Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սահմանադրութեան մէջ Հայ եկեղեցիին վերաբերեալ յօդուածները անոնց ամենեւին պետութեան մէջ պետութիւն մը ըլլալու կարգավիճակ չեն շնորհեր. «Ասպարեզ»

Հուլիս 02,2025 10:46

Երբ պետութիւնն ու հասարակութիւնը կազմուած են բազմակարծիք եւ թափանցիկ ըլլալու հիմունքներով, եկեղեցւոյ իշխանական կառոյցներուն մեծ մասը ունի վեհապետական, այլ խօսքով՝ նուիրապետական եւ ոչ-ժողովրդավարական ղեկավարման բնոյթ:

Արդարեւ, կառուցուածքային այս լարուածութիւնը ինքնաբերաբար կը բարձրացնէ կեդրոնական հարց մը. ինչպէ՞ս կրնայ ղեկավարման միապետական աւանդոյթ ունեցող կազմակերպութեան մը գոյութիւնը համատեղելի նկատուիլ ժողովրդավարական-սահմանադրական պետութեան հիմնարար արժէքներուն հետ, եւ ի՞նչ դեր կը խաղայ եկեղեցւոյ պատմականօրէն ձեւաւորուած յատուկ դիրքը այս իրավիճակին մէջ: Առկայ յօդուածին առաջադրանքն է քննարկել այս հարցը եւ քննադատաբար լուսաբանել, թէ եկեղեցին որքանո՞վ կը գործէ իբրեւ «իրաւական միապետութիւն» ժողովրդավարական-սահմանադրական պետութեան եւ հասարակարգի շրջանակներուն մէջ։

Արդար գնահատականով մը անդրադառնալու համար, նախ պէտք է զանազանել Հայց. առաք. եկեղեցին իր կառավարման իւրայատուկ ձեւին մէջ՝ զայն տարբերելով Հռոմէական կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներէն։ Հայ եկեղեցին աւանդաբար ինքն իրեն գնահատած է իբրեւ կառավարման ժողովրդավարական աւանդոյթներ ունեցող եկեղեցի մը։ Առնուազն 447ին գումարուած Շահպիվանի ժողովի կազմութեան մէջ նկատելի կը դառնան նախադրեալները եկեղեցական օրէնսդիր համագումարի մը, որ հայոց եկեղեցական պատմութեան մէջ կը գնահատուի որպէս Ազգային-եկեղեցական ժողով՝ Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսի, 40 եպիսկոպոսներու, բազմաթիւ երէցներու, սարկաւագներու եւ եկեղեցւոյ համօրէն ուխտի՝ իշխաններու, գաւառապետերու, գաւառակալներու, բռնաւորներու, զօրագլուխներու, հարիւրապետերու, ազատներու, շինականներու, կուսակալներու, նաեւ բոլոր նախարարներու մասնակցութեան համար։ Սոյնը ունի եզակի նշանակութիւն, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն ոչ իսկ 150 տարի անց, Հայ եկեղեցին իր որոշումները կ՛առնէ ոչ թէ բացառաբար եկեղեցականներուն մենաշնորհուած իրաւասութիւններով, այլ եկեղեցւոյ համօրէն ուխտին՝ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներկայացուած մասնակիցներու գործակցութեամբ։

Բայց միթէ՞ այսպէս եղաւ բոլոր ժամանակներու ընթացքին՝ դժուար է ըսել։ Այնուամենայնիւ, ժամանակի հոլովոյթին եւ պատմութեան վերիվայրումներուն մէջ պահպանուեցաւ գոնէ վաւերական աւանդոյթ մը, որ կը յարատեւէ մինչեւ այսօր՝ կրելով առանձնայատուկ տիտղոս մը «Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Ազգային-եկեղեցական ժողով» անունով։

Սոյն ժողովը կը հանդիսանայ Հայ եկեղեցւոյ իրաւական եւ վարչական կառոյցին ամենահեղինակաւոր մարմինը՝ խտացնելով իր մէջ օրէնսդրական, որոշումներու կայացման եւ ընտրական բոլոր լիազօրութիւնները։

Այսուհանդերձ, Հայ եկեղեցիին «ժողովրդավարական» բնութագիր ընծայող այս եզակի կառոյցն ալ զերծ չէ բացթողումներէ, որոնք յատկապէս վերջին շրջաններուն առաւել եւս զգալի դարձան ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ, եւ այս առումով յառաջացած բարդութիւնները չեն նպաստեր եկեղեցին եւ հասարակութիւնը դրական լուծումներու ուղղորդելու։

ԱԶԳԱՅԻՆ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ՀՐԱՒԻՐԵԼՈՒ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

Յստակ կը դառնայ, որ Ազգային-եկեղեցական ժողով հրաւիրելու իրաւասութիւ-նը սահմանափակուած է բացառաբար երկու անձերու պաշտօնին մէջ՝ յանձինս Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ իր վախճանման առթիւ եպիսկոպոսական արտահերթ ժողովէն ընտրուած կաթողիկոսական տեղապահին։

Սակայն այս կանոնակարգը ինքնին կը յառաջացնէ եկեղեցաբանական եւ կառուցուածքային լուրջ խնդիր։ Նախ, որ կաթողիկոսական տեղապահի գործունէութիւնը պայմանաւորուած է կաթողիկոսի վախճանումով եւ աթոռի թափուր մնալու փաստով․ պաշտօն մը, որ կը գոյատեւէ առաւելագոյնը վեց ամիս՝ մինչեւ նոր կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը։ Սոյնը կը նշանակէ, որ Ազգային-եկեղեցական նոր ժողովի մը գումարումը հրաւիրելու լիազօրուած միակ հեղինակութիւնը կը մնայ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը։

Վերջին երկու տասնամեակներու եկեղեցական կեանքի վերիվայրումները ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ անհրաժեշտութեան պարագաներուն, երբ կաթողիկոսը կը դժկամի հրաւիրելու Ազգային-եկեղեցական ժողովի մը գումարումը, գոյութիւն ունի ոչ մէկ կառոյց իրականացնելու սոյնը՝ շրջանցելով կաթողիկոսը։

Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի կայքէջը Ազգային-եկեղեցական ժողովի իրաւասութիւններուն անդրադառնալով ցաւօք չի նշեր, որ այդ ժողովը միաժամանակ ամբողջական ու անմնացորդ լիազօրութիւնը ունի կաթողիկոսը աթոռազրկելու, երբ,– ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ,– առկայ են չարաշահումներու եւ բացթողումներու ծանրակշիռ պարագաներ։ Բնականաբար տրամաբանական եզրակացութիւնը այն է, որ Լուսաւորչի գահին վրայ Ամենայն հայոց կաթողիկոս ընտրելու միակ իրաւասութիւն ունեցող կառոյցը միաժամանակ ունի ամբողջական լիազօրութիւնը նոյն կաթողիկոսը իրեն վստահուած պաշտօնէն հեռացնելու։

Այս խորապատկերին վրայ կը յառաջանայ հիմնարար եւ կարեւորագոյն ուրիշ հարց մը. արդարեւ ո՞վ է իրաւասու, որ հրաւիրել կարենայ Ազգային-եկեղեցական ժողովը, եթէ կաթողիկոսը չի կատարեր զայն, այլեւ չի հրաժարիր իր պաշտօնէն։ Այսպէս, նմանօրինակ դէպքերու առթիւ, եկեղեցին վարչական առումով խցուած կը մնայ փակուղիի մէջ։ Սոյնը հասկնալի ու մեկին կը դարձնէ, որ ճգնաժամային իրավիճակներու ստեղծման պարագային Հայ եկեղեցւոյ որոշումներ կայացնելու ու անոնց վերահսկողութեան հետեւելու քայլերը երաշխաւորուած չեն։

Սահմանադրութեան մէջ կրօնական կազմակերպութիւններուն, ընդսմին Հայ եկեղեցիին վերաբերեալ յօդուածները անոնց ամենեւին պետութեան մէջ պետութիւն մը ըլլալու կարգավիճակ չեն շնորհեր:

Հայ եկեղեցին չունի պետութեան հետ կնքուած համապատասխան պայմանագիր՝ քոնքորտաթ (1), ինչպէս ան գոյութիւն ունի մասնաւորաբար Վատիկանի եւ շարք մը ինքնիշխան պետութիւններու միջեւ։

Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ կրօնական կազմակերպութիւններուն, ընդսմին Հայ եկեղեցիին վերաբերեալ յօդուածները անոնց ամենեւին պետութեան մէջ պետութիւն մը ըլլալու կարգավիճակ չեն շնորհեր։

Հայ եկեղեցին, այս պարագային Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը, Վատիկանի նման եկեղեցապետութիւն մը չէ եւ պէտք չէ որ ըլլայ՝ պահելու համար իր ազգային, հոգեւորբարոյական նկարագիրն ու գերազանց կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ինչպէս այդ մասին ամրագրուած է Հայաստանի Սահմանադրութեան «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին» առանձին խորագիրը կրող 18րդ յօդուածի առաջին համարին մէջ.

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու՝ որպէս ազգային եկեղեցու բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում»։

Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ նշուած պետութեան կողմէ երաշխաւորուած կրօնական կազմակերպութիւններու գործունէութեան ազատութիւնը եւ պետութենէն անջատ ըլլալու փաստը կամայականութիւն չի նախադրեր։ Հայաստանի մէջ գործող կրօնական կազմակերպութիւններու, ընդսմին Հայ եկեղեցիին հոգեւոր առաքելութիւնը իրաւունք չի վերապահեր պետական-քաղաքական ներքին գործերուն միջամտելու եւ հակառակը՝ պետութիւնը կամ օրուան քաղաքական իշխանութեան ներկայացուցիչները իրենց կարգին ներգրաւուելու եկեղեցւոյ դաւանաբանական, ծիսական եւ հովուական հարցերուն մէջ։

Ամփոփելով՝ Հայ առաքելական եկեղեցիին նման ազգային-ժողովրդական կառոյց մը պէտք չէ 21րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց կառչած մնայ իր երբեմնի հաստատութենական, միապետական անզիջող դիրքերուն։ Ժամանակակից կեանքը կը բնութագրուի ընկերային-հասարակական, գիտական, ճարտարագիտական եւ արհեստական բանականութեան ասպարէզներու աննախընթաց նուաճումներով, որոնք շարունակաբար աճող եւ նոր մարտահրաւէրներ կը յղեն աւանդական կառոյցներուն՝ դնելով ազգերն ու ժողովուրդները աննախադէպ յառաջընթացի եւ ինքնորոշման լայն հորիզոններու առջեւ։ Ինչքան ալ եկեղեցին ճիգ գործադրէ իր խօսքը հաղորդակից դարձնել արդի սերունդին, միեւնոյն է, աւանդական շատ մը երեւոյթներ այնուհետեւ ընկալելի չեն հասարակութեան լայն խաւերուն։ Ժողովրդավարական-սահմանադրական հանրապետութեան մէջ, ուր թափանցիկութիւնը, մասնակցութիւնը եւ բազմակարծութիւնը ընկերային-հասարակական կեդրոնական արժէքներ են, չափազանց կարեւոր է, որ եկեղեցիէն ներս որոշումներու կայացումը նոյնպէս դառնայ աւելի ժողովրդավարական եւ ոչ թէ աւանդական կառոյցներէ կառչած կայանայ բացառաբար միապետական, նուիրապետական եւ, իսկութեան մէջ, կղերապետական սկզբունքով։

Առ այս անհրաժեշտ է, որ որոշակի սահմանափակուի կաթողիկոսի միահեծան հեղինակութիւնը։ Այսօրուան վիճակով փաստօրէն եկեղեցիէն ներս որոշումներ կայացնողը բացառաբար ինք է, իսկ իր շուրջբոլորը գտնուող կառոյցները բառացիօրէն իրեն ենթակայ եւ, խորքին մէջ, իրեն սպասարկող մարմիններ են։ Վկայութիւն մը չունինք, որ այսպէս կոչուած Եպիսկոպոսաց ժողովին կամ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովներէն մէկուն մէջ որեւէ եպիսկոպոս կամ աշխարհական ներկայացուցիչ հակադրուի կաթողիկոսի թէկուզ ամենաանհեթեթ որոշումին կամ կամայական ցանկութեան։ Իսկ անոնք, որոնք համակարծիք չեն, բայց չեն բարձրաձայներ իրենց անհամաձայնութիւնը՝ լռելեայն սատարողներ կը հանդիսանան նուիրապետական բրգաձեւ կառոյցին, վերէն-վար թելադրուող հրահանգներուն եւ միահեծան հեղինակութեամբ կայացուած որոշումներուն։ Սոյնը ենթադրել կու տայ, որ Հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները մեծաւ մասամբ, թերեւս ամբողջութեամբ, կաթողիկոսին ենթակայ պաշտօնակատարներ են եւ, հետեւաբար, հիմնականին մէջ ընդամէնը կախեալ, վարչական նուաստ դեր մը կը զբաղեցնեն եկեղեցւոյ որոշումներ կայացնելու ընթացակարգին մէջ։

Իրականութեան մէջ կաթողիկոսն ալ եպիսկոպոս մըն է եկեղեցւոյ նուիրապետական (սարկաւագ, քահանայ, եպիսկոպոս) եռաստիճան կարգին մէջ։ Ուստի ան, հակառակ իրեն շնորհուած մասնաւոր օծումին, «եպիսկոպոսապետ», «հայրապետ», «ծայրագոյն պատրիարք» եւ «կաթողիկոս» կոչումներուն, կը գլխաւորէ եպիսկոպոսաց դասը՝ որպէս primus inter pares, այսինքն՝ առաջինը պաշտօնով հաւասարներուն մէջ: Այսպէս, եկեղեցւոյ իշխանութիւնը չի կեդրոնանար մէկ անհատի ձեռքին մէջ, այլ հաւասարապէս կը տարածուի բոլոր եպիսկոպոսներուն վրայ՝ բարձրացնելով Եպիսկոպոսաց ժողովի հեղինակութիւնը Հայց. առաք. եկեղեցւոյ վարչական կառոյցէն ներս։

Հայրապետական կոնդակներու վերտառութեան մէջ գործածուած «ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի» տիտղոսը պէտք է ճիշդ ընկալել եւ իրագործել եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Իշխանատենչութիւնը յարիր չէ հոգեւոր առաջնորդի ու սպասաւորի կոչումին։ Եկեղեցիին մէջ մեծութիւնը կ՛իրականանայ խոնարհութեան եւ ծառայասիրութեան ճամբով։ Եկեղեցւոյ առաջին սպասաւորին գերազանց կարգախօսը պէտք է ըլլայ ծառայել, քան իշխել, քանզի Յիսուսի տիրաւանդ պատգամով ան կոչուած է ոչ թէ էութեամբ ըլլալու տէր, այլ ծառայ բոլոր հաւատացեալներուն եւ Հայ եկեղեցիին։ Այսպէս, վերոգրեալ կաթողիկոսի տիտղոսը կը խորհրդանշէ, որ Հայ եկեղեցիին անունով իրեն շնորհուած իշխանութիւնը ոչ թէ հարկադրող, այլ գերազանցապէս հոգացող եւ բառին բուն իմաստով որպէս հովիւ պատսպարող եւ առաջնորդող բնոյթ ունի։

Արդեօ՞ք կարիք կայ վերստին յիշեցնելու, որ Հայց. առաք. Ս. եկեղեցւոյ Ազգային-եկեղեցական ժողովը Հայ եկեղեցւոյ իրաւական եւ վարչական կառոյցին ամենահեղինակաւոր մարմինն է, որուն ճնշող մեծամասնութիւնը կազմուած է աշխարհական պատգամաւորներէ։

Հայ եկեղեցին ընդունած չէ «Պապական անսխալականութեան վարդապետութիւն»ը, որ ԺԹ. դարուն որդեգրեց Կաթողիկէ եկեղեցին Վատիկանի Ա. ժողովին մէջ։ Հայ ժողովուրդը դարերու հոլովոյթին մէջ որքան ալ մեծարած, նոյնիսկ սրբացուցած ըլլայ իր հոգեւոր առաջնորդը՝ զայն բնաւ եւ երբեք չէ նկատած անսխալական կամ անձեռնմխելի անձնաւորութիւն։ Եւ յետոյ, ի՞նչ կը նշանակէ «ցկեանս»։ Եկեղեցւոյ մէջ ցմահ պաշտօնավարութեան գործընթացը նոյնպէս արժանի է քննադատական մտածողութեան: Ի՞նչ կը նշանակէ այսօր մէկը ընտրել «ցմահ», այսինքն զինք պաշտօնի վրայ պահել մինչեւ անոր վախճանը: Այս հնաբոյր սովորոյթը լուրջ հարցեր կը յառաջացնէ. արդեօ՞ք նման կառուցուածք մը իսկապէս կը նպաստէ եկեղեցական կեանքի բարենորոգման եւ կենսունակութեան, թէ՞ փոխարէնը չի յանգեցներ կորդացման ու հաստատութենական կաթուածահարութեան: Ժամանակակից, աշխուժ հասարակութեան մէջ կանոնաւոր հաշուետուութիւնը, տարիքային սահմանափակումները եւ անձնակազմի թարմացումը կը համարուին ժողովրդավարական կարեւորագոյն սկզբունքներ, իսկ ցմահ պաշտօններու կառչիլը կը թուի միանգամայն ժամանակավրէպ: Այս լուրջ հակասութիւնն ու անհամապատասխանութիւնը պէտք է անպայման զգօն քննարկումներու եւ եկեղեցիէն ներս հնարաւոր բարեփոխումներու առիթ դառնան։

Դոկտ․ Աբէլ ՔՀՆՅ․ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն    
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031