Ցեղասպանութեան ընկերներ. Գերմանիան ողջակիզումէն ոչի՞նչ սորված է
Այս է խորագիրն ու ենթախորագիրը Ռաշա Թուտէյի աշխատակից Թարէք Սիրիլ Ամարի (2) 14 մայիս 2025-ի յօդուածին: Պատմաբան եւ միջազգային քաղաքականութեան փորձագէտ, Փրինսթընէն պատմական գիտութիւններու դոկտոր: Ան կրթաթոշակներ ստացած է Ողջակիզումի թանգարանէն եւ Հարվըրտի ուքրանական կաճառէն: Ծագումով Գերմանիայէն, ան ապրած է Անգլիոյ, Ուքրանիոյ, Լեհաստանի, Ամերիկայի եւ այժմ՝ դասախօս Թուրքիոյ Քոչ համալսարանին մէջ։ Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ յօդուածը:
Կազայի մէջ 19 ամիս է Իսրայէլի կողմէ շարունակուող ցեղասպանութիւնը:
Պերլինի իսրայէլեան ճաշարանին նոյնքան անմարդկային ամօթալի ծանուցումը, ջարդուած պաղեստինցի մանուկներու դէմքով ձմերուկներ, եւ անոնցմէ ձմերուկի հիւթով իսրայէլեան դրօշակով խմիչք:
Կարդացեք նաև
«Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի կեդրոնին մէջ վերջերս ցուցադրուած մէկ անորակ որմազդը փոքր գայթակղութեան պատճառ դարձաւ, հակասելով երկրին սովորաբար Իսրայէլի անսասան աջակցութեան՝ հակառակ անոր, որ վերջինս (Կազայի մէջ*) ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ:
«Միջադէպին էութիւնը պարզ է. ապրիլի վերջին՝ «Գերմանիա իսրայէլեան հասարակութիւն»-ը ԳԻՀ (DIG), Պերլինի մէջ տօնեց իր «Իսրայէլեան օրեր»-էն մէկը։ Գերմանիոյ մէջ ԳԻՀ-ը նշանաւոր եւ հզօր կազմակերպութիւն է: Անոր տնտեսական հիմնական աղբիւրը, ըստ երկրի պաշտօնական 2023-ի գրանցումին՝ Գերմանիոյ պետութիւնն է։ Քաղաքացիական կրթութեան դաշնային գործակալութիւնը, ըստ էութեան, Գերմանիոյ կեդրոնամէտ գաղափարախօսական ուղղափառութեան եւ ուսուցումի գրասենեակն է, որ կը նկարագրուի իբրեւ երկրին «կեդրոնական կազմակերպութիւնը […], ուր Իսրայէլի բարեկամները կը միանան ոչ կուսակցական համագործակցութեամբ»:
««Իսրայէլի օրը» հիմնականին մէջ ոչ պաշտօնական ձեռնարկ էր, փողոցի երեկոյթ՝ ճառախօսութիւններով։ Իրերը աւելի զուարճալի դարձնելու համար Ֆէյնպըրկ ճաշարանը կը մատակարարէր: Յատկապէս, Ֆէյնպըրկը, որ ըստ իրենց, մասնագիտացած է իսրայէլեան խոհանոցով, մինչ պաղեստինցիները անոր շատ մը ուտեստները գողութիւն կը համարեն իրենց աւանդոյթներէն, կը հրամցնէր ձմերուկի շատ իւրայատուկ խմիչք մը:
«Խմիչքին գովազդը կը պատկերէր առիւծ մը (իսրայէլացիներուն կողմէ ազգային խորհրդանիշ), որ կը կրէր Իսրայէլի դրօշով գոգնոց: Առիւծը բռնած էր երկու մեծ գաւաթ, որոնցմէ մէկը ձմերուկի շերտերով (ձմերուկը՝ Պաղեստինի եւ անոր դիմադրութեան աւանդական եւ յայտնի խորհրդանիշն է), միւսին՝ ձմերուկի հիւթ՝ Իսրայէլի փոքրիկ դրօշով։
«Խորապատկերը կը ներկայացնէր ձմերուկի կոյտ մը, որոնց մէկ մասը կիսուած էր, ցոյց տալով մանկական դէմքեր: Պաստառին վրայ գրուած էր (կէս անգլերէն կէս գերմաներէն). «Ձմերուկը կը հանդիպի Սիոնին: Իսրայէլեան ոճով ձմերուկ՝ բզքտուած, ճզմուած եւ կտոր-կտոր եղած»:
«Կիսուած ձմերուկները կը յայտնեն «սիրունութիւն», յատկանիշներու գրեթէ ընդունուած կերպար մը, որ ցոյց կու տայ մանկական դէմքեր եւ հոգեբանօրէն բնական անհատներուն մօտ կ՚առաջացնէ կարեկցանքի եւ խնամքի կամ առնուազն զսպուածութեան զգացումներ:
«Պատգամը յստակ էր եւ բնա՛ւ զաւեշտալի չէր: Իսրայէլեան «առիւծը» կը ճզմէր պաղեստինեան «ձմերուկները» հաճելի զովացնող պաղ եւ արեան կարմիր միջուկի մէջ, որ ուժեղացած էր նաեւ ենթադրաբար տօնական օղիի «կրակով»: Մարդակերպ «ձմերուկներուն» դէմքերը մանկական էին, ամեն ինչ աւելի՛ նողկալի դարձնելով: Յստակ է նաեւ. որ այս գովազդը հաւնողները, մարդկային բնական զգացում չունին:
«Պաստառը, անշուշտ, ուղղակի ակնարկ մըն էր Իսրայէլի շարունակուող ցեղասպանութիւն ցեղային զտումներ զոյգ գործողութեան, որուն հիմնական (թէեւ ոչ միակ) թիրախը Կազայի պաղեստինցիներն էին: Այն վայրը, ուր զոհերուն մեծ մասը, նորածիններ եւ մանուկներ էին, որոնք բառացիօրէն «կոտրտուած» եւ «կտոր-կտոր» եղած Իսրայէլի օդային յարձակումներու եւ ռմբակոծումներու հետեւանքով, ինչպէս նաեւ, սովամահ եղած եւ զրկուած բնակարանէ եւ ապրուստի կենսական ենթակառոյցներէ, յատկապէս՝ բժշկական հաստատութիւններէ, եւ, մանաւա՛նդ՝ ծնողներէ: Կազայի մէջ՝ Իսրայէլի յարձակումին տակ, բժիշկները նոր եզր մը ստեղծեցին՝ WCNSF «Վիրաւոր երեխայ առանց վերապրող ընտանիքի»:
«Պերլինը՝ մայրաքաղաքը, առաջին ճակատը եղած է այս նոր, կարծես, փոխանցուած ազգայնականութեան՝ առանց կաշկանդումի, իսկ այս կոյր հաւատարմութիւնը՝ զուտ չարիքի: Քաղաքապետ Քայյ Վեկնըրը ցեղասպանութիւնը ժխտող համբաւ ձեռք բերաւ, իսկ իր ոստիկանութիւնը՝ պաղեստինցի զոհերուն հետ համերաշխութիւն ցուցաբերողներուն նկատմամբ դաժանութեան համբաւ: Եւ սա այն քաղաքն է, ուր ցեղասպանութեան դէմ ցուցարարը նոր դատապարտուեցաւ «Ողջակիզումը նսեմացնելու» համար, պարզապէս. «Մենք ոչի՞նչ սորված ենք Ողջակիզումէն» գրութեամբ ցուցանակը բողոքի խաղաղ ցոյցի ատեն բռնելուն համար: Յստակ է, որ այդ դատաւորը սորված չէ:
Նսեմացնելով եւ կատակի առարկայ դարձնելով ցեղասպանութիւնը, կամ՝ ուրանալով ու ժխտելով ցեղասպանութիւնը, գործադրողին հրէշային էութենէն ու յանցանքի պատասխանատուութենէն ոչի՛նչ կը պակսեցնէ: Իսկ ցեղասպանութեան ուղղակի մեղսակիցները, ինչպիսիք են Միացեալ Նահանգներն ու Անգլիան, որոնք զինամթերք տրամադրելով ու զանազան միջոցներով մասնակից են սպանդին, նաեւ հաշուետու են պաղեստինցի ժողովուրդին ու մարդկութեան:
Գերմանիան ուղղակի մեղսակից էր Թուրքիոյ կողմէ հայոց ցեղասպանութեան, եւ քանի մը օր առաջ իր մէկ դատարանը յանցաւոր կը նկատէ «Մենք ոչի՞նչ սորված ենք Ողջակիզումէն» գրութեամբ ցուցանակը բռնող ցուցարարը: Այսքա՞ն ստորնացած ու կերպարանափոխուած ու գլխիվար շրջուած է արդարութիւնը: Այս բոլոր չարիքները տեղի կ՚ունենան, քանի որ 1800-ական թուականներէն սկսեալ աշխարհը անպատիժ թողեց ցեղասպան թուրքը, որ շարունակեց ժամանակ առ ժամանակ աւելի՛ ու աւելի մեծ թիւով հայեր սպաննել մինչեւ 1915-ի տեղահանութիւնն ու ցեղասպանութիւնը մէկուկէս միլիոն հայ ոչնչացնելով:
Թուրքիոյ անպատիժ մնալուն պատճառով աշխարհի ցեղասպանութիւնները շարունակուեցան եւ հայութիւնը Արցախի մէջ ենթարկուեցաւ նոյն թուրքին կողմէ իր երկրորդ ցեղասպանութեան:
Յարութ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: