Հարիւր տասը տարի առաջ, 1915 Ապրիլ 24-ի չարաբաստ առաւօտէն սկսեալ, հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ, մինչեւ այդ, մարդկային պատմութեան մէջ նախադէպ ու նախընթաց չունեցող, կանխածրագրուած, ճիւաղային ցեղասպանութեան, որ կատաղի կիրքով ու վայրագ մոլեգնութեամբ կիրարկուեցաւ թուրք ջարդարար պետութեան կողմէ։
Բարբարոսութեան գերաստիճան ժայթքումով արտայայտուած անագորոյն այդ նախագիծը կը հետապնդէր մէկ եւ միակ նպատակ. հայ ժողովուրդի բնաջնջումով ամբողջութեամբհայաթափել Արեւմտահայաստանը, որպէսզի կարելի ըլլար իրականացնել քաղաքական ծայր աստիճան ազգայնամոլ ծրագիր մը՝ թրքալեզու ցեղերու միաձուլումով գոյանալիք փանթուրանական կայսրութեան խելացնոր երազի մարմնաւորումը։
Մեր ժողովուրդի աւելի քան երեքհազարամեայ պատմութեան ամէնէն արիւնաթաթախ ու աղիտալի իրադարձութիւնն է այս, որուն հրալեզու, վշտառատ տարեգրութիւնը յարաճուն կերպով կը փոթորկէ ու պիտի փոթորկէ մեր բոլորին միտքերն ու հոգիները: Մենք երբեւէ չենք կրնար մոռնալ, իրաւունքն անգամ չունինք մոռնալու մեր բիւրաւոր անմեղ նահատակները, որոնք կոտորելու համար ի գործ դրուած արնախում գազանութեան միջոցները մարդկային բանականութեան ու խիղճին բացարձակապէս անյարիր եւ անմատչելի ոճրագործութիւններ էին։
Կայ, սակայն, աւելի սարսափելին, առաւել եւս անհանդուրժելին: Արեւմտեան Հայաստանի միակտուր հայաթափումով կորսնցուցինք պապենական մեր հողերուն՝ սրբազան մեր հայրենիքին մեծագոյն մասը: Ցեղասպանները մեզմէ կորզելով յափշտակեցին դարեր շարունակ, տասնեակ սերունդներու քրտինքով ոռոգուած, տքնաջան աշխատանքով ծաղկեցուցած ու հերոսական անթիւ խիզախումներով պաշտպանած մեր երկիրը, ուր կը հանգչին մեր պապերուն սուրբ աճիւնները:
Կարդացեք նաև
Մեզմէ խլեցին մեր հո՛ղը՝ անփոխարինելին, կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը ազգութեան, պետութեան եւ քաղաքակրթութեան:
Հարիւր տասը տարիէ ի վեր, թրքական պետութիւնը ո՛չ միայն սնապարծօրէն կ’ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ՝ տառացիօրէն ամէն միջոցի կը դիմէ աղճատել փորձելով եւ արտառոց կերպով նենգափոխելով պատմութիւնն ու ճշմարտութիւնները։
Միաժամանակ, բարբարոս յանցագործի ծանօթ իր մոլուցքով, համակարգ կազմակերպուածութեամբ, հիմնայատակ կերպով կը կործանէ հայկական բռնագրաւուած հողերու ամբողջ տարածքին գտնուող պատմական եւ թանկարժէք, մշակութային բազմաթիւ մեր յուշարձաններն ու կոթողները:
Գարշելի միեւնոյն ցեղասպանութեան եւ զարհուրելի նոյն մտագար ծրագրին նորօրեայ, բացայայտ դրսեւորումներն են նաեւ Արցախի դաժանագոյն, բռնի հայաթափումը եւ հօրենական մեր բնօրրաններէն ներս, ազերի պետութեան կողմէ հետեւողական եւ մոլեգին անխղճութեամբ կիրարկուող աւերումն ու բնաջնջումը մշակութային բազմաքանքար, դարաւոր մեր ժառանգութեան։
Խունկի եւ յիշատակութեան, այս օրերուն, ոգեկոչելով ցեղասպանութեամբ մարտիրոսացած մեր բոլոր նահատակներուն նուիրական եւ անմոռաց յիշատակը, պարտինք նաեւ վերանորոգ կորովով եւ վճռականութեամբ նո՛ր զարթօնք շնորհել ազգային մեր գիտակցութեան եւ զգացումներուն, որպէսզի նոր թափով լծուինք անզիջում եւ անընկճելի մեր պայքարին՝ ընդդէմ շարունակուող, ամեհի ցեղասպանութեան։
Առաջնահերթ հարկաւորութեամբ անհրաժեշտ է, որ անյապաղ կերպով, հնարաւոր ամէն միջոցի դիմենք ապահովելու համար Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ բոլոր գերիներու վերջնական ազատ արձակումը եւ Արցախի հոգեհարազատ մեր ժողովուրդի անուրանալի բոլոր իրաւունքներու ամբողջական վերականգնումը։
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