Հովանաւորութեամբ շրջանի հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի եւ նախաձեռնութեամբ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Օ․Մ․-ի Շրջանային վարչութեան՝ Նայիրի Մկրտիչեանի հեղինակած եւ Թամար Հերկելեանի խմբագրած «Արցախը մե՛րն է․․․» գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ տեղւոյն «Բաբգէն Սիւնի» սրահէն ներս։
Գիրքը գրուած է, երբ Արցախը շրջափակման մէջ էր, իսկ այդ իրավիճակը կը ներկայացուի կազմին վրայ պատկերուած թեք յուշարձանով, զոր պատանիները կը փորձեն ուղղել, իսկ ուղղելու համար, պէտք է ճանչնան իրենց ինքնութիւնը։ Այդ ինքնութեան մէկ մասնիկը Արցախն է՝ իր պատմութեամբ, խորհրդանիշներով եւ մշակութային արժէքներով, գիրքին մէջ տեղ գտած այդ տեղեկութիւնները իւրացնելով։ Գիրքի վերջին նկարին մէջ պատանիները Արցախը կը միացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան։
Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի գնահատեց այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը եւ աւանդական ձեւով կատարեց գիրքը գինիով օծելու արարողութիւնը։ Նայիրի Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար, կոչ ըրաւ՝ միշտ ապրելու «Արցախը մե՛րն է…» կարգախօսով եւ հաւատալու, որ պիտի վերադարձնենք Արցախը։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: