Այս պահուն արդէն յստակ է, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յարձակումները Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ ո՛չ պատահական են, ո՛չ ալ պարզապէս քաղաքական։
Նոյնքան մտահոգիչ է Աննա Յակոբեանի աշխոյժ մասնակցութիւնը այս արշաւին։ Ան ո՛չ միայն կրկնեց այդ մեղադրանքները, այլ՝ ինքն իր վրայ կեդրոնացուց բոլորին ուշադրութիւնը՝ բարոյական գերազանցութեան շղարշով, աւելի քաղաքականցնելով արդէն իսկ գարշելի եւ վտանգաւոր այս ոխը։ Ընդդիմադիրները որոշ պարագաներու մէջ զինք անարգօրէն կոչած են վարչապետի «առաջին պարոնուհի»-ն, նկատի ունենալով իր քաղաքական անզուսպ եւ անքաղաքավարի վարքագիծը։
Ճակատագրական հակասութիւն մը կայ նաեւ այն իրականութեան մէջ, որ հասարակութեան մօտ երբեմն յուշուող հարցադրումներն ալ՝ Փաշինեանի իսկական հայրութեան շուրջ, լիովին անտեսուեցան այս զոյգին կողմէ։
Նշելի է, որ Յակոբեան ղեկավար դիրք ունի «Կենդանի Խօսք» աղանդին մէջ՝ շարժում մը, որ սկիզբ առած է Շուէտէն 1983-ին եւ կապուած է ամերիկեան «Հաւատքի շարժում»-ին։ Իր ազդեցութեամբ, բազմաթիւ հայ քաղաքական գործիչներ, հասարակական գործիչներ ու գործարարներ ներգրաւուած են այդ աղանդին մէջ։ 2024-ի լայնածաւալ բողոքներու յաջորդող օրերուն, երբ վարչախումբը փորձեց ձեւաւորել «պետականամէտ քաղաքական ճակատ մը» ընդդէմ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ հօգուտ Թուրքիոյ հետ հաշտութեան, Յակոբեանի աղանդակիցներ՝ Նաթալի Ալեքսանեանն ու Ռոման Նազարեանը, առաջ քշուեցան՝ այդ գործին ղեկը վերցնելու։ Եկեղեցւոյ գաղափարներուն հակառակորդ մը եղած Յակոբեան նպատակադրած է քանդել ազգային ինքնութիւնը՝ վերատեսութեան ենթարկելով Հայաստանի կրթական համակարգը։ Ան նախաձեռնած է Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը դպրոցական ծրագրերէն հանելու, ռազմահայրենասիրական դաստիարակութիւնը եւ պաշտպանական ուսուցումը վերացնելու, ինչպէս նաեւ հայերէնի ուսումնական ժամերը կրճատելու նախաձեռնութիւններ։ Իր արհամարհանքը աւանդութիւններու հանդէպ յայտնուած էր արդէն 2019-ին, երբ ան անպատշաճ հագուստով ներկայ եղաւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ հանդիպման, որ հասարակութեան մօտ լայնօրէն քննադատուեցաւ։
Այլապէս ալ վտանգաւոր է, որ Փաշինեան կը փորձէ կրկնել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մօտեցումը՝ կրօնական հաստատութիւններու նկատմամբ պետութեան վերահսկողութիւնը ամրապնդելով։ Ինչպէս Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական պատրիարքներու ընտրութիւնը կը վերահսկուի պետութեան կողմէ, եւ թեկնածուները պէտք է ունենան թուրք քաղաքացինութեան կարգավիճակ, նոյնպէս ալ Փաշինեանի յարձակումները Կաթողիկոսի եւ Եկեղեցւոյ դէմ կը յայտնեն պետական վերահսկողութեամբ ենթարկուող հոգեւոր ղեկավարութիւն ստեղծելու միտքը՝ Անգարայի մօտեցումին հետեւելով։
Այս արշաւին ժամանակաւորումը եւս անպատահական չէ։ Փաշինեան պէտք է հանդիպի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, Յունիս 20-ին՝ շարունակելու իր կոչած «խաղաղութեան գործընթացը»։ Սակայն շատ հայեր կը հաւատան, որ այս «խաղաղութիւնը» իրականութեան մէջ փորձ մըն է՝ Հայաստանի միացումը թուրք-ատրպէյճանական տարածաշրջանային դաշինքի մը՝ վերածելով Հայաստանը՝ թրքական վիլայէթի մը, ենթակայ Անգարայի եւ Պաքուի։ Փոխանակ պաշտպանելու հայկական հաստատութիւնները՝ ինչպէս Եկեղեցին, Փաշինեան կը ջանայ զայն ներսէն վարկաբեկել՝ կրկնելով ատրպէյճանական քարոզչական տեսակէտերը եւ հոգեւորապէս զինաթափ ձգելով ազգը։
Վերջապէս, Փաշինեանի վաճառած «խաղաղութիւնը» իրականութեան մէջ «վիլայէթ»-ացում է եւ հպատակութիւն։ Հայկական հողերը գռնագրաւուած, ինքնիշխանութիւնը փլած եւ ազգի հոգեւոր ժառանգութիւնը ոտնահարուած՝ վարչապետին յարձակումները Եկեղեցւոյ դէմ պէտք է դիտել ոչ որպէս առանձին սադրանքներ, այլ որպէս ռազմավարական ծրագիր մը՝ հայկական ինքնութիւնը քանդելու եւ երկիրը ներգրաւելու աւելի լայն թրքական գերիշխանութեան։
Հայ ժողովուրդը հիմա կանգնած է վճռական խաչմերուկի դիմաց. մնալ լո՞ւռ եւ ընդունի՞լ, որ իրենց հաստատութիւնները ներսէն կը քանդուին, թէ՞ պաշտպանել բարոյական ու մշակութային այն հիմքը, որ իրենց դարեր շարունակ պահպանած է։ Եկեղեցին, ինչպէս միշտ, պատրաստ է։ Հարցը այն է՝ ժողովուրդը պատրա՞ստ է։
Արա Նազարեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:
Նկարը գեներացված է արհեստական բանականության միջոցով: