Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութիւնը արգելք հանդիսացած է Նիսի նախկին հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աբեղայ Խաչատրեանի իր բնակարանը՝ եկեղեցւոյ հովւատունը մտնելուն

Մարտ 10,2018 18:43

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս Նիսի տագնապը կը շարունակուի նորանոր դրսեւորումներով։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը վերջին թիւին մէջ արձագանգ հանդիսացած է Նիսի վերաբերեալ նոր խնդիրներու։ 

Հակառակ անոր որ Ֆրանսայի Առաքելական թեմին կողմէ հաշտութեան գործընթաց մը յայտարարուած է ընդառաջելով Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութեան կոչին, որ անցեալ տարի ցանկութիւն յայտնած էր վերամիանալու թեմական կառոյցին, այսուհանդերձ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութիւնը արգելք հանդիսացած է թեմի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ, Նիսի նախկին հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աբեղայ Խաչատրեանի իր բնակարանը՝ եկեղեցւոյ հովւատունը մտնելուն, առանց նախապէս զինք զգուշացնելու կըղպանքը փոխած ըլլալով. հանած են նաեւ նամակատուփը։

Այս բոլորը Մարտ 7-ին յայտնաբերած է Տ. Գրիգոր եւ անմիջապէս դիմած է դատարան՝ առաջնահերթ դատական հետապնդումի (référé) համար, որպէսզի վերահաստատուի իր բը-նակարանը ազատ մուտք ունենալու իրաւունքը։

Երկու անգամ՝ 2012-ին եւ 2015-ին Նիսի դատարանի մեծ ատեանը վճիռ արձակած էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութեան դէմ, մերժելով հովուատունէն տեղւոյն հոգեւոր հովիւը վտարելու անոր դիմումը։

Մարտ 7-ին, ժամը 20-ի շուրջ Նիսի շրջանէն բազմաթիւ հայրենակիցներ հաւաքուած են Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առջեւ, առաջնորդական փոխանորդին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար։

Անհասկնալի են Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութիւնները. հակառակ ցարդ կատարուած կոչերուն, յայտարարութիւններուն, հաշտութեան համար անոր արտակարգ ընդհանուր ժողովին կողմէ Ֆրանսայի թեմական կառոյցին վերամիանալու որոշումին, ան դարձեալ կը դրժէ ինքզինք եւ կ՚ուզէ վտարել առաջնորդական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Խաչատրեանը իր բնակարանէն։

Տ. Գրիգոր Խաչատրեանի կարծիքով՝ եղածը պարզապէս չարութիւն մըն է, որ նախապէս տարուած աշխատանքները ձախողեցնելու նպատակ կը հետապնդէ։ Անցեալ Զատկուան ալ հակասելով ինքն իրեն, Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութիւնը փիլոնազուրկ հոգեւորական՝ Մոսկուայի նախկին առաջնորդը հրաւիրեց պատարագելու։ Ըստ երեւոյթին՝ վարչութիւնը պառակտուած է. կան միացումին կողմնակիցներ եւ կան անոնք, որոնք կը ցանկան թեմէն բոլորովին անկախ մնալ։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031