Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մեր անժամանցելի պարտաւորութիւնը. «Ասպարեզ»

Հունիս 27,2017 10:55

Հայաստանի անկախ պետականութեան հոյակերտման մեծ հաիւրամեակի սեմին, քաղաքամայր Երեւանի իշխանութիւնները յայտարարած են նախագծային մրցոյթ Արամ Մանուկեանի յուշարձանը կանգնելու օրինակելի առաջադրութեամբ: Մեծ ոստիւն մըն է ասիկա մեր պետականութեան հարազատ արմատներուն վերադառնալու եւ պատմական ճշմարտութիւնը սերունդներու յիշողութեան մէջ ամրագրելու իր էական մտատեսիլով: Կը շնորհաւորենք քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու բոլոր անոնք, որոնք կրցան այս նախաձեռնութիւնը իրականութեան վերածել յաղթահարելով խորհրդային ժամանակներէն ժառանգուած քաղաքական եւ հոգեբանական յայտնի խոչընդոտները:

Քաղաքապետութեան վերոյիշեալ յայտարարութենէն կ՛իմանանք նաեւ, որ Արամի յուշարձանը պիտի տեղադրուի Հանրապետութեան Հրապարակի անմիջական մերձաւորութեան մէջ գտնուող Նալբանդեան եւ Արամ փողոցներու խաչմերուկին վրայ: Պարագա՛յ մը՝ որ ինքնին կը յարուցէ հարցեր, զորս անպայման պէտք է բարձրաձայնել: Ի՞նչ նպատակով, այսքան տարի ետք, քաղաքապետութիւնը ընտրած է քովընտի այդ վայրը հայոց անկախ պետականութեան հիմնադիր հօր յուշարձանը տեղադրելու համար: Ինչո՞ւ ոչ՝ նոյնինքն Հանրապետութեան Հրապարակի՛ն վրայ, ուր անցեալին իր տիրական հասակով կանգնած էր խորհրդային կայսրութեան հիմնադրին՝ Լենինի արձանը: Զայն զետեղողները ի՞նչ գիտէին մեր կեդրոնական հրապարակին մասին, որ մենք այսօր իսկ դեռ կը դժուարանանք յստակօրէն ընբռնելու:


Սրտանց ողջունելով հանդերձ քաղաքապետութեան այս նախաձեռնութիւնը, կ՛ուզենք անմիջապէս աւելցնել, որ մենք իրաւունք չունինք առայժմ դեռ տօնելու այս կարեւոր իրագործման փաստը նկատի առնելով այն մեծ ու անաւարտ գործը, որ դեռ կը սպասէ հայ հանրութեան հետեւողական եւ աչալուրջ միջամտութեան:
Պէտք է անկեղծօրէն արձանագրենք, որ քաղաքապետարանի յայտարարութիւնը ինքնաբերաբար ծնունդ կու տայ շարք մը հարցադրումներու եւ մտորումներու:
Պէ՞տք է յիշեցնել, որ մենք գործ ունինք հայ անկախ պետականութեան դարբինը հանդիսացող Արամի բարոյական հսկայ անձնաւորութեան հետ, որուն գործը բաղդատելիութեան եզրեր չունի հանրապետութեան բոլոր ժամանակներու մարդերու եւ հանգամանքներու տարողութեանց հետ:

Ան վեր է բոլոր չափանիշներէն: Ան մեր տեսակի չափանիշն իսկ է, որ կոփուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դարբնոցին մէջ հայը իր գոյութեան ճահիճէն դուրս բերելու վեհագոյն առաջադրութեամբ: Մենք գործ ունինք Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան առաջնորդին, այդ յախուռն ապստամբութենէն ծնած հայ պետականութեան առաջին կորիզը ստեղծողին, զայն ղեկավարողին, ռուսական բանակներու անմիտ նահանջով պայմանաւորուած համաժողովրդական գաղթի անվտանգութիւնը ապահովողին, իր բախտին լքուած արեւելահայութեան ճակատագիրը իր ձեռքերուն մէջ առնողին, զայն քաջօրէն տնօրինողին, Երեւանի ամբողջ ժողովուրդին կողմէ անվիճելիօրէն հռչակուած փրկարար «դիկտատոր»ին, թուրք ջարդարար բանակի յառաջխաղացքին դիմաց «վհատ մարդկանցից» հզօր բանակ դարբնողին եւ Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի բախտորոշ ճակատամարտերը կարելի դարձնող մեծ առաքեալին հետ: Մենք գործ ունինք մեր կոտորակուած ինքնութեան բեկորները ի մի բերողին, մեր մետաղը ձուլողին, մեզ ամբողջացնողի՛ն հետ: Արդեօ՞ք մեր պետութեան հիմնարկային յիշողութիւնը (institutional memory) այնքան տարտամ է այսօր, որ մենք դադրած ենք այլեւս Արամը իր լիարժէք իրողութեանը մէջ ճանչնալէ:
Թող ներուի ինծի ըսել, որ մեծ անհամաչափութեան մը վկան ենք ազգովին: Փաստօրէն տեղ մը հարցը դուրս եկած է իր բնական եւ իսկական չափերէն: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այն ակնբախ անհաւասարութիւնը, որ կայ հայոց պատմութեան ԱՐԱՄ երեւոյթին եւ քաղաքապետական այս ժուժկալ – թէկուզ նախանձախնդի՛ր – յայտարարութեան միջեւ:

 

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930