Հայ իրաւաբանական միութեան Հայկական իրաւանց դիտորդ յանձնախումբը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ կոչ ըրաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ լրատուական աղբիւրներուն, որ իրենց հաղորդումներուն ընթացքին պատասխանատու դիրք որդեգրեն փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, մտահոգիչ նկատելով յատկապէս վերջերս կատարուած այն հաղորդումները, որոնք հայութիւնը թիրախ կը դարձնեն։
Յանձնախումբը կ՛առանձնացնէ յատկապէս Fox News-ի պարագան, որ անտեղի կերպով Հայաստանի դրօշակը ցուցադրած է ոճիրներու համար կասկածելիներու մասին հաղորդումներուն ընթացքին, բան մը, որ անտեղի կերպով հայ համայնքը թիրախ կը դարձնէ, հակահայ զգացումներ յառաջացնելով քանի մը անձերու արարքներուն պատճառով։
Շեշտելով, որ յստակ կերպով կը դատապարտէ քրէական որեւէ արարք՝ յանձնախումբը կ՛աւելցնէ, թէ լրատուամիջոցներուն այս մօտեցում ոչ միայն վտանգաւոր է, այլ նաեւ հարցականի տակ կը դնէ անոնցմէ ակնկալուող անաչառ կեցուածքը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: