Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայհոյութիւնը փաստի սով է: Երբ տրուած հարցին բանական պատասխանը կը բացակայի, կը փոխարինէ հակայարձակումը, որ արդէն սովորական դարձած փաշինեանական ոճով` բուռն է, յախուռն ու անտրամաբանական. «Ազդակ»

Մայիս 15,2025 10:32

Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդարանին մէջ, վարչապետը կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի նիստի ընթացքին իրեն տրուած հարցերէն վրդովուած` ջլախտաւորի մը նման բացագանչութիւններ կը կատարէ, ձեռքով մորթելու նշան կը կատարէ ու կը սպառնայ ազգային անվտանգութեան նկուղներուն մէջ արգելափակել հարցապնդող ընդդիմադիրները: Ազգային ժողովի նախագահը, որ ընդդիմադիր պատգամաւորի մը կողմէ արտասանուած իր կողմէ անպատշաճ համարուող որեւէ խօսքի պարագային կը միջամտէ ու խօսողը կարգի կը հրաւիրէ, այս պարագային ոչինչ կ՛ընէ, նոյնիսկ չի փորձեր հանդարտեցնել ջղագրգիռ ու անսանձ դարձած վարչապետը: Խօսքի ազատութեան օրրան նկատուող վարչաձեւի պետը, անհանդուրժող ու անհաւասարակշիռ ձեւակերպումներով կը վերադառնայ իր իշխանութեան սկզբնական օրերու «պատին ծեփելու» ու «մայթը համբուրել տալու» սպառնալից ոճին:

Ինչի՞ պէտք է վերագրել այս վարքագիծը: Մէկ կողմ թողնելով ջիղերը հանդարտեցնող դեղերու գործածութեան մասին շրջանառուող վարկածը, աւելի հակամէտ ենք մտածելու, որ երբ տրուած հարցին բանական պատասխանը կը բացակայի, կը փոխարինէ հակայարձակումը, որ արդէն սովորական դարձած փաշինեանական ոճով` բուռն է, յախուռն ու անտրամաբանական: Յակոբ Պարոնեանի բնորոշումով` «հայհոյութիւնը փաստի սով է»:

Քաջալերուած Նիկոլ Փաշինեանի դրսեւորած վերաբերմունքէն, իշխանական պատգամաւորները մեծ ոգեւորութեամբ հանդէս կու գան ընդդիմադիրները փտածութեամբ ամբաստանող ելոյթներով: Քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային հարցերուն մասին լուսաբանութիւններ տալու փոխարէն, կը կրկնեն արդէն մաշած կարգախօսներ: Յատուկ վերաբերմունքի կ՛արժանանան դաշնակցական պատգամաւորները, որոնց ժամանակակից հարցերու մասին հարցապնդումներուն կը հակադրուին հարիւր տասը տարի առաջուան դիրքորոշումներ, այն ալ սխալ կամ միտումնաւոր յիշատակումով: Երբ հարցը Դաշնակցութեան կը վերաբերի, իշխանաւորներուն համար ժամանակը կանգ առած է նախորդ դարու սկզբնաւորութեան անորոշ ժամանակ մը: Նման վերաբերումը ներկայի զարգացումներուն արդարացիութեան մասին պատասխան տալէ խուսափում չ՛ենթադրե՞ր:

Վերջապէս, անգամ մը եւս հրապարակի վրայ է վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գաղափարը: Հարցը Ազգային ժողովի օրակարգ բերելու համար անհրաժեշտ է 36 ձայն: Ընդդիմութիւնը ունի ընդամէնը 28 ձայն: Կը պակսի 8 ձայն: Նախաձեռնողները, որոնք պատգամաւոր չեն, խնդրագիր նամակով դիմած են բոլոր պատգամաւորներուն: Ընդդիմադիրները կ՛ըսեն, որ գտէք պակսող ութը, մենք կը միանանք: Ասիկա հրապարակով կը թարգմանուի իբրեւ մերժում եւ ներկայ իշխանութիւնը պահպանելու միջոց: Օրակարգի վրայ արձանագրուելէ ետք, պէտք է ներկայացնել նոր վարչապետի թեկնածու ու ապահովել Ազգային ժողովի մեծամասնութեան ձայները, այսինքն` 55 ձայն: Ինչպէ՞ս: Դիրքորոշում մը արտայայտելու համար իմաստ ունի՞ ի սկզբանէ տապալած գործընթաց մը սկսիլ: Առանց նման բեմադրութեան ալ, թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ՛ յայտնապէս հանրութիւնը կը ցանկան իշխանութեան փոփոխութիւնը: Օրէնքը եւ պայմանները չեն թոյլատրեր. անհրաժե՞շտ է թատերական բեմականացում կատարել եւ քննադատելու նիւթ ունենալ:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031