Ազատական գաղափարախօսութեան ընդունումը՝ ըլլա՛յ այդ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, մեծ վտանգ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին համար, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ պայքարիլ իր ազգային գոյատեւման եւ մշակութային պահպանման համար, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական հարցերու դէմ: Նոր-ազատականութիւնը, որ հիմնուած է անհատական իրաւունքներու եւ ազատութեան վրայ, կրնայ գրաւիչ թուիլ, բայց իր էութեամբ կը հակասէ հայ ժողովուրդի գոյութեան համար տարուող պայքարին:
Շեշտը դնելով անհատական ազատութեան վրայ՝ նոր-ազատականութիւնը անհատը կը դասէ ազգային ինքնութենէն վեր: Այս՝ անհատապաշտութեան վրայ հիմնուած գաղափարախօսութիւնը կրնայ հանգեցնել մշակոյթի եւ բարքերու կորուստին եւ յատկապէս Սփիւռքի մէջ կը խթանէ ձուլումը՝ մեզ մղելով հեռու մեր մշակոյթէն եւ ազգային գիտակցութենէն ու յաճախ ընդգրկուելով աւելի լայն, երբեմն ալ ազգային գաղափարախօսութեան հանդէպ անտարբեր հանրութիւններու մէջ:
Ընտանիքը, Հայ առաքելական եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութիւնը պատմական հաստատութիւններ են, որոնք կը հանդիսանան հայ ինքնութեան հիմքը: Նոր-ազատական գաղափարախօսութիւնը յաճախ կը քաջալերէ բարոյական յարաբերականութիւն՝ վտանգելով հիմնական սկզբունքները «ազատ ես, ըրէ այն, ինչը կ՛ուզես ընել» մտածելակերպով: Սակայն, մեր պարագային այդպէս չէ: Մեր ազգը բարգաւաճած է, կը բարգաւաճի, կարգապահութեան, զոհաբերութեան եւ ընդհանուր բարոյական արժէքներով եւ ոչ անհատական հաճոյքներով:
Հայաստանի պարագային, ենթադրելով, որ միջազգային համագործակցութիւնը կը հանգեցնէ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան՝ նոր-ազատականութիւնը յաճախ կը նախընտրէ աշխարհայնացումը, բաց սահմանները եւ ազատ առեւտուրը: Սակայն, պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ մեծ պետութիւնները արդարութեան կամ փոքր ազգերու գոյատեւման հանդէպ մտահոգութենէն մեկնելով չեն գործեր, այլ՝ իրենց սեփական շահերէն: Հայաստանի աշխարհաքաղաքական փորձառութիւնը եւ միջավայրը կը պահանջեն իրականութիւնը նկատի ունեցող մօտեցում մը եւ յստակ դիրքորոշում մը՝ գերիշխանութեան հետ կապ ունեցող եւ ոչ թէ՝ միջազգային բարի կամքի յոյսերու վրայ հիմնուած:
Միակ ճանապարհը գոյատեւելու եւ բարգաւաճելու հզօր եւ մշակոյթով խարսխուած ազգայնական տեսլական ունենալն է: Ժամանակն է, որ հայ ժողովուրդը՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի մէջ, ազգը եւ հայրենիքը աւելի բարձր դասէ՝ վերացական, ոչ-իրապաշտ եւ անհատապաշտական գաղափարախօսութիւններէն:
Յարութ Մկրտիչեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: