Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Վարչապետ Փաշինեան, Ձեզի արտօնուած չէ Ձեր զբաղեցուցած պետական դիրքն ու պաշտօնը օգտագործելով՝ որեւէ կերպով միջամուխ ըլլալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն. հայտարարություն

Հուլիս 04,2025 09:00

Հայաստանաբնակ թէ սփիւռքաբնակ գիտակից հայը ապշած՝ ափսոսանքով եւ զզուանքով կը հետեւի այս օրերուն իր հայրենիքին մէջ, յանկարծ ստեղծուած, կատարեալ քաոսային եւ ամօթալի վիճակին:

Այս պայմաններուն մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համադրուած մամուլը իր կարգին, ինչպէս հանդարտ մտածողութեան տէր այլ շրջանակներ, ստիպողաբար հարց կուտայ նախ, թէ ո՞ւր են այս ահաւոր կացութեան պատասխանատուները, եւ յետոյ մանաւանդ՝ ինչպէ՞ս կարելի է մարեցնել եւ կասեցնել տառացիօրէն ազգակործան այս վիճակը հայրենիքին մէջ:

Որոշ է, թէ ներկայ՝ արդէն իսկ խառնակ համաշխարհային քաղաքական շատ բարդ վիճակին մէջ, Հայաստանը իր ամբողջական ոչնչացումը կանխելու համար, պարտաւոր է առաջին հերթին, իր դիմադրողականութեան բոլոր միջոցները, ահազանգային ջանքերով, եւ որքան կարելի է համազգային միասնականութեամբ, հզօրացնել: Սակայն, փոխարէնը, Հայաստանը անհաւատալիօրէն ինք իր ձեռքով, ընդհակառակը, ձեռնարկած է իր դիմադրողականութեան կառոյցին հզօրագոյն ազդակները ոչնչացնելու աշխատանքին:

Հետեւաբար, այսօրուան ազգային անյետաձգելի հրամայականն է, սառը դատողութեամբ՝ դիտելով կատարուածները իրենց ամբողջութեանը մէջ, բնորոշել նախ հիմնական պատճառները, որոնք հասցուցած են երկիրը մինչեւ այս վիճակին, եւ յետոյ՝ բանաձեւել այն պահանջները, որոնց անյետաձգելի գործադրութեամբ է որ Հայաստան աշխարհը կրնայ դուրս գալ այս ամօթալի վիճակէն:

Մօտ անցեալին թէ ներկայիս կարեւորագոյն իրարայաջորդ իրադարձութեանց վերլուծման իբրեւ հետեւանք մեր ախտաճանաչումը կ’առաջնորդէ այն հակիրճ եզրակացութեան, թէ Սահմանադրական յօդուածներով եւ նոյն կարեւորութեամբ ալ մեր բազմադարեան պատմութեան հայրենասիրական հրաշալի աւանդութիւններով ամրագրուած յստակ կարմիր գիծեր կան, որոնք կը բնորոշեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ երկրի իշխանութեանց համակեցութեան պայմանները հատուած են վերջերս, եւ այսօր կը շարունակեն հատուիլ ամենակոպիտ ձեւերով:

Մեր ազգային ինքնութիւնը եւ տոկունութիւնը ապահովող այս երկու կարեւորագոյն բեւեռներուն խաղաղ եւ հակակշռուած համակեցութիւնը ու լիարժէք գործակցութիւնը անհրաժեշտութիւն են մեր ժողովուրդին համար: Մեր պահանջն է անյապաղ վերահաստատել այդ առողջ համակեցութիւնը:

Այս յայտարարութեամբ կը վերյիշեցնենք վերոյիշեալ կարմիր գիծերը եւ կը պահանջենք անմիջական վերադարձ անոնցմով բնորոշուած կարգ ու կանոնին:

Ազգային Սահմանադրութիւնը ամրագրած է թէ Պետութիւն եւ Եկեղեցի անջատ են, այսինքն անոնցմէ ոչ մէկը արտօնուած է միջամուխ ըլլալու միւսին վերաբերող բնագաւառներուն:

Հետեւաբար, պրն. Վարչապետ Փաշինեան, Ձեզի արտօնուած չէ Ձեր զբաղեցուցած պետական դիրքն ու պաշտօնը օգտագործելով՝ որեւէ կերպով միջամուխ ըլլալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն եւ մինչեւ իսկ պահանջելու Ամենայն Հայոց Հայրապետին հրաժարականը: Վերջակէտ:

Ձեր իրաւասութիւնը, այդ եւ նման՝ բացառապէս եկեղեցւոյ պատկանող հարցերու կապակցութեամբ, առաւելագոյնը հաւասար է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ իր պարտականութիւնը կատարող համեստագոյն հայորդիի մը իրաւասութեան, այն ալ միայն, եթէ անոր նման Դուք եւս կը կատարէք, եկեղեցւոյ կանոնագրութեանց համաձայն, Ձեր, եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած պարտականութիւնները: Մենք նախանձախնդրօրէն պաշտպան ենք Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան, Հայրապետին եւ մեր Եկեղեցւոյ անկախութեան:

Նոյն ժամանակ , պրն. Վարչապետ, ամօթ կզգանք տեսնելով, թէ Ձեր գռեհիկ եւ ամօթալի հրապարակային գրառումները հասած են մինչեւ թլփատուած ըլլալու փաստը իբրեւ վկայութիւն առաջարկելու մակարդակին, եւ այդպիսով ի վերջոյ ուշադրութիւնը գրաւելու BBC, Euronews, CBC եւ միջազգային այլ մամուլի հարթակներուն, ինչ որ, դժբախտաբար, չկրցաք կամ չուզեցիք ընել նոյնիսկ Արցախեան համազգային աղէտին առիթով:

Միւս կողմէ, այս անգամ ակնարկելով հոգեւորական դասի վերաբերմունքին եւ անդրադառնալով մօտ տարի մը առաջ կարեւոր ծաւալ ստացած՝ այսպէս կոչուած «Սրբազան Պայքար»ին, որ գլխաւորուած էր աւագ եկեղեցականի մը կողմէ, կը մատնանշենք, թէ այդ ժամանակ, Մայր Աթոռը պարտէր յստակօրէն անջատել զայն եկեղեցւոյ կառոյցէն:

Այդ եւս կը նկատենք կարմիր գիծի անընդունելի հատում:

Այստեղ յաւելեալ յստակացման համար, սակայն կը մատնանշենք, թէ կարմիր գիծի հատում չէ երբեւէ եւ ընդհակառակը ակնկալելի է, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հրապարակաւ յայտնէ իր մտահոգութիւնը, յորդորը եւ բարոյական պահանջները հայրենիքի գոյութենական տագնապներուն ընթացքին: Այդպիսի պարագաներու մէջ ողջունելի է նոյնիսկ, որ ան Սարդարապատի ոգիով մասնակից դառնայ սկզբունքային տեսակէտներու կապակցութեամբ համազգային փոխանակումներուն եւ հակախօսութեանց:

Եկեղեցին սակայն պէտք է միշտ դուրս մնայ զուտ ներքին քաղաքական եւ կուսակցական հակամարտութիւններէն:

Միւս կարմիր գիծը, պրն.Վարչապետ, որ կոպտօրէն հատուած է, Միածնաէջ Սուրբ Էջմիածնայ եւ Մայր Աթոռի տարածքն է, որուն անձեռնմխելիութիւնը ամրագրուած է մեր դարաւոր պատմութեան աւանդութեամբ ե՛ւ օրինակներով, ե՛ւ Սարդարապատի անմար ոգիով:
Եթէ Վատիկանը ունի իր սեփական պաշտպանութեան բանակը, Մայր Աթոռի պահապանը, պրն. Վարչապետ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ աշխարհատարած բազմամիլիոն հաւատացեալներու հաւաքականութիւնն է:

Մի քանի օր առաջ Մայր Աթոռի տարածքը խուժած դիմակաւոր ոստիկանութեան խորշելի պատկերը պժգանքով պատեց ողջ գիտակից հայութեան սիրտերը:

Կը պահանջենք, պրն. Վարչապետ, որ Մայր Աթոռի տարածքին այդ կարմիր գիծը չհամարձակիք հատել կրկին անգամ որեւէ պատճառաբանութեամբ:

Վերջապէս կը մատնանշենք, նոյնպէս վերջին օրերուն, հայոց բարձրաստիճան հոգեւորականներուն կալանաւորման պատկերները: Անոնք եւս մեր պատմութեան մէջ աննախադէպ խորշելի երեւոյթներ են:

Յստակ է բոլորիս համար, թէ աշխարհական կամ հոգեւորական ամէն անհատ պատասխանատու է իր երկրի օրէնքներուն դէմ կատարած արարքներու համար: Առաջին հերթին, սակայն, պէտք է բծախնդրօրէն յարգել բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու շարքին Հայաստանի մէջ եւս գործադրելի՝ ենթակայ մեղադրեալներուն անմեղութեան կանխավարկածը մինչեւ անկախ եւ արդար դատական գործողութիւններով անոնց նկատմամբ տրուած վճիռներու կայացումը:

Այստեղ եւս կ’ակնկալենք, որ պատշաճօրէն յարգուին մեր դարաւոր պատմութեամբ նուիրագործուած՝ հոգեւորականներու հանդէպ յարգանքի աւանդութիւնները:

Ներկայիս, գլխաւորութեամբ Շիրակի թեմի երկար տարիներու վաստակ ունեցող առաջնորդ Գերշ. Միքայէլ արք. Աջապահեանի