Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Անիմաստ է անգարայի հնամաշ յանկերգը թէ ոչինչ պատահած է 1915-ին. Ճեմ Օզտեմիր

Հունվար 24,2017 11:50

Յունուար 21-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ կայացաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը, որ կազմակերպուած էր Քեպէգի հայ կազմակերպութիւններու միացեալ մարմինին կողմէ։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթը։

Օրուան պատգամաբերն էր Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ, Գերմանիոյ Կանաչներ կուսակցութեան համանախագահ եւ 2016-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը մղիչ ուժը հանդիսացող՝ Ճեմ Օզտեմիր։ Հանդիսութեան ներկայ էին ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Ֆայսալ Խուրի եւ Ալեքսանտր Պուլրիս, Գերմանիոյ դեսպանատան պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքական հիւրեր եւ հարիւրաւոր հայրենակիցներ։

Հանդիսավար Սօսէ Պէօճէքեանի բացման խոսքէն ետք Զօրեան հիմնարկին կողմէ ելոյթ ունեցաւ Մէկըն Ռիտ եւ խօսեցաւ Հրանդ Տինքի թողած աւանդին մասին։ Ապա, Իսլամացած հայերու հարցերը ուսումնասիրող Րաֆֆի Պետրոսեան ներկայացուց Հրանդ Տինք լրագրողը, խմբագիրը, համայնքի առաջնորդը, ընտանիքի հայրը եւ արդարութեան ջատագովը։ Պետրոսեան շեշտեց, որ «Ակօս»ի միջոցով Հրանդ ստեղծեց ճխմարտութեան հետեւորդներու փաղանգ մը, որոնց մէջ կային թուրքեր եւ քիւրտեր։ Հաւաքին տեսերիզով իր ուղերձը փոխանցեց Հրանդի կողակից Ռաքել Տինքը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմ Օզտեմիրին Հրանդի դատին աջակցելուն համար։

Օրուան պատգամաբեր Ճեմ Օզտեմիր իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հրանդ Տինք Թուրքիոյ մէջ արդարամտութեան հետամուտ անվախ առաջնորդ մըն էր, անհատի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներուն համար պայքարող առաջամարտիկ մը։ ««Ակօս»ի միջոցով Հրանդ թուրք հասարակութեան ծանօթացուց հայ ժողովուրդի մշակոյթը, աւանդութիւններն ու պատմութիւնը», յայտնեց Օզտեմիր։

Օզտեմիր հետադարձ ակնարկով մը թուարկեց Գերմանիոյ խորհրդարնին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախորդող 10 տարիներու ընթացքին իր կուսակցութեան կողմէ նախաձեռնուած նախապատրաստական աշխատանքները եւ քուլիսներու ետին կայացած քաղաքական հանդիպումները։ Անդրադարձաւ նաեւ ակադեմական գետնի վրայ կատարուած աշխատանքներուն մասին, որոնց մէջ իր գործօն եւ անժխտելի դերակատարութիւնը ունեցաւ գերմանացի պատմաբան Վուլֆկանկ Կուսթ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գերմաներէն իր հրապարակումներով ճշմարտութեան իրազեկ դարձուց գերմանացի հասարակութիւնը։ Պատմաբան Կուսթ առաջին գերմանացի պատմաբանն է, որ յստակօրէն կը բացայայտէ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին գծով։

Օզտեմիր նշեց նաեւ, որ Հրանդ Տինքի իղձն ու փափաքն էր, որ Անգարայի կողմէ Հայոց Զեղասպանութեան ճանաչումէն ետք սկիզբ առնէ հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացը։ Ան նշեց, որ խորհրդարանի բանաձեւին մէջ յստակօրէն նշուած է հաշտութեան մասին պարբերութիւնը եւ ըսաւ, թէ հաշտութեան քայլը նախընթացը պիտի հանդիսանայ հայ-թրքական սահմանի վերաբացման, սակայն այդ բոլորը կրնան պատահիլ միայն ճանաչումէն ետք։

Ճեմ Էօզտեմիր հաստատեց չեքէզական իր ցեղային արմատներ ունենալու իրողութիւնը եւ խստօրէն քննադատեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը, յայտնելով, որ Էրտողանի Թուրքիան ժամանակակից բռնապետութեան մը վերածուած է: «Այլեւս Անիմաստ է Անգարայի հնամաշ դարձած յանկերգը, թէ ոչինչ պատահած է 1915-ին», ըսաւ պատգամաբերը։

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան հաստատելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ուղեգիծի գլխաւոր բաղադրիչն է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ ՀՀ անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմ Օզտեմիրին անոր շնորհելով յատուկ գնահատագիր մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գծով իր ներդրումին համար։

Նշենք, որ Յունուար 22-ին Օզտեմիր ելոյթ ունեցաւ նաեւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ, ուր ներկա՝ էին հարիւիրաւոր թորոնթոհայեր, ինչպէս նաեւ Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Քաթլին Ուին եւ Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Առնոլտ Չան եւ Պոպ Սորայա։

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Ամենաընթերցված

Օրացույց
Հունվար 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031