Հայոց ցեղասպանութեան պատմական եւ իրաւական ծալքերու ուսումնասիրութիւնը արդէն կ՚ընդգրկէ մեծ թիւով աշխատութիւններ, որոնք միջազգային գետնի վրայ կ՚իրազեկեն հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութեան մասին։ Անոնցմէ մեծ թիւով հրատարակութիւններ թարգմանուած են յունարէն լեզուով եւ տրամադրելի են պատմական ոլորտի հետազօտող շրջանակներուն, այլեւ հասարակութեան, որպէս գիտական աղբիւրներ եւ օգտագործելի նիւթեր։
Այդ շարքին մէջ կը դասուի հրեայ Եայր Աուրոնի «Իսրայէլ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» գիրքը, որ յունարէնի թարգմանուեցաւ Սերգօ Աղապատեանի կողմէ։ Նշենք, որ վերջինը հարուստ փորձառութիւն մը կուտակած է տասնամեակներու ընթացքին՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ կապ ունեցող ինքնագիր հրատարակութիւններու պատրաստութեամբ, ինչպէս նաեւ թարգմանիչի դերով, լոյս աշխարհ ընծայելով ընթերցողներու իմացական աշխարհը զարգացնող խնամուած հատորներ։
Հրեայի մը աչքով դիտուած Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ նոյնանման տառապանքին ենթարկուած ժողովուրդի մը հոգեբանական ու քննական հայեացքով նիւթը շօշափելու փորձը, թարգմանիչի աշխատանքին շնորհիւ կը դառնայ կարեւոր մէկ աղբիւր։ Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, ընթերցասէր հասարակութիւնը ներկայ եղաւ Աթէնքի Հրէական կեդրոնէն ներս, մօտէն ճանչնալու համար գիրքի հրատարակութեան։
Հետաքրքրական եղաւ հրեայ հետազօտող Մորիս Սաքիսի ներածութիւնը, որ շեշտակիօրէն նշեց, թէ մինչ հրեայ ժողովուրդին մէջ անժխտելի կը մնայ Հայոց ցեղասպանութեան իրաւացիութեան փաստը, պետութիւնը չկամութին ցոյց կու տայ պաշտօնապէս ճանչնալու անոր պատմական իրողութիւնը, որպէսզի նախ առաջնակարգ դիրքի վրայ մնայ Ողջակիզման ընկալումը որպէս մեծագոյն ոճիր, ապա ան կապ ունի տարածաշրջանային մեծապետական հաշիւներուն հետ, յատկապէս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ գործակցութեան որպէս հետեւանք։ Խօսողը յառաջ բերելով միջազգային արդարութեան եւ բարոյական սկզբունքներուն արժէքները, մատնանշեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը։
Հետաքրքրական եղաւ հրեայ-յոյն Թրասիվուլոս Փափասթրաթիսի վերլուծական խօսքը։ Ան յայտնեց, թէ իր վաղ երիտասարդութեան օրերէն ուսումնասիրած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ծալքերը, միաժամանակ հաստատելով նաեւ գերման կայսերապաշտութեան մեղսակցութիւնը, որ աւելի յետոյ պիտի դառնար Ողջակիզման պատճառը, առաջնորդելով միլիոնաւոր հրեաներու ոչնչացման։
Ան յատկանշականօրէն արտայայտուեցաւ հրեայ անձնաւորութիւններու մասին, որոնք փորձեցին երեւան հանել Հայոց Եղեռնիի փաստը, նշելով Ֆրանց Վերֆելի Մուսա Տաղի վէպը, որ լայն տարածում գտաւ հրեայ զանգուածներուն մէջ։ Խօսողը նաեւ փորձեց մեկնաբանել Ցեղասպանութեան ճանաչման դժկամութեան հետ կապ ունեցող Իսրայէլի պետական եւ արտաքին քաղաքականութեան մօտեցումները, ամփոփելով, որ բարոյական հիմերու վրայ յենած սկզբունքները ի վերջոյ պիտի սատարեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին՝ նաեւ Իսրայէլի կողմէ։
Ք.Է.
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ Հունաստանում տպագրվող «Ազատ օր» օրաթերթի այսօրվա համարում