Ֆրանսայի նախագահին հրապարակումը Հայաստանի վարչապետին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին կարգ մը հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ:
Նախ, առաջին բաժինը. «Շատ լաւ հեռախօսազրոյց ունեցայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Յայտնեցի Ֆրանսայի համերաշխութիւնն` ի պատասխան Հայաստանի ժողովրդավարութիւնն ապակայունացնելու փորձերի»:
Այստեղ շատ յստակ ձեւով կ՛ըսուի, որ Փարիզը կողմ է եւ կը զօրակցի ներհայաստանեան իրադարձութիւններուն նկատմամբ իշխանութիւններուն կիրարկած քաղաքականութեան: Ընդ որում` ներխուժումներուն, հարցաքննութիւններուն, բերման ենթարկելու դէպքերուն, ձերբակալութիւններուն եւ կալանաւորումներուն:
… Ֆրանսա եւ Ռուսիա գերլարուած յարաբերութիւններ ունին: Յատկապէս Ուքրանիոյ պարագային Ֆրանսան չի պահեր հրադադարին համաձայն չըլլալու իր դիրքորոշումը: Ի հարկէ միայն Ուքրանիոյ թղթածրարը չէ Փարիզ-Մոսկուա թշնամական հռետորաբանութեան սահմանները հատած լարուածութեան պատճառը:
Կարդացեք նաև
Ներքին-արտաքին քաղաքականութիւններու հանդէպ այս անվերապահ զօրակցութիւնը Ֆրանսայի կողմէ հիմնուած է ռուսական գործօնը հարուածելու շարժառիթին վրայ: Այս յայտարարութեամբ այնպէս կը հասկցուի, որ Երեւանի սանձազերծած բռնաճնշումի գործողութիւններուն նպատակը ռուսական գործօնին հետ առնչուած է:
Այստեղ յայտնաբար կը նոյնանան Փաշինեանին եւ Մաքրոնին մօտեցումները: Քոչարեանէն մինչեւ Կարապետեան անցնելով ընդդիմութեան ուժերէն մինչեւ հայոց եկեղեցի, Փաշինեան իր հարուածները կ՛արդարացնէ ռուսական գործօնի հեռացման նպաստող գործողութիւններով:
Մաքրոն այս հրապարակումով կ՛որդեգրէ իշխանութիւններուն հրապարակ նետած թէզերը, հակաժողովրդավարական քայլերը կ՛արդարացնէ ժողովրդավարութիւնը ապակայունացնողները չէզոքացնելու գործողութիւններով:
Յանուն ժողովրդավարութեան ներկայացողը ըստ էութեան կը քաջալերէ հակաժողովրդավարութիւնը, հերթական անգամ ընդգծելով, որ ժողովրդավարութիւնը կամ հակաժողովրդավարութիւնը պարզապէս միջոցներ են քաղաքական ծրագիրներ յաջողութեան կամ ձախողութեան առաջնորդելու:
Այս պարագային հակաժողովրդավարութիւնը քաջալերելով:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում