«Գանձասար» պարբերականը երեկ տեղեկացրել է. «Գամիշլիի մեր թղթակից Յակոբ Սրկ. Պարսումեան տեղեկացուց, թէ երէկ տեղի ունեցած պայթիւնին զոհուած է նաեւ հայ մը՝ Անթուան Իւսէֆ Մատոյեան ( 1957- ի ծնունդ)։
Այսօր, Գամիշլիի սուրիանիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յետմիջօրէի ժամը 1:00- ին տեղի ունեցաւ Գամիշլիի մէջ երէկուայ պայթիւնին զոհուած նահատակներուն միջ-եկեղեցական մասնակցութեամբ յուղարկաւորութիւնը, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ հայ առաքելական համայնքը։ Յուղարկաւորութեան քրիստոնեայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողքին, մասնակցութիւն բերին պետական պատասխանատուները, կուսակցապետը, աշիրաթապետներն ու Գամիշլիի նահանգապետը։
Նահանգապետը Սուրիական Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին ցաւակցութիւնները փոխանցեց նահատակներու ընտանիքներուն եւ ամբողջ Գամիշլիի ժողովուրդին։
Վաղը տեղի պիտի ունենայ նահատակ գամիշլիցիներու հոգեհանգստեան պաշտօնը։ Գամիշլիի ժողովուրդը խոր կսկիծով հրաժեշտ տուաւ իր նահատակ զաւակներուն»: