Կը թուի, թէ Թրամփի դիւանագիտական գրաւը Իրանի խնդրով սկսած է արդիւնաւորուիլ։
Օմանի մայրաքաղաք՝ Մասքաթի բանակցութիւնները, կապուած՝ Իրանի միջուկային ծրագրին, ցարդ յուսադրիչ ընթացքի մէջ կը գտնուին։ Եւ այս մէկը՝ համաձայն Իրանի, Ա․Մ․Ն․-ի և Օմանի պաշտօնական յայտարարութեա՛նց։ Թրամփի խիստ վերջնագիրը ռազմական լուծում տալու Իրանի միջուկային կարողականութեան հարցին (եթէ բանակցութիւնները մտնեն տեղքայլի բով) զգալիօրէն խթանած կը թուի ըլլալ բանակցութիւններու արագ ընթացքը։ Բանակցութիւններու յաջորդ փուլը, որ կը սկսի Մայիսի 3-ին, արդէն կրնայ յանգիլ սկզբնական համաձայնագրի ստորագրման։ Այս է ներկայ խօսոյթը։ Կը գտնուինք զգուշաւոր լաւատեսութեան գօտիին մէջ։ Անշուշտ, երբեք կարելի չէ բացառել խանգարիչ անակնկալներու հաւանականութիւնը։ Տարածաշրջանի խաղատախտակը կը պահանջէ առաւելագոյն շրջահայեցութիւն։
Ա․Մ․Ն․ կրցաւ՝
(ա) յաջողութեամբ կասեցնել իսրայէլեան սպառնալիքը Իրանի դէմ,
Կարդացեք նաև
(բ) չէզոքացնել Մոսկուան Կովկասի և Մերձաւոր Արևելքի ռազմաբեմերուն վրայ,
(գ) թուրքևատրպէյճանական ուժը բերել Իրանի հետ համագործակցութեան և վերջապէս
(դ) դրական ընդառաջում ապահովել Իրանէն Թրամփի պահանջկոտ պայմանի կապակցութեամբ Իրանի միջուկային կարողականութիւնը սահմանափակելու խնդրով։
Պէտք է ընդունինք, որ ասիկա շրջադարձային յառաջընթաց մըն է, Ուաշինկթընի դիրքերէն դիտած, բանակցութիւններու յաջորդական փուլերու ընթացքը պայմանաւորող։
Պարզ է վաղուց, որ Հայաստանի անկախ պետականութեան լինելիութեան հիմնահարցը սերտօրէն առընչուած է աշխարհակարգի ընդհանուր իրականութեան։ Քանիցս դիտարկուած փաստ է, որ առանց գործօն և ուշիմ դերակատար մը ըլլալու ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԻ ուժային աղիւսակին մէջ և առանց ձևաւորելու լծակային կարողականութիւններու հայկական զինարանը, այս ճակատագրական ժամանակներուն մէջ, Հայաստանը պարտաւորուած է գործելու սնանկ պետութեան դիրքերէ։ (Մենք Խրիմեան Հայրիկը ղրկած ենք Պերլին և զինք թողած առանց շերեփի…) Դատարկ ձեռքերով կարելի չէ արդիւնք ապահովել այս խաղատախտակին վրայ։ Դատարկ ձեռքերով՝ Հայաստանը միայն իր քաղաքական անատակութիւնն է, որ կը ցուցադրէ և ինքզինք կը դնէ լքեալ գոյքի կարգավիճակին մէջ։
Հարցո՛ւմ։ Հայաստան պիտի կրնա՞յ վերականգնել իր ինքնիշխան անհատականութիւնը իրերու այս նուրբ կէտին վրայ։
Փաստը այն է, որ տարածաշրջանի դիւանագիտական ներկայ եռուզեռին մէջ, Փաշինեանական համակարգի տնօրինումներուն յանձնուած Հայաստանը գործնականօրէն տեղ չունի։ Ան չունի լինելիութեան յստակ վարդապետութիւն (doctrine), չունի յստակ ռազմավարութիւն, չունի կարմիր գիծեր, չունի ազգային ընդհանուր համախոհութիւն իր գոյութիւնը լիազօրող գերամեծար առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Ունի իշխանութիւն, որ կը յամառի կառչած մնալ իշխանութեան դիրքերուն շնորհիւ իր արտաքին յենարաններուն և շնորհիւ հասարակութեան մեծ շերտի մը քաղաքական ինքնուրոյն կամքի պակասին։ Հայաստանը պիտի կրնա՞յ ետ շրջել պատմութեան այս ծուռ դարձած անիւը։ Այս վճռական հարցին պատասխանը ազգն է, որ պիտի տայ այսօր։ Աւելի ճիշտ, ազգին քաղաքական կամքը ներկայացնող արթուն և գործօն ուժերն են, որ պիտի կտրեն այս գորդեան հանգոյցը։ Մէկ բան յստակ է։ Քաղաքական կամքի դրօշակիրը կրնայ ըլլալ միայն այն, որ գործնականօրէն և խիզախօրէն – ԵՒ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ — կը ցուցաբերէ այդ կամքը։ Այդ կամքը վերացական չէ։ Ան ազգին կենդանի մկանն է, որ պէտք է արժեցնէ իր գոյութիւնը։
Ուրիշ Հայաստան և ուրիշ հայութիւն գոյութիւն չունին։ Այս Հայաստանն է և այս Սփիւռքն է, որ պիտի դուրս գան զիրենք պատուհասող պատմական այս թակարդէն։ Այս ազգն է, որ պիտի կերտէ բանալին համաշխարհային գերոյժին (leverage)։ Այս ազգն է, որ պիտի վերջ տայ իր անվճռականութեան։ Այս ազգն է, որ պիտի յաղթահարէ իր ներքին «դև»երը։ Իր ինքնավստահութիւնը ջլատող ներքին և արտաքին գործօննե՛րը։ Ինչքան ալ, որ համաշխարահային ներկայ համակարգը Փաշինեանական իր գործիքակազմով կը ջանայ մեր ժողովուրդին ներշնչել քաղաքական թերարժէքութեան մտայնութիւնը, հայկական կողմը պիտի կարողանայ կազմակերպել իր պատմական շրջադարձը և ինքզինք կրկին պարտադրել աշխարհակարգի կարծեցեալ տէրերուն։ Այլ ելք գոյութիւն չունի։
Հայաստանը անզէն չէ։ Հայաստանը անօգնական չէ։ Հայաստանը անտէր չէ։ Հայաստանը պիտի կարողանայ տէր կանգնիլ իր ռազմաքաղաքական զինարանին։ Ան պիտի կրնայ անմիջապէս դուրս շպրտել իր ներկայ զինաթափ իշխանութիւնը և տիրականօրէն տէր կանգնիլ տարածաշրջանի իր պատասխանատւութիւններուն։ Մեր փրկութեան բանալիները ոչ Իրանի, ոչ Ռուսաստանի և ոչ Արևմուտքի մէջ կրնանք փնտռել, եթէ անոնք, առաջին հերթին, մեր իսկ ձեռքերուն մէջ մեր գերագոյն շահերուն չեն ծառայեր։
Այս առումով, ԱՄՆ-ի ներկայ գործարքը կրնայ գործել ի նպաստ մեր գերագոյն շահերուն, եթէ մեր ռազմաքաղաքական զինարանը ինքներս դնենք տարածաշրջանի ընդհանուր հաւասարութեան մէջ և կացութիւնը ճիշդ ուղղորդենք։ Այլապէս ան պիտի գործէ միայն մեր լինելիութեան հրամայականներուն դէմ։
Որոշումը մե՛րն է։
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում