Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արաբները լուրջ տագնապի մէջ, իսկ Թեհրան իր «ոսկեայ» հանգրուանին կը պատրաստուի

Հուլիս 12,2015 12:59

Կասկածէ վեր է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Իրանի հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու ճիգերը իրենց դրական հետեւանքները պիտի ունենան շրջանին մէջ, նոյնիսկ եթէ համաձայնութեան ստորագրումը տեղի չունենայ: Միացեալ Նահանգներու համար ձեւական ստորագրութիւններ կատարելու հանգրուանը վաղուց անցած է: Կարեւորը Իրանը, որպէս հաւատարիմ դաշնակից պատրաստելու գործընթացն է պայմանով, որ այդ նոր հանգրուանին մէջ Թեհրան նեղութիւն չպատճառէ Մոսկուային: Այսինքն, հեռու չերթայ իր յարաբերութիւններուն մէջ եւ իր շահերուն հետ մէկտեղ ծառայէ ԱՄՆ-ուն եւ Մոսկուային: Ամերիկեան քաղաքական վերնախաւին համար մի քանի տուեալներ կան, որոնց հիմունքով Թեհրան աւելի աչալուրջ եւ հաւատարիմ դաշնակից ըլլալու բոլոր նախադրեալները ունի: Նիւ Եորքի Twin Tower-ի վրայ տեղի ունեցած գրոհէն ի վեր (11.9.2001) կը տիրէ այն կարծիքը, որ Սիւննի աշխարհին հետ անհնար է առկայ յարաբերութիւնները նոյն որակով շարունակել: Ամերիկացի շարք մը վերլուծաբաններ «անտանելի» եւ «անկառավարելի» կը համարեն Սիւննի Սալաֆիստ խմբաւորումները: Արաբ- ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ նակատուած ճեղքին մեծագոյն ապացոյցը Սէուտական Արաբիոյ Սըլման Պըն Ապտըլ Ազիզին ԱՄՆ տարբեր եւ ձեւական պատճառներով չերթալու փաստն է:

Մինչ Րիատի ղեկավարութիւնը կը թակէ Մոսկուայի դռները անդին , հակառակ անոր, որ նոյնինքն Պարաք Օպամա անձամբ Րիատ ժամանելով մասնակցեցաւ Ապտալլա Թագաւորի վերջին հրաժեշտի արարողութեանց, ԱՄՆ- Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները օրըստօրէ անկում կ’ապրին: Առկայ ճեղքը տնտեսական չէ: Ամերիկեան ընկերութիւններ կը շարունակեն իրենց կարեւոր գործառքները, ոչ միայն Ժէտայի, Րիատի եւ Խուպարի մէջ այլ նաեւ Արաբական ծոցի մայրաքաղաքներուն ՝ Ապու Տհապիի, Տոհայի, Քուէյթի եւ Տոհայի մէջ: Րիատէն զատ նշուած բոլոր մայրաքաղաքները որոշիչ դեր ունենալու ներուժ չունին: Անոնք, նոյնիսկ դէմ չեն Ամերիկա- Իրան մերձեցման, միայն թէ իրենց շահերը պահպանուին ու նաւթի արտահանումն ու կառուցուած տնտեսութիւնները անխափան կերպով շարունակեն եկամուտ բերել այդ երկիրներու կառավարութիւններուն:

Գլխաւոր լարուածութիւնը եւ շրջանին մէջ ծանր լարուածութեան հիմնական գօտին Թեհրան- Րիատ լարուածութեան գօտին է: Ու այդ գօտիի լարուածութիւնը իր ծանր հետեւանքները կը տարածէ Եէմէնի մայրաքաղաք Սանհայէն մինչեւ Պաղտատ, Դամասկոս եւ Հալէպ: Կռիւը ներ- համայնքային է եւ մինչեւ այս պահը Րիատ նոր ծրագիր մը չունի Թեհրանի հետ լեզու գտնելու: Իր կարգին Թեհրան, որ առնուազն երեք մայրաքաղաքաներու մէջ զինուորական կարեւոր ձեռքբերբումներ ունեցաւ կրաւորական դիրքերով կը սպասէ Ապտըլ Ազիզ իշխող ընտանիքի դրական որեւէ նշանին: Թեհրան ուժեղ դիրքերէ կը բանակցի: Նոյն առումով երեւելի ու կարեւոր յայտարարութիւններ ընելով Իրանի իսլամական հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ ՝Սէյիտ Ալի Խամէնիյի անցնող օրերուն յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով կարեւոր կէտերու մասին խօսելով ըսաւ, որ այդ կէտերը Իրանին համար կարմիր եւ ոչ անցանելի կէտեր են: Այդ կէտերուն կարեւորագոյնը, Իրանի ներկայ կորիզային «խաղաղ» ծրագիրներէն չհրաժարելու մօտեցումն է ինչպէս նաեւ կորիզային միջազգային գործակալութեան մասնագէտ- քննիչներուն դէպի իրանեան կորիզային կայաններ մուտք գործելու արգելքներուն վերացումը:

Այսինքն Թեհրան երկու դերով հանդէս կուգայ: Մինչ անոր գլխաւոր առաջնորդը ՝ Ալի Խամէնիյի , որուն հովանիին տակ կը գործեն Իրանի «յեղափոխութեան պահակներ»ու ջոկատները կը մերժէ զիջումնային քաղաքականութեամբ հանդէս գալ: Անդին Իրանի «յառաջադէմ» ներկայացուող նախագահ Շէյխ Հասան Րուհանի կը խօսի աւելի նուրբ եւ բամպակեայ լեզուով մը: Իրան ճիշդ է, որ տնտեսական առումով ժամանակի հարց ունի բայց եւ այնպէս ան Օպամայի նման նեղ կացութեան առջեւ չէ: Օպամա ինչքան ալ մտածէ, որ շուտով «տուն պիտի երթայ» պիտի կամենայ, որ իրմէ ետք տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն պատրաստուող իր կուսկցութեան առնուազն Իրանի հետ համաձայնութեամբ դրական միաւորներ տայ:Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ երկրորդ եւ երրորդ բլան տարուած են Եէմէնի, Լիպիոյ, Իրաքի ու յատկապէս Իրաքի տագնապները: ԱՄՆ Թեհրանէն բացի իր աչքերը դրական շեշտադրումով կ’ուղղէ շրջանի քիւրտերուն: Անոնց տրուած նեցուկը, զինուորական եւ ֆինանասկան օժանդակութիւնները հաշտ աչքով չեն դիտուիր արաբ սիւններուն կողմէ: Ինչ խօսք, որ Թուրքիա եւս անհանգիստ է այդ դրական մօտեցումներէն: Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան տնտեսական խորհրդատուներ դրական կարծիք յայտնած են, իրաքեան քիւրտիսատանէն նաւթի արտահանման առնչութեամբ: Այս նոր կշիռներէն անդին Սուրիոյ արիւնահոսող վէրքը կը շարունակուի: Իսկ ISIS (ԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը, որ կը շարունակէ կարեւոր նաւթահանքեր իր տիրապետբութեան տակ պահել կը շարունակէ ներկայանալ, որպէս նոր գործօն եւ օրակարգ թելադրող ուժական ներկայութիւն: Բազմիցս խօսած ենք, որ ISIS-ի ներկայաութիւնը բնաւ չի խանգարեր Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ: Այդ քաղաքական տեսադաշտին մէջ ISIS եթէ չի խանգարէր այլապէս ալ կը նպաստէ, որ տարբեր տէրութիւններ աժան գինոերով նաւթ ստանան ու չի բացառուիր, որ ահաբեկիչներուն ունեցած նաւթը կը հասնի մինչեւ Ամերիկայի ամբարնները: Այս ենթադրութիւնները երեւակայանական խօսքեր չեն ու այս բոլորի հիմնաւորումը ապահովելու համար պէտք է բաց աչքերով հետեւիլ ամերիկեան ուժերու Տէր Զօրի, Նինուէի ու Մուսէլի մէջ կատարած զինուորական միջամտութիւններուն: ԱՄՆ ըստ պահանջի կը սպաննէ ISIS-ի նաւթի իշխանները (էմիր) ու կը ձերբազատուի անոնցմէ, որոնք կը խանգարեն իր հանգիստը:

«Ռօյթըրզ» կը հաղորդէ, որ ISIS շրջանին մէջ ամէնէն հարուստ ահաբեկչական խմբաւորումն է: Նոր չէ, անոր «ամէն հարուստ» դիրքը գրաւելու երեւոյթը: Նորութիւնը Իրանեան նաւթին ունենալիք մագլցումներն են: Վերլուծողները կը վստահեցնեն, որ իրանեան նաւթին արտահամումը օրական կտրուածքով պիտի բարձրանայ մէկ միլիոն տակառ նաւթի: Մէկ միլիոն տակառ այսինքն օրական կտրուածքով 75 միլիոն ամերիկեան տոլարի եկամուտ, որ ամսական կտրուածքով կը համապատասխանէ 2,2 պիլիոն ամերիկեան տոլարի: Այս թիւերուն մասին խօսելով է, որ կրնաք եզրակացնել, որ եթէ Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւն կնքեն Իրան մուտք գործած պիտի ըլլայ իր ոսկեայ դարաշրջանը: Իսկ եթէ համաձայնութիւնը խափանուի, մէկ է Իրան պիտի սպասէ առանց յաւելեալ տոյժերու մէջ մտնելու: Թեհրանի կողքին են Փէքինն ու Մոսկուան ու ան պատրաստ է նոր շուկաներու բացուելու:

Այս ընդահնուր ֆոնին վրայ ամէնէն տուժողը արաբական տէրութիւններն են, որ մինչեւ այս պահը մոռցած են, որ շրջանին բոլոր հարցերու կարգաւորման հիմնական բանալին կը գտնուի, ոչ թէ Մոսկուայի այլ Թեհրանի մէջ: Արդէն քանիերրորդ անգամն է, որ Մոսկուա լայն ժպիտներով ընդունելէ ետք Սէուտցի իշխանները ( վերջինը փոխ գահաժառանգ ՝ Մոհամմատ Պըն Նայէֆն էր)անոնց մէկ ուղղութիւն ցոյց կուտայ եւ այդ ուղղութեան կարմիր թելը կապուած է Շիիթ աշխարհի հզօր տէրութեան ՝ Իրանին:

Կը մնայ սպասել եւ ենթադրութիւնէններէ անդին երթալով հասկնալ, որ ԱՄՆ-ու համար Իրանի հետ համաձանութիւն մը գոյացնելը նոյնքան կարեւոր է ամերիկացիներուն համար չըսելու համար, որ աւելի կենսական է քան Թեհրանի համար, որ գետնի վրայ տարուած յաջողութիւններով ( Եէմէն) եւ դիմադրողական ներկայութեամբ (Պաղտատ եւ Դամասկոս) իր ձեռքերուն կը պահէ ամբողջ շրջանին կայունութեան հիմնական բանալին:

 Սագօ Արեան

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031