:

    Մ. Հայդուկ Շամլեան, Գանատա

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930