Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Առաջարկ մը սփիւռքի նախարարութեան, որ այլեւս մեծաթիւ մասնակցիներով ցուցադրական համագումարներու ժամանակաշրջանը աւարտած յայտարարէ. «Ասպարեզ»

Սեպտեմբեր 30,2017 10:16

Ասպարեզ.Հակառակ վերապահութիւններու, հակառակ յուսախաբութիւններու, յաջորդ հերթական Համահայկական համագումարին հրաւիրուելու պարագային՝ մասնակցիլը ճիշդ կը գտնեմ՝ քանի մը պատճառներով.

Նախ, իբրեւ լրագրող պարտաւորութիւն ու պատասխանատուութիւն ունինք մեր վկայութիւնը, մեր տպաւորութիւնները փոխանցելու, թէեւ ենթակայական, սակայն ընթերցողին սպասած գնահատումները հիմնաւորուա՛ծ ներկայացնելու: Օրինակ, պէտք էր ներկայ ըլլալ նոյն ինքն դահլիճի՛ մէջ եւ ոչ թէ հեռատեսիլէն կամ ընկերային ցանցերէն հետեւիլ Արամ Ա. վեհափառի ելոյթին: Ըստ իմ ունեցած տեղեկութեան՝ վեհափառին վերապահուած էր միայն օրհնել համագումարն ու մասնակիցները եւ յաջողութեան մաղթանքներով բաւարարուիլ, սակայն պէտք էր ակնկալել, որ Արամ վեհափառին դժուա՛ր կարելի է խօսքի որեւէ սահմանափակում պարտադրել, ու… պէ՛տք էր տեսնէիք նախագահէն սկսեալ մինչեւ առաջին քանի մը շարքերու պաշտօնեաներու հակազդեցութիւնը, շփոթն ու տհաճ արտայայտութիւնները, մինչ դահլիճը ջերմ ծափահարութիւններով կ՛արտայայտէր իր համաձայնութիւնը։

Երկրորդ եւ ամէնէն տարածուած ու վկայակոչուած արդարացումը, կամ՝ հիմնաւորումը, լայն ծանօթութիւններ ստեղծելու կամ արդէն իսկ ծանօթներու հետ աւելի լուրջ հաղորդակցելու հնարաւորութիւնն է, որ չ՛արժեր փախցնել:

Երրորդ, քննադատելու եւ կառուցողական առաջարկներ ընելու ինքնավստահութիւնը միա՛յն մասնակցելով կարելի է ապահովել: Օրինակ, խնդրանք մը, առաջարկ մը սփիւռքի նախարարութեան, որ՝ այլեւս մեծաթիւ մասնակցիներով ցուցադրական համագումարներու ժամանակաշրջանը աւարտած յայտարարէ եւ շօշափելի, յստակ նպատակներով գործնական հաւաքներ կազմակերպելու սկսի: Կամ՝ զուգահեռաբար երկո՛ւքն ալ ընէ, եթէ կը հաւատայ, որ մեծ թիւը կարեւոր նշանակութիւն եւ օգտակարութիւն ունի, հաւանաբար՝ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու տեսակէտէն, թէեւ հրաւիրեալներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը Հայաստան յաճախակի այցելողներ են եւ ո՛չ մէկ հրաւէրի կը սպասեն:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930