Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Նազարեթ Բերբերյան. Ո՛չ, կամովին չհրաժարեցաւ իր այդքա՜ն փայփայած Հայաստանի թիւ մէկ ղեկավարի պաշտօնէն. «Ասպարեզ»

Ապրիլ 24,2018 09:55

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ իր ընտրութենէն շաբաթ մը չանցած՝ Սերժ Սարգսեան ստիպուեցաւ պաշտօնապէս հրաժարական տալու երկրի իշխանութեան գերագոյն ղեկավարի իր պաշտօնէն։

Վերջապէս հրաժարեցա՜ւ…

Ո՛չ, կամովին չհրաժարեցաւ իր այդքա՜ն փայփայած Հայաստանի թիւ մէկ ղեկավարի պաշտօնէն, որուն պահպանման համար պատրաստ էր եւ ընդունակ ամէն կարգի մաքիաւելական խաղքի ու սադրանքի, որուն նորօրեայ եւ նորընծայ ախոյեաններէն մէկն է իրաւամբ։

Եթէ կարենար այս անգամ ալ հակակշռի տակ առնել ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդութեան բողոքի շարժումը՝ «Մերժիր Սերժին» նախաձեռնութիւնը, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահը ոչ մէկ պարագայի տրամադիր պիտի ըլլար հրաժարական տալու նորահաստատ սահմանադրութեամբ գերագոյն իշխանութիւն հռչակուած ՀՀ վարչապետի պաշտօնէն։ Պաշտօն՝ որու ձեռքբերման համար մինչեւ իսկ ՀՀ սահմանադրութիւնը փոխեց, անձնական իր չափին համապատասխան հանդերձանքի պէս վերաձեւաւորելով զայն։

Բայց այս անգամ չկրցաւ յաջողիլ հակակշիռներու սարդոստայն հիւսելու իր հնարամտութեան մէջ։

Ամբողջ աշխարհ ապշահար հետեւեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ երկխօսութեան հանդիպումի եկած Սերժ Սարգսեանի ջղային նստուածքին ու մեծամիտ ծամածռութեան հեռարձակուած տեսաերեզին։ Քանի մը վայրկեան տեւած երկու նախադասութեան փոխանակումէ ետք՝ Սերժ Սարգսեան ոչ միայն արհամարհականօրէն Նիկոլ Փաշինեանին հետդ խօսելիք չունիմ ըսելով հեռացաւ երկխօսութենէն, այլեւ դիմակաւոր տարրերու ձեռամբ ձերբակալել տուաւ հարիւր հազարաւորներու կամքը ներկայացնող եւ իր հրաժարականը պահանջող ընդդիմախօսը։

«Մերժիր Սերժին» նախաձեռնութեան պարագլուխները ձերբակալելու Սերժ Սարգսեանի կամակորութիւնը տուաւ ճիշդ այն արդիւնքը, ինչը տուած են բռնակալ բոլոր իշխանաւորներու կամայական քայլերը տարբեր ժամանականերու։

Քաղաքամայր Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը ողողած հարիւր հազարաւորներու բողոքի շարժումը եւ անոր արձագանգող մարզերու եւ քաղաքներու ցուցական հաւաքները ուղիղ համեմատութեամբ սաստկացան Սերժ Սարգսեանի իշխանաքաղցութեան սանձարձակ մոլեգնումին հետ։

Համաժողովրդային բողոքի ալիքը աւելիով թափ հաւաքեց եւ ցուցարարներու եւ բողոքողներու թուաքանակ բազմապատկեց մանաւանդ ձերբակալութիւններէն ետք, Ապրիլի 22-23ին, երբ բանակ զինուորակոչուած մեր երիտասարդները միացան բողոքի ելած իրենց հարազատներուն եւ ներկայութիւն հաստատեցին հաւաքներու ընթացքին։

Եւ ժողովուրդը յաղթեց։

Յատկապէս մեր երիտասարդութիւնը յաղթեց՝ պատմութեան անիւը երեսուն տարի ետք վերստին շրջելով ի նպաստ ժողովրդային շարժման յաղթանակին։

Յաղթեցինք բոլորս՝ որ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, ահա տասնամեակներ շարունակ, քանի-քանի՜ անգամ հիասթափութեամբ պարտուած դուրս եկանք հանրաքուէներու եւ ընտրութեանց քուէարկութիւններէն, որովհետեւ իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր վերնախաւը արհամարհանքով վարուեցաւ մեր կամքին ու քուէին հետ՝ անգամներ ոտնակոխելով ազգային մեր տենչերուն եւ երազներուն համապատասխան ժողովուրդէն եկող եւ ժողովուրդին ծառայող ազգային պետականութիւն կայացնելու եւ համապատասխան քաղաքական իշխանութիւն կեանքի կոչելու մեր տարրական իրաւունքը։

Մենք փակեցինք քուէներ նկարելու, կեղծելու եւ գնել-ծախելու ամօթալի էջը։

Այսօր կը տօնենք ՅԱՂԹԱՆԱԿը եւ Հանրապետութեան հրապարակը աւելիով ողողուած է ու ագուցուած՝ ի վերջոյ յաղթանակած դժգոհներու եւ իրաւազրկեալներու շուրջպարով։

Այսօր միայն ՅԱՂԹԱՆԱԿի բերկրանքը օրակարգի վրայ է։

Ո՛չ կ՛անտեսենք, ոչ ալ կþարհամարհենք ինչպէս իշխող քաղաքական համակարգի եւ գործող կառավարման օրէնսդրութեան արմատական բարեկարգման հրամայականը, այնպէս ալ այսօրուան մեր ՅԱՂԹԱՆԱԿը գորգի պէս մեր ժողովուրդի ոտքերուն տակէն ետ քաշելու եւ մեզ բոպիկ ձգելու իշխող վարչակարգին ներուժը եւ սադրանքի ընդունակութիւնը։

 

 

ՆԱԶԱՐԷԹ  ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30