Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հրամայական է ազրպէյճանական թակարդին ներքաշուելէ հեռու մնալը. «Ազդակ»

Ապրիլ 30,2025 10:34

Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանին մէջ, տեղւոյն ազրպէյճանական դեսպանութեան կազմակերպած «գիտաժողով»-ը փոթորկեց հայկական աշխարհը: Պէտք է արձանագրել, որ ընտրուած թէ՛ նիւթով եւ թէ՛ վայրով Պաքուի համապատասխան իշխանութիւնները նպատակաուղղուած թիրախաւորումներ կատարած էին: Այս թիրախները կարելի է ըսել խփուած էին Պաքուի կողմէ, մանաւանդ որ անոնք լրիւ կը տեղաւորուէին Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուող մշակութային ցեղասպանութեան ընդհանուր ծրագիրին մէջ:

Կը թուի, որ գիտաժողովի ընտրուած նիւթը եւ ներկայացուած զեկուցումները կեդրոնացած էին երկրորդ ուղղութեան վրայ: Իբրեւ թէ փաստել, որ այսօրուան Ազրպէյճանի նախկին բնակիչներուն մէջ կային քրիստոնեաներ, որոնք հայ չէին եւ որոնք քրիստոնէական մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան ձեւաւորման մէջ կարեւոր աւանդ ունեցած են: Պատմութեան նենգափոխման այս քաղաքականութիւնը նուրբ մարտավարութեամբ տեղի կ՛ունենայ: Նպատակը` հայկական տարածքներու վրայ գտնուող հայկական ճարտարապետական կառոյցներու ապահայացումն է քրիստոնէութեան շահագործումով: Աւելի հեռահար կտրուածքով` քրիստոնէադաւան աշխարհի սիրաշահումով հայ-քրիստոնեայ աշխարհ հակասութիւններու ստեղծումը:

Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրուի վայրի ընտրութիւնը: Համաքրիստոնէական կեդրոն նկատուող Վատիկան թափանցելու համար, նախ տեղացնել նաւթատոլարներ, ստանալ շքանշաններ, յետոյ ներկայանալ իբրեւ քրիստոնեայ նախկիններու իրաւաժառանգորդներ:

Սակայն հրամայական է ազրպէյճանական թակարդին ներքաշուելէ հեռու մնալը: Պաքուն այս ձեւով նպատակադրած է, որ հայկական կողմը իր քարոզչաքաղաքական թնդանօթները լարէ Վատիկանի եւ առ այդ քրիստոնէական կեդրոններու դէմ, որպէսզի ստեղծէ վիհ եւ այդ վիհին մէջ ինք կարենայ աւելի լայն կարելիութիւններ ունենալ պատմութիւնը նենգափոխելու եւ իբրեւ քրիստոնեայ նախկիններու իրաւաժառանգորդ ներկայանալու քրիստոնեայ աշխարհին:

Կրօնական հանգամանքի հակառակ կողմի շահարկումն է, որ տեղի կ՛ունենայ այս ձեւով: Եթէ մէկ կողմէ իսլամական կրօնի օգտագործումով իսլամական աշխարհին մէջ Ազրպէյճան հակահայաստանեան եւ հակահայկական դիրքորոշումներ կ՛ապահովէ եւ որոշումներու ու բանաձեւերու մշակման գործընթացին վրայ կ՛ազդէ, հիմա քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը կ՛ապահայացնէ եւ իբրեւ նախաազրպէյճան կը հրամցնէ այս անգամ քրիստոնեայ աշխարհին:

Այս հակագիտականութիւնը գիտական աշխարհին մէջ արդիւնք չի տար: Քաղաքականին մէջ սակայն կրնայ կարճաժամկէտ առաւելներ ապահովել: Մանաւանդ եթէ մենք ներքաշուինք ծուղակին եւ շարունակենք յարձակիլ Վատիկանի կամ քրիստոնէական այլ հաստատութիւններու վրայ` զանոնք մեղադրելով այս կարելիութեան տրամադրման համար:

Խմբագրական

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930