Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Պատրիարքական Սուրբ պատարագով ու մեծաշուք տօնախմբութեամբ Սուրբ Էջմիածնի տօնը նշուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Մահանգներու Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարէն ներս

Հունիս 24,2025 23:44

Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Գահակալ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք, Կիրակի 22 Յունիս 2025-ի առաւօտուն, Սուրբ Էջմիածնի Տօնին, հիւրընկալութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճաին մէջ մատոյց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։

Մայր Տաճարի զանգերու բերկրալի ղօղանջներուն ներքոյ պատրիարքական շքեղ թափօրը առընթերակայութեամբ գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տէր Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի, Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանի եւ Օգնական Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեանի եւ առաջնորդութեամբ հոգեւորականաց դասուն, սարկաւագաց ու դպրաց ուղղուեցաւ Մայր Տաճար կեդրենական Սուր Խորան։ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Արթիւր Սրկ. Վարդանեանին, համատեղութեամբ՝ Մայր Տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ՝ Ստեփան Սրկ․Գոզումեանին։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Գերշ. Տէր Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք․ Մարտիրոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի ներկայացուցիչ՝ Արհիապատիւ Տէր Բարսեղ Եպս. Պաղտասարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան Հովիւ՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Կլէնտըլի քաղաքապետ՝ Տիար Արա Նաճարեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տէր եւ Տիկին Տէրիք Ղուկասեան, Թեմի հոգեւորականաց դասէն ու Թեմական Խորհուրդէն անդամներ, այլ յարանուանութիւններէ ներկայացուցիչներ, Ծխական Խորհուրդի անդամներ, Մայր Տաճարի պատկառելի կնքահայրեր, Պատրիարք Հօր այցելութեան Արեւմտեան Թեմի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Տէր եւ Տիկին Սարօ Մարուքեան եւ յանձնախումբի միւս անդամներ եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը:

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ Գերշ․ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի եւ Գերշ․ Տէր Մուշեղ Արք․ Մարտիրոսեանի կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք վասն անսասանութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։ Ապա, Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր։ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Հայ եկեղեցւոյ զաւակաց համար յատուկ կարեւորութիւն ունի Սուրբ Էջմիածնի Տօնը եւ թէ յիշարժան առիթը Արեւտեան Թեմէն ներս առաւել եւս կ՛՚իմաստաւորուի Պատրիարք Հօր պատմական այցելութեամբ եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ։

Բարձրաշնորհ Սրբազանը աւելցուց, որ շաբաթ մը տեւողութեան ընթացքին Պատրիարք Հայրը առիթը ունեցած էր թեմական տարբեր կառոյցներ այցելելու, Թեմի հոգեւորականաց դասին, ժողովականներուն ու ժողովուրդին հետ համախմբուելու եւ իր պատգամներն ու Պոլսոյ Պատրիարքութեան ու ժողովուրդի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու բոլորին։ Սրբազան Հայրը նշել տուաւ, որ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով իր գագաթնակէտին կը հասնէր պատմական այցելութիւնը, ապա հրաւիրեց Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ Արեւմտեան Թեմէն ներս կազմուած հիւրընկալութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Սարօ Մարուքեանը, որ յանուն Արեւմտեան Թեմին Պատրիարք Հօր նուիրեց Մարուքեանի ձեռագործներէն եպիսկոպոսական լանջախաչ մը։ Առ այդ, Սրբազան Հայրը նաեւ փոքր լանջախաչ մըն նուիրեց Պատրիարք Հօր ընկերացող գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին։

Նուիրաբաշխումէ ետք Պատրիարք Հայրը հետեւեալ բնաբանը ընտրելով իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն ․- «Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ. թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի» (Սղմ 137.1)։ Պատրիարք Հայրը Սաղմոսի իմաստը բացատրելէ ետք, զայն հետեւեալ նախադասութեամբ պատշաճեցուց եւ կապեց Սուրբ Էջմիածնի տօնին ու խորհուրդին հետ.- «Սուրբ Էջմիածին, եթէ քեզ մոռնամ, թող իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի»։

