Vatican news. Կիրակի, 22 Յունիս 2025-ի երեկոյեան, Ս. Պատարագին ընթացքին, չար ոյժը հարուածեց Դամասկոսի Տուեյլա թաղամասին մէջ գտնուող «Ս. Եղիա» յոյն ուղղափառ եկեղեցին: Ոճրագործութեան հետեւանքով՝ հաւատացեալներու շարքերէն անմեղ նահատակներ եւ վիրաւորներ ինկան, որոնք կը ցանկային ստանալ լոյսն ու խաղաղութիւնը։
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը խստօրէն կը դատապարտէ այս ոճրային յարձակումը, որ խախտած է Աստուծոյ տան սրբութիւնը, և բուռն կերպով կը պախարակէ այս բարբարոսական արարքը, որ երբեք կապ չունի որեւէ կրօնի կամ մարդկութեան հետ։
Մենք մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք նահատակներու ընտանիքներուն և հարազատներուն։ Կ’աղօթենք անոնց հոգիներու, վիրաւորներու ապաքինումին ու վշտացած սրտերու մխիթարութեան համար։
Անոնք, որոնք նահատակուեցան աղօթքի պահուն՝ բարձրացնելով իրենց սրտերը դէպի երկինք, անցած են յաւերժութեան դարպասները, պսակուած են նահատակութեան շնորհքով և ընդունած են իրենց տեղը սուրբերու շարքին։
Կարդացեք նաև
Անոնց անմեղ արիւնը այսօր ճշմարտութեան ձայնն է անարդարութեան դէմ և կենդանի յոյսը՝ յուսահատութեան դէմ։ Ան կոչ մըն է մեզի՝ միասին կրելու խաչը և քալելու խաղաղութեան ու յոյսի ճանապարհով, առանց վախնալու սարսափէն և առանց զիջելու ատելութեան։
Մենք կ’ընդգծենք պատասխանատու մարմիններու կողմէն այս յանցագործութեան հանգամանքները բացայայտելու և բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ պաշտամունքի վայրերու անվտանգութիւնն ու հաւատացեալներու արժանապատուութիւնը ապահովելու համար։
Վերջապէս, կը հաստատենք սիրոյ մէջ մեր անսասանութիւնը, խաղաղութեան հանդէպ մեր նուիրուածութիւնն ու լիակատար համերաշխութիւնը բոլոր տառապեալներուն հետ։ Մենք այս ողբերգութիւնը կը յիշենք մեր ջերմ պաղատանքներուն մէջ՝ խնդրելով յարուցեալ Տիրոջմէն, որ իր Յարութեան լոյսով փարատէ մահուան գիշերն ու ատելութեան խաւարը։
Եղբայրական նախաձեռնութեամբ, որ կ’արտայայտէ մեր Եկեղեցիներուն միջեւ հոգևոր հաղորդակցութեան ու համերաշխութեան խորութիւնը, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը հեռաձայնային կապ հաստատած է Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիին Անտիոքի և Համայն Արևելքի Պատրիարքին՝ Նորին Սրբութիւն ՅովհաննԷս Ժ. Եազիժիին հետ՝ իմանալու ողբերգական իրավիճակը, արտայայտելու իր խոր ցաւն այս տառապանքին ի տես, ինչպէս ալ յայտնելու սրտակցութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին անունով, աղօթելու զոհերու, անոնց ընտանիքներու եւ վիրաւորներու ապաքինումին համար։
Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւն