Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ակնարկ. Միջազգային գնահատականներ սպասելու պահը. «Ազդակ»-ի խմբագրական (Տեսանյութ)

Փետրվար 28,2017 13:40

Արցախի նորացուած սահմանադրութեան յատկացուած հանրաքուէի գրեթէ անթերի անցնիլը եւ մանաւանդ միջազգային դէտերու այդ ուղղութեամբ տուած գնահատականը բնական է, որ պիտի անհանգստացնէին Պաքուի պետական շրջանակները: Այդ օրերուն անհրաժեշտ էր հակակշիռ քայլ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղեցնելու եւ միջազգային քաղաքական իրաւաչափութիւններուն ընդառաջ տնօրինում կատարելու: Ատրպէյճանի փոխնախագահութիւնը կինով օժտելու մօտեցումը կարելի էր նկատել այդ իրաւաչափութիւններուն համահունչ որոշում, եթէ…

Միջազգային կարծիք շեղեցնելու Պաքուի մարտավարութիւնը կու տար հակառակ ազդեցութեան արդիւնք: Ալիեւի կնոջ փոխնախագահի պաշտօնին տիրացումը փաստօրէն տրամագծօրէն հակառակ ուղղութեամբ հակաօրինաչափ էր: Ընտանեկան իշխանութեան ամրագրման նոր քայլ էր, որ կ՛առնէր Պաքուի ղեկավարը: Որոշումը կը մեկնաբանուէր նաեւ ընտանեկան իշխանութեան ապահովագրումով: Բնականաբար, տարբեր պատճառներով նախագահի գործունէութեան ֆորս մաժորային պատճառներով առկախումին պիտի հետեւէր փոխնախագահին նախագահական լիազօրութիւններու ստանձնումը: Ալիեւէն տիկին Ալիեւ իրաւասութիւններու փոխանցման երաշխաւորումն էր որոշումին տուն տուող հիմնական շարժառիթը:

Միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ լրատուութեան հետեւեցաւ քննադատական մեկնաբանութիւնը: Նոյնիսկ աւագ եղբօր կապուած լրատուամիջոցները չթաքցուցին իրենց հեգնանքը կատարուածին նկատմամբ: Քարոզչաքաղաքական գործողութիւնը` Արցախի սահմանադրութեան հանրաքուէէն միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը շեղելու, վիժած էր համակողմանիօրէն:

Ռազմական գետնի վրայ հայկական համապատասխան գերատեսչութիւններու հաղորդագրութիւնները կը խօսէին Ատրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած ներթափանցման գործողութեան ամբողջական ձախողման մասին: Հայկական կողմի տեսադիտարկման սարքերուն նկատած շարժումները արագօրէն չէզոքացուած էին` փրկելով հայկական կողմը զոհեր տալու վտանգէն: Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեսանիւթերուն մէջ պարզօրէն կ՛երեւէր նախ «Տրոպա» ականազերծող համակարգի արձակումը: Երկրորդին մէջ կարելի էր տեսնել անոր արձակումէն ետք յառաջացած փոշին, ինչպէս նաեւ հայկական կողմի պատասխան կրակը: Երրորդ տեսանիւթին մէջ` ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու փախուստը` հայկական կողմի կրակին տակ: Տեսանիւթերը կը վերաբերէին Ակնայի (Աղտամի) ուղղութեամբ իրականացուած գործողութիւններուն:

Վերջաւորութեան պարզ կ՛երեւէին Մարտունիի հատուածին մէջ ձգուած դիակները:
Ատրպէյճանական զինեալ ուժերը ո՛չ միայն փորձ չկատարեցին իրենց սպաներուն եւ զինուորներուն դիերը վերադարձնելու, այլեւ ազրպէյճանական դիակներ ներառած չէզոք գօտին շարունակեցին կրակի տակ պահել: Փաստօրէն, ռազմագերիի գոյութիւնը ուրանալով, թէ սպաննուած զինուորներու դիակներուն ուղղութեամբ կրակելով Պաքուն կը ներկայացնէր ազրպէյճանական իւրայատուկ դրսեւորումները` սեփական զինուոր հասկացողութեան նկատմամբ:

Բնականաբար ներթափանցման իր գործողութիւններուն մասին Պաքուն կը հրապարակէր ապալրատուութիւն` ըսելու համար, որ Թալիշի ուղղութեամբ հայկական զինեալ ուժերը իրականացուցած են յարձակումներ, որոնք զսպուած են ատրպէյճանական կողմէն:
Միջազգային կառոյցները, որոնք այս օրերուն դարձեալ կը հետեւին Սումկայիթի եղեռնագործութեան թէ Խոջալուի ինքնակոտորածի դէպքերուն ազրպէյճանական նենգափոխումներուն, առարկայական գնահատական չեն տար: Առարկայական գնահատական ակնկալելն ալ քաղաքականօրէն իրատեսական պիտի չըլլար:
Երբ միջազգային ընտանիքը կամ զայն բաղկացնող որեւէ գերտէրութիւն խնդիր ունենայ Պաքուին հետ, այն ատեն ականատես կ՛ըլլանք միջազգային կառոյցներու կողմէ Սումկայիթի ճիշդ գնահատականին, Թալիշի մէջ գործադրուած ռազմական յանցագործութիւններուն հետաքննութիւնը պահանջող որոշումներուն եւ ընդհանրապէս ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան վերջ տալու յայտարարութիւններուն: Հայկական կողմը մինչ այդ պիտի զսպէ Պաքուի բոլոր ռազմական ոտնձգութիւններն ու համապատասխան իրաւական փաստահաւաքը շարունակէ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութեան:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728