Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հոգեւորականն ու զինվորը դարձան մեկ բանակ

Ապրիլ 30,2016 16:00

Վերջին իրադարձություններն աշխարհի տարբեր ծայրերից կապի ամենատարբեր միջոցներով հասցեագրվում են նաեւ «Առավոտին»: Առանց լրագրողական միջամտության ներկայացնում ենք գրող, հասարակական գործիչ Անուշ Նագգաշյանի (լուսանկարում) արձագանքը, ով արտասահմանում գտնվող կարեւորագույն հոգեւոր կենտրոններից մեկի՝ Երուսաղեմի ճանաչված արվեստագետներից մեկն է: Ի դեպ, Երուսաղեմը ամենատարբեր կրոնների, առանձնապես քրիստոնեական հավատքի ներկայացուցիչների կենտրոնատեղին է:

Գարուն է նորէն… Եւ Ապրիլ ամիսը մահ բուրեց նորէն…

100 տարին հազիւ անցած՝ թշնամին ուզեց վեղրանորոգել սատանային հետ իր համաձայնութիւնը, կարծելով, թէ այս անգամ պիտի հասնի իր նպատակին…
Սակայն մեր անձնուէր երիտասարդութիւնը նոր գարուն բերաւ մեր հայրենիքին, որուն ծաղիկները երիտասարդ արիւնով ծաղկեցան… Այս այն նոյն գարունն էր, որ 15 դարեր առաջ ծաղկած էր մեր հայրենիքին մէջ եւ վարդաններու արիւնը անգամ մը եւս հոսեցաւ մեր հերոսներուն երակներուն մէջէն եւ անգամ մը եւս շաղախուելով հողին աւելի սրբացուց հայրենի հողը…

Դպրոցական էի։ Հայ Գրականութիւնն ու Հայոց Պատմութիւնը երբեք չեն զիջած իրենց տեղը ուրիշ որեւէ առարկայի։ Այդ դասագիրքերս միշտ գրասեղանիս վրայ էին, նոյնիսկ դպրոցը եւ համալսարանը աւարտելէս ետք… Անոնց մէջ առաջին անգամ ծանօթացած էի մեր գրականութեան հսկաներուն, մեր թագաւորներուն, ճակատամարտերուն եւ անշուշտ՝ թշնամիներուն եւ կեղծ բարեկամներուն։

Երկա՜ր կը նայէի նկարներուն, ես ինծի վերլուծումներ կ՛ընէի, սակայն կարեւորագոյն կարծիքը ինծի համար կը մնար Հայոց Պատմութեան ուսուցիչ հօրս։
Իւրաքանչիւր ամիս ունէր իր հեղինակն ու յաղթանակը եւ այդ նկարները իրարու կը փոխարինէին գրասեղանիս վրայ…

Մարտ ամիսն էր, Վարդան կանգնած էր իր կարմիր թիկնոցով խումբին առջեւ, կողքին Ղեւոնդ Երէց սպիտակ մազերով ու մօրուքով խաչ ի ձեռին, իսկ ես կը կրկնէի Վահան Թէքէեանի «Վարդանանք»էն. «Եւ Վարդանը քաջ կ՛երթայ մի՛շտ առաջ»։
Հայրս սենեակ մտաւ, մատը դրաւ նկարին վրայ եւ ըսաւ. «Վարդաններ երբեք ետ չեն երթար, միայն առաջ… Վարդան ֆիզիքական ուժն է, Ղեւոնդ Երէց՝ հոգեւոր, երբ այս երկուքը կը միանան՝ ոչինչ կրնայ կոտրել մեզ»։
Հօրս այդ խօսքը մեծագոյն դասերէս մէկն էր Հայոց Պատմութեան… Այո՛, երբ սիրտը դադրի աշխատելէ՝ մարմինը կը մեռնի, իսկ ինչ կ՛ըլլայ հոգին առանց հաւատքի, ան ալ այդպէս կը մեռնի…

… Եւ արթնցաւ հայու ոգին, մեր հաւատքով մենք դարձեալ «Շարժեցինք լեռներ», անկախութիւն ունեցանք, դարձեալ մեր նահատակներուն արիւնով գրուեցան էջեր, պատմութիւն կերտուեցաւ։ Խաղաղ կարծուած ժամանակներուն անգամ երիտասարդներու արիւն թափուեցաւ։

Քառորդ դար գլորեցինք, ներքուստ մի՛շտ չհաւատալով թշնամիին, հաւատալով՝ բարիին, երբ թշնամին իր նենգութեամբ, խարդախութեամբ անգամ մը եւս փորձեց անցնիլ մեր սահմանները՝ հայու անպարտ հոգին մէկ բռունցք դարձած հրեց թշնամին անոր տալով իրեն հասնելիք արժանի բաժինը…

70 տարիներ կոմունիզմ տեսած ու ապրած մեր երկիրը, որուն ընթացքին կաթողիկոս խեղդեցին, հոգեւորականներ հալածեցին, եկեղեցիներ փակեցին, սակայն ամէն Կիրակի Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Էջմիածինի Մայր Տաճարին մէջ, խունկ բարձրացաւ, յիշուեցան մեր սուրբերը, նահատակներն ու հերոսները, չմոռցուեցան մեր աւանդութիւնները եւ անցեալ միայն 25 տարիներուն, որոնցմէ 17 տարիներու Գահակալն է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, պատրաստուեցան զարգացած եւ գիտակից հոգեւոր սերունդներ, որոնք իրենց հոգեւոր ծառայութեան կողքին հասկցան, որ պէտք եղած ժամանակ ոչ միայն հոգեւոր բանակ են, այլեւ հայ զինուորին կողքին խաչին հետ նաեւ զէնք բարձրացնող մարտիկներ։

Նոր նկարներ տեղ գտան դիմատետրին մէջ… Արիւնով գրուած եւ խաչով օրհնուած մեր պատմութիւնը նոր յաղթանակներ արձանագրեց եւ անշուշտ երեւցան նոր նահատակներու նկարներն ու սխրագործութիւնները… «ՑԱՒԱԿՑՈՒՄ ԵՆՔ ՈՒ ՀՊԱՐՏԱՆՈՒՄ» կարդացինք իւրաքանչիւր նահատակի նկարին վերեւ, իւրաքանչիւրին ծնողքին, կնոջ, զաւակներուն հետ լացինք ու հպարտացանք, ցաւեցաւ մեր սիրտը, մղկտաց մեր հոգին, եւ վիշտի մէջ մտածեցինք նաեւ որո՞ւն էր պէտք այս բոլորը, մենք խաղաղութիւն սիրող ժողովուրդ ենք եւ այնքան ընելիք ու տալիք ունինք, ձգեցէք մեզի մեր խաղաղութեան մէջ։ Ճիշդ այդ օրերուն մեր մարզիկները յաղթանակած, մետալներ բերին հայրենիքին… Ոչ կը հասնինք մեր վիշտը լալու, ոչ կը հասնինք մեր ուրախութիւնը ապրելու…
Այս բոլորին կողքին ես շատ տպաւորուած եմ այն նկարով, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ. Ներսիսեանը կ՛օրհնէ Երկրիս Նախագահ՝ Տիար Սէրժ Սարգիսեանին, որ խոնարհած է խաչին առջեւ։ Սիրելի հայորդիներ եւ հայուհիներ, այսպիսի օրերուն գոնէ, երբ տակաւին զոհեր կու տանք այն սողացող թշնամիին, որ ուրիշ պետութիւններու կ՛աղաչէր դադրեցնել տալու պատերազմը, բայց ինք դեռ կը խլէ մեր երիտասարդներուն կեանքերը, այս օրերուն մի՛ լեցնէք ձեր էջերը բացասական ալիքներով, բամբասանքներով, անձնական հաշիւներ մաքրելով, բաց նամակներով, այդ բոլորը կ՛ազդեն ընդհանուր տրամադրութեան վրայ, այդ բոլորը կը շեղեն մեզի մեր սուրբ նպատակէն։ Միայն քանի մը օր մենք լեցուեցանք միասնութեան վեհ գաղափարով եւ հասկցող չհասկցող սկսանք քննադատութիւններու… Երիտասարդներու՝ մեր զաւակներուն արիւնն է, որ կը թափուի։ Այժմ մէկ նպատակ ունինք, ամէն ձեւով օգնել ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ, անոնք եւս տեղեակ են իւրաքանչիւր բառի, որ կ՛արձագանգուի… Մեր անձնուէր զինուորները պիտի վստահութեամբ լեցուին, որ իրենց թիկունքին է ամբողջ Հայաստանն ու Սփիւռքը… Ճիշդ այն վստահութեամբ, որ մենք ունինք իրենց բազուկներուն վրայ… Աստուծմէ իրենց պարգեւուած կեանքն է, որ դրած են սահմանին վրայ, թող Բարձրեալին օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ…

Արցունք եւ ժպիտ խառնուեցան նորէն, հող եւ արիւն դարձեալ շաղախուեցան, հոգեւորական եւ զինուոր դարձան մէկ բանակ, երկիրը՝ մէկ բռունցք։
Մենք հոգիի ժողովուրդ ենք, բարձր պահենք այն…Կը խոնարհիմ ազգիս ու եկեղեցիիս առջեւ, հայու անպարտ հոգիին առջեւ, նահատակներուս առջեւ…։ Եւ ինչպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն. Ս. Օ. Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ներսիսեանը իր պատգամը կ՛աւարտէ. «Թող Աստուած զօրակից ու պահապան լինի խաղաղութեան պաշտպան Հայոց Բանակին»։

 
Պատրաստեց
ՍԱՄՎԵԼ ԴԱՆԻԵԼՅԱՆԸ

«Առավոտ» օրաթերթ
29.04.2016

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930