7 Մայիս 2025-ին Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատի «Փալացցօ Սան Մաչութօ» շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Non ti scordar di me – Storia e oblio del Genocidio Armenio» (Անմոռուկ – Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը և մոռացութիւնը) հատորի շնորհահանդէսը, որուն հեղինակն է Կեդրոնական եւ Հիւսիսային Իտալիոյ րաբբիական դատարանի փիլիսոփայ եւ համակարգող Վիթթորիօ Ռոպիաթի Պենտոն: Գիրքի ներածականը գրած է յայտնի լրագրող և պատմաբան Փաոլօ Միելին, իսկ վերջաբանը` գրող եւ գիտնական իտալահայ Անթոնիա Արսլանը: Հրատարակուած է «Լիբերիլիպրի» հրատարակչատան կողմէ:
Հատորը, որ գրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով, յիշողութեան, ինքնութեան եւ արդարութեան վերաբերեալ փաստագրուած եւ կարեւոր ներդրում է, որ չի սահմանափակուիր միայն յիշատակումով, այլ կը փնտռէ յիշողութեան խորքային իմաստը` կասկածի տակ դնելով նաեւ մեր ներկան:
Անիկա կը վերակառուցէ եւ կը վերլուծէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական արմատները` դատապարտելով Թուրքիայի մնայուն պետական ժխտողականութիւնը, որուն ստուերը այսօր կը թեւածէ Հարաւային Կովկասի վրայ, ուր հայ ժողովուրդը կը բախի անապահովութեան, մեկուսացման եւ բռնութեան նոր դրսեւորումներու` Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակման հետեւանքով: Տասնեակ հազարաւոր մարդոց հարկադիր արտագաղթը, մշակութային ցեղասպանութիւնը, դիւանագիտական եւ լրատուամիջոցներու անտարբերութիւնը ներկայիս վէրքեր են, որոնք կը խօսին անցեալի` արտաքսման, լռութեան, բնաջնջման լեզուով:
Բարձր մակարդակի ձեռնարկին մասնակցեցան եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Լորենցօ Ֆոնթանան, Արդարադատութեան նախարար Քարլօ Նորտիոն, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վլատիմիր Կարապետեանը: Ելոյթ ունեցողներու շարքին էին նաեւ պատգամաւորներ Քիարա Կրիպաուտոն` Ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխնախագահ, Կալէացցօ Պինիամին` Պատգամաւորներու պալատին մէջ Իտալիոյ եղբայրներ կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար, Ճուլիօ Չենթեմերոն` Իտալիա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի նախագահ, եւ Մաուրիցիօ Լուբին` «Noi moderati» կուսակցութեան նախագահ եւ փոխադրութեան ու ենթակառուցուածքներու նախկին նախարար: Հանդիպումը կը վարէին իտալացի յայտնի լրագրող եւ պատկերասփիւռի հաղորդավար Նիքոլա Փորրոն եւ մեկնաբան Օհարա Պորսելլին:
«Կը պատկանիմ ժողովուրդի մը, որ գիտէ, թէ ի՛նչ է յիշողութիւնը, քանի որ տառապած է անկէ, եւ պէտք է փորձել գոյատեւել: Նոյնիսկ եւ յատկապէս այսօր` Իսրայէլի մէջ», ցեղասպանութեան յանգեցնող ատելութիւնը խոր արմատներ ունի. «Նացիականներու կողմէ կատարուած չարիքին մէջ որեւէ բանականութիւն չկար», նշեց գիրքի հեղինակ Վիթթորիօ Ռոպիաթի Պենտոն եւ խօսեցաւ «ժխտողականութեան աւելի նենգ ձեւերու մասին, որոնք կը վերացնեն բռնութեան խորքային պատճառները:
«Ցեղասպանութիւնը ժխտելը կը նշանակէ զայն կրկին կարելի դարձնել»: «Անոնք, որոնք կը ժխտեն տեղի ունեցածը, կը դառնան յանցակիցներ», նշեց Միելին, որ իր խօսքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դժուարութիւնը վերագրեց նաեւ «Իսրայէլի եւ շատ հրեաներու անվստահութեան», որոնք կը դիմադրեն այն միտքին, որ Հայկական հարցը «կարելի է նոյն մակարդակի վրայ դնել» Ողջակիզումին հետ:
ՄԱՐԻԱՄ ԵՐԵՄԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Եռագոյն»-ում