Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Պատառիկներ ՝ երազային Արեւմտահայաստանէն

Հուլիս 20,2015 10:58

Գալ տարի՝ Վան (13) *****

 

Դէպի Սրբազան Լեռ

«Սրբազան Լեռ, Պիտի հասնի՛նք կատարիդ»

Վարդգէս Գուրուեան

Untitled-1

Կիրակի առտու, Յուլիս 13-ին, փառաւոր նախաճաշէ մը ետք (թէյ, կաթ, սուրճ, 15 տեսակ պանիր, 12 տեսակ անուշեղէն, փեթակաւոր եւ զտուած մեղր, 3 տեսակ կարագ, 5 տեսակ ձիթապտուղ, 10 տեսակ կարկանդակներ, 10 տեսակ պահածոյ մսեղէն, երշիկի տեսակներ, խաշած, տապկուած-պարզ կամ բանջարեղէններով-հաւկիթ, տապկուած եւ փուռի գետնախնձոր, թարմ մածուն, սեռ, չորցուած եւ թարմ պտուղի տեսակներ, եւայլն, եւայլն, եւայլն) ճամբայ ելանք դէպի հայոց Սրբազնագոյն Լեռը, դէպի Արարատ:

Նոյն պատմութիւնը: Ընդարձակ դաշտագետիններ, գեղեցիկ տեսարաններ: Ճիշտ է երբ կ’ըսենք «Հայաստան երկիր դրախտավայր»: Դրախտավայր մը՝ որ իր գեղեցկութեամբ հրապուրեց բազմաթիւ ցեղախումբեր, որոնք մե՛ր դրախտը մե՛ր դժոխքին վերածեցին:

Պարսկաստանի սահմանին բաւական մօտ էինք: Սահմանապահ պահակներու դիտարանները հոս ու հոն կ’երեւային: Մեզի ցոյց տրուեցաւ Չալտրանի Ճակատամարտի վայրը: Չալտրանի ճակատամարտը ճակատագրական էր մեր ժողովուրդին համար, քանի որ այդ ճակատամարտէն ետք Արեւմտեան Հայաստանը Պարսիկներու տիրապետութենէն անցաւ Օսմանեան Թուրքերու իշխանութեան տակ:

23 Օգոստոս 1514-ին տեղի ունեցաւ Չալտրանի Ճակատամարտը ուր Պարսկական Սավաֆիտ կայսրութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան բանակները ճակատեցան իրարու դէմ:

Պատերազմը արդարացնելու համար Սութան Սելիմ Ա.-ը Շէյխ Իւլ Իսլամէն ֆէրման մը առաւ ուր կ’ըսուէր թէ Պարսիկներու Շահը, Իսմայիլ Ա., «անհաւատ է եւ հեռետիկոս» (ճիշտ այնպէս՝ ինչպէս հիմա ԱՅՍԻՍի ծայրայեղականները կը պատրուակեն իրենց բարբարոսութիւնները բացատրելու) եւ հետեւաբար Սուլթանին պատերազմը արդար էր եւ ուրեմն կրնար յարձակիլ: Առ այդ, Շահ Իսմայիլ ամբաստանեց Սելիմ Ա.-ին որ ան «իսլամներու դէմ կը պատերազմի եւ կրօնական ու սեռային օրէնքները կը խախտէ եւ թէ միւսլիւմանի անմեղ արիւն կը թափէ»…, ուրեմն՝ օրինաւոր էր Օսմանցիներուն դէմ պատրեազմիլը:

IMG_5218 IMG_5216 IMG_5215

Օսմանցիներու Սելիմ Ա. Սութանը 60,000 բանակով եւ մօտ 200,000 պաշըպոզուքներով յարձակեցաւ Պարսկական Սավաֆիտ կայսրութեան վրայ: Պարսիկներու Շահ Իսմայիլ Ա.-ը պատրաստ չէր պատերազմի, հետեւաբար սկսաւ նահանջել: Որպէսզի Օսմանցիներու յառաջխաղացքը դադաղեցնէ, ան շրջանի գիւղերն ու քաղաքները կը կործանէ, բերքը կ’այրէ, անասունները կը փճացնէ, ջրհորները կը թունաւորէ (ո՞վ տուժեց, աշխարհի «առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը», հայերը…): Օսմանցիները այնքան մը դժուարութիւններու հանդիպեցան որ ենիջերիները պատրաստ էին ապստամբելու եւ մինչեւ անգամ Սութանին վրանին վրայ կրակեցին:

Պարսիկներու 40,000-նոց բանակը եւ 80,000-նոց ամբոխը կը խմբուին Չալտրանի դաշտին մէջ: Օսմանցիները անմիջապէս կը փութան Չալտրան եւ Օգոստոս 23-ին ճակատամարտը կը սկսի: Օսմանեան բանակը ենիջէրիներու առաջնորդութեամբ կ’անցնի յարձակողականի: Օսմանցիները կը գործածէին այն ժամանակուայ արդիական զէնքերը, մանաւանդ մեծ թնթանօթներ, որոնք աւեր կը գործէին Պարսկական ուժերուն վրայ: Տակաւին, Օսմանեան բանակը, ենիջէրիներու ղեկավարութեամբ, աւելի լաւ մարզուած եւ շատ կարգապահ էր, մինչ Պարսիկները՝ նուազ կարգապահ եւ անպատրաստ: Պարսիկներու պատերազմական «ծրագիր»ը, ռազմավարութիւնը, շատ տկար էր, ինչպէս նաեւ գործածած զէնքերը՝ քիչ մը ժամանակավրէպ: Այդ օր, Պարսիկներու հազարաւոր վիրաւորեալներու կողքին կային 5000 մեռեալներ, մինչ Օսմանցիները 2000 սպաննուածներով օրը գոցեցին: Գերի ինկան Շահին կիները (երանի Սուլթան Սելիմին…): Շահը շատ նեղուեցաւ, վշտացաւ, եւ իր տառապանքը փորձեց գինիի մէջ խեղդել (վիշտերը լաւ լողալ գիտէին…): Ան պարտուած վերադարձաւ Պարսկաստան եւ Շահ մնալով հանդերձ՝ կառավարութիւնը յանձնեց իր զաւկին:

Պատերազմը շարունակուեցաւ աւելի քան 40 տարիներ եւս: Պարսիկները շատ լաւ դիմադրեցին, բայց Օսմանցիք յաղթեցին: 1555-ին Ամասիայի դաշնագրով Արեւելեան Անատոլուն եւ Իրաքի հիւսիւս-արեւմտեան մասը, մինչեւ Թաւրիզ, մտան Օսմանցիներու տիրապետութեան տակ: Արեւմտեան Հայաստանը, մինչեւ Երեւանի մօտակայքը գրաւուեցաւ Օսմանցիներուն կողմէ: Քիւրտ ցեղախումբերը Օսմանցիներուն հաւատարմութիւն յայտնելով անցան անոնց կողմը:

Դէպի Արարատ մեր ճամբուն վրայ հանդիպեցանք Բերկրիի (այժմ Մուրտիյէ) ջրվէժներուն: Կարծէք հսկայական ժայռերուն մէջէն ջուրերը ինքնին կը ժայթքէին: Մաքուր, զուլալ ջուրեր որոնք գետի վերածուելով կ’երթային վար՝ դաշտագետիններն ու մրգաստանները ոռոգելու: Մետաղեայ հաստ պարաններով շինուած կամրջակի մը վրայէն անցանք գետին միւս կողմը, աւելի լաւ վայելելու զմայլելի տեսարանը: Երբ Բերկրիի ջրվէժներուն շառաչիւնը կը վայելէինք, յանկարծ մեր ուխտագնացներէն մէկը հարցուց որ այդ ջուրերը ուրկէ՞ կու գային եւ ջրվէժը երբ եւ ինչպէ՞ ս կազմուած է: Զինք յուսախաբ չընելու համար հետեւեալ պատմութիւնը տեղւոյն վրայ «շինեցի»: Քանի որ «Փոքր Մհերի Դուռ»ի ազդեցութիւնը տակաւին թարմ էր մեր միտքերուն մէջ, ըսի.- «Այս շրջանը ժամանակին շատ չոր էր: Առիւծ Մհերը երբ որսի ելած էր, գիւղացիները կու գան եւ կը բողոքեն իրեն որ ջուր չունին: Առիւծ Մհերն ալ իր «լախտ»ը կը հանէ եւ «կիւ՛՜մ» ուժգին հարուած մը կու տայ այդ ժայռերուն եւ ի՜նչ հրաշք, ջրվէժները կը ժայթքին:» Երբ տեսայ որ ոմանք չէին ուզէր հաւատալ, ըսի.- «Ինչպէ՛ս Մովսէս մարգարէն անանպատին մէջ գաւազանը զարնելով հրեաներուն ջուր տուաւ, անդպէս ալ Առիւծ Մհերը իր «լախտ»ը զարնելով ջուր տուաւ հայերուն:» Եթէ այս «պատմութիւն»ը հազար տարի առաջ մեր պապիկները իրենց թոռնիկներուն պատմած ըլլային, կամ Ղեւոնդ Ալիշանը գրած ըլլար, հիմա «Հայոց Պատմութեան» գիրքերուն մէջ գրուած կ’ըլլար…: Ուխտագնացներէն ոմանք հաւատացին եւ սկսան իրարու պատմել…:

Ռամատան ըլլալուն, Բերկրիի ջրվէժներուն դիմացի ճաշարան-սրճարանին մէջ ուտելիք չէին ծախեր: Ստիպուած եղանք գոհանալ «չիփս»երով, պիստակեղէնով եւ զովացուցիչներով:

Ճամբուն վրայ այցելեցինք Իշհաք (Իսահակ) Փաշային պալատը:

Իշհաք Փաշայի ամրոց-պալատը Տողու-պայազիտէն հինգ մղոն դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր, բարձր բլուրի մը վրայ, շրջանի դաշտագետիններուն իշխող դիրքին մէջ: Հանդիպակաց բլուրին վրայ կային պարսպապատ կառոյցներ, հաւանաբար բերդի մը մնացորդացը, մզկիթ մը եւ կենդանիներու ախոռներ: Այս բերդանման պալատը սկսած էր կառուցուիլ 1685-ին, Չոլաք Ապտի Փաշային կողմէ եւ աւարտած էր 1784-ին, իր թոռան՝ Իշհաքի կողմէ, որ քիւրտ ցեղապետ մըն էր: Այս հսկայ կառոյցին մէջ նշմարելի է Հայկական, Օսմանեան, Պարսկական, Վրացական եւ Սելճուքեան ճարտարապետութեան ազդեցութիւնները: Կամարապատ, նախշապատ հսկայ դռնէ մը ներս մտանք: Շատ մեծ բակի մը, գաւիթի մը շուրջ շինուած 366 սենեակներուն մէջն էին հարեմի 14 սենեակները իրենց յարակից «սէլամլիք»ներով…: Սրահները, ժողովատեղիները, հիւրասենեակները, զարդաքանդակներով հարուստ պատուհաններով, շատ գեղեցիկ էին: Փոքր բայց շատ ճաշակաւոր մզկիթ մը ինքզինք կը ցուցադրէր: 19-րդ դարուն, այս պալատը քանի մը անգամ փոխն ի փոխ անցած էր Ռուսերու եւ Օսմանցիներու տիրապետութեան տակ որոնք աւելի աւերած էին զայն քան պահպանած: Իշհաք Փաշայի ամրոցին վայրը Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակ շատ կարեւոր արեւտրական կեդրոն մըն էր, ուր Պարսկաստանէն, Հնդկաստանէն եւ ծայրագոյն արեւելքէն, ինչպէս նաեւ արեւմուտքէն կարաւաններ իրենց ապրանքները կը փոխադրէին կամ կը ծախէին: Վաճառականական կեդրոն մըն էր ան: Անոր համար շատ հարուստ եւ ճոխ շինութիւն մըն էր այդ: Ըստ մեր ուղեկցորդին, պալատի շինութեան ժամանակ, բազմաթիւ հայ արհեստաւորներ աշխատած են հոս եւ անոր համար ալ զարդաքանդակներու մէջ հայկական ոճով շինուածքները իշխող էին: Մարդը ըսաւ նաեւ որ բազմաթիւ հայ արհեստաւորներ եւ քանդակագործներ իրենց անուններուն սկզբնատառերը փորագրած կամ քանդակած են զարդաքանդակներու ետեւները, գաղտնի տեղերու մէջ, որոնք յետագային յայտնագործուած են:

1880-ական թուականներուն Պայազիտի (այժմ Տողու-պայազիտ) մէջ կ’ապրէին շուրջ 1000 հայ ընտանիք: Արեւտրական կեդրոն մը եղած էր ան ուր արեւելքէն եկող վաճառականներն ու Սեւ Ծովի եւ Եւրոպայի արեւտրականները իրարու կը հանդիպէին : Ամառները փոշոտ իսկ ձմեռները ցեխոտ այս քաղաքին մէջ կարծես հիմա հայ չէ մնացած: քաղաքէն դուրս ժայռոտ լեռներ եւ տափաստաններ են ուր ցորենի դաշտերէն վեր՝ արօտավայրերը կը սկսին: Մեր ուղեկցորդը քանի մը տեղեր լեռնալանջերուն վրայ ցոյց տուաւ վրաններու փոքր խումբեր եւ ըսաւ որ անոնք թափառաշրջիկ քիւրտեր կամ «ճիփսի»ներ են որոնք անասնաբուծութեամբ կը զբաղին եւ ոմանք ալ մօտակայ քաղաքներուն մէջ բեռնակիրներ կամ պարզ արհեստաւորներ են:

Հեռուէն տեսանք Արարատը: Մշուշներուն մէջէն աղօտ կ’երեւար ան, քիչ մը ամչնալով կարծես: Մինչ մեր պասը կը սուրար, սկսանք անդադար լուսանկարել, հակառակ որ միայն մշուշն էր որ կը պատկերացուէր մեր լուսանկարչական գործիքներուն կամ «այ-ֆոն»ներուն վրայ:

Որու՞ հոգը, Արարատի մշուշն անգամ սուրբ էր մեզի համար…:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031