Յայտարարութիւն Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն խստագոյն ձեւով կը դատապարտէ Փաշինեանի վարչակարգին կողմէ Հայաստանի ազգային հաստատութիւններու՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ-ի դէմ սաստկացած ու համակարգուած հալածանքները։ Սրբազան Բագրատ Արք․ Գալստանեանի ձերբակալութիւնը՝ «ահաբեկչութեան» կեղծ մեղադրանքներով, եւ անոր հետ միատեղ՝ Հ.Յ.Դ. անդամներու բնակարաններու եւ գրասենեակներու նկատմամբ քաղաքական շարժառիթներով կատարուած ապօրինի խուզարկութիւնները, նոր ու վտանգաւոր էջ մըն է Հայաստանի մէջ բռնապետութեան խորացման ճանապարհին։
Ասոնք իշխանութեան չարաշահումի օրինակներ չեն, այլ ծրագրուած քաղաքականութիւն՝ լռեցնելու համար բոլոր ընդդիմադիր ձայները եւ ոչնչացնելու բոլոր այն կառոյցները, որոնք հայկական ինքնութեան հիմնաքարը կը կազմեն։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ պատճառեց Արցախի աղէտալի յանձնուիլը եւ մեր հայրենակիցներու բռնի տեղահանումը, այժմ հայեացքը ուղղած է դէպի ներս՝ փորձելով ջարդել իւրաքանչիւր ձայն, որ բարոյական ու ազգային մեկնակէտ ունի։
Անոր հրապարակային գռեհիկ արշաւը՝ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դէմ՝ անձնական անհիմն յարձակումներով, անպարկեշտ ակնարկներով եւ անոր հեռացումը պարտադրելու կոչերով, ոչ միայն բարոյական վիրաւորանք է, այլեւ բացայայտ փորձ՝ Եկեղեցին իր իշխանութեան ենթարկելու։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, որ աւելի քան 1700 տարի եղած է մեր հաւատքի եւ ինքնութեան պահապանը, այսօր շրջապատուած է վարչակարգի մը կողմէ, որ կը սարսափի անոր հոգեւոր հեղինակութենէն։
Կարդացեք նաև
Նոյնպէս, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ որ ազգային ազատագրական պայքարի ծնունդ է եւ նուիրուած է հայ ազգի պահպանման ու ազատագրութեան դատին՝ այսօր թիրախաւորուած է, ո’չ թէ որեւէ յանցանքի համար, այլ որովհետեւ հաստատակամ ձեւով կը մերժէ ենթարկուիլ բռնատիրութեան։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Ամերիկայի Արեւելեան շրջաններուն մէջ աւելի քան մէկ դարեայ իր ներկայութեամբ, ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի մեր ընկերներուն։ Պոսթընէն մինչեւ Ֆիլատելֆիա, Նիւ Եորքէն մինչեւ Փրաւիտընս, մեր համայնքները կ’ըմբռնեն այս պահի նշանակութիւնը, իբրեւ պայքար՝ հայկական ազգի գոյութեան եւ անոր սրբագոյն հաստատութիւններու պաշտպանութեան համար։ Մենք կը մերժենք վարչակազմի ահաբեկչական եւ դաւաճանական քաղաքականութիւնը եւ կը վերահաստատենք մեր անսասան նուիրումը՝ Հայ Եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ զանոնք շաղկապող անխախտ կապին։
Պաշտօնը ստանձնելէ ի վեր, Նիկոլ Փաշինեան խախտած է ժողովրդավարութեան հիմքերը, իբրեւ զէնք շահագործած է պետական համակարգը, եւ իշխանութիւն վարած է վախի ու բռնութեան մթնոլորտ տարածելով։ Միաժամանակ, արտաքին քաղաքականութեան մէջ որդեգրած է զիջումի ու անձնատուութեան ուղին՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի առջեւ քծնելով՝ ի հաշիւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, արժանապատուութեան եւ անվտանգութեան։
Մենք կոչ կ’ուղղենք ողջ հայ ժողովուրդին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, մերժել վախկոտութեան եւ դաւաճանութեան այս վարչակարգը։ Հ․Յ․Դ․-ն ամուր կը մնայ։ Մենք կանգ պիտի չառնե՛նք։ Մենք պիտի չլռե՛ենք։
Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէ
26 Յունիս 2025