Պատրիարք Հայրը ըսաւ, որ Սուրբ Էջմիածինը Հայ Եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին մէջ դարեր շարունակ եղած է միացնող զօրութիւն մը, որ եղած է նաեւ բարոյական զօրութիւն մը եւ Աստուծոյ մխիթարական շնորհները Հայ ժողովուրդին փոխանցող օրրանը։ Պատրիարք Սրբազանը աւելցուց, որ Սուրբ Էջմիածինը եղած է Հայոց քրիստոնէացման այն կոթողը, որու հեթանոսական հիմերուն վրայ Աստուածային նախախնամութեամբ կառուցուած է Հայ ժողովուրդի յաւերժութիւնը խորհրդանշող, Հայոց փրկութեան ու միութեան խորհրդանիշ հանդիսացող Միածնաէջ Մայր Տաճարը։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիրաքը շեշտեց, որ Սուրբ Էջմիածինը որպէս խորհուրդ ու լուսաշող փարոս դէպի յոյս, առաւել կեանք ու անմահութիւն է առաջնորդած Հայ ժողովուրդը։

Ապա Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խնդիրներուն։ Ան օրինակով մը խօսեցաւ եւ յաջորդիւ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդը յատկապէս վերջին տարիներուն ապրեցաւ մեծ փորձութիւններ, որոնք սովորականէ դուրս ազդեցութիւններ ունեցան մեր ժողովուրդին վրայ։ Աւելի պարզ եթէ բացատրենք, այս բոլորը դարձան մշուշ մը, որուն մէջ կարելի չէ ճշգրիտ ձեւով զանազանել եղբայրն ու թշնամին։ Մշուշը այնպիսի բնոյթ մը ստացաւ, որ ո՛չ ոք կրնայ տեսնել իր շուրջը կանգնած եղբայրը, որ իր կարգին պատճառ կը դառնայ բախումներու գոյացման։ Մեր պատմական փորձառութիւնը մեզի հարցնել կ՚ուտայ հետեւեալը. «Միթէ կարելի՞ է որ Հայոց Եկեղեցին եւ Հայոց պետականութիւնը իրարու թշնամի ըլլան»։ Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ Սուրբ Էջմիածնի Տօնին մշուշը վերանայ Հայոց երկնակամարէն եւ եղբայրներ կրկին անգամ միանան ի սէր հայ ժողովուրդին բարւօք եւ խաղաղ ապագային։

Պատրիարք Հայրը իր քարոզի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին, որ շաբթուայ մը տեւողութեամբ ամէն փուլի իրեն ուղեկցած էր, եւ որու գլխաւորութեամբ ու Թեմական Խորհուրդի հրաւէրով ու կարգադիր յանձնախումբի ու շատերու ներդրումով ամենայն բծախնդրութեամբ մշակուած եւ ի գործ դրուած էր օրհնաբեր այցելութեան ժամանակացոյցը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ այցելութիւնները առիթ դարձած էին մօտէն իրազեկ եւ վկան դառնալու Արեմտեան Թեմէն ներս Սրբազան Հօր կատարած հսկայ գործունէութեան, Թեմի յարատեւ ծաղկումին, եկեղեցիներու ու դպրոցներու շինութեան, յարակից կառոյցներու հաստատման եւ ազգօգուտ նոր ծրագիրներու մշակման։ Այս առթիւ յաջողութիւն մաղթեց Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին եւ իրեն նուիրեց ադամանդակուռ ձեռաց խաչ մը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Պոլսոյ Երանաշնոր Տ. Գարեգին Խաչատուրեան, Տ. Շնորհք Գալուստեան, Տ. Գարեգին Գազանճեան եւ Տ. Մեսրոպ Մութաֆեան Պատրիարքներու յաւիտենական հանգիստի, ինչպէս նաեւ նորոգ հանգուցեալ Պոլսահայ բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ Էսաեան Վարժարանի տնօրինուհիներէն Աննա Քավաֆեանի հոգիներու խաղաղութեան համար։

Եկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ, որմէ ետք ի պատիւ Նորին Ամենաբատութեան Առաջնորդարանի Գալայճեան սրահի մէջ տեղի ուենացաւ աշտօնական ընդունելութիւն, ուր մեծ թիւով հրաւիրեալ իրենց խորին երխտագիութիւնն ու քաջառողջութեան լաւագոյն բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Կոստանդնուպոլսոոյ նուիրապետական Աթոռին Գահակալին, միաբանութեան ու բարեպաշտ ժողովուրդին։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս    
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30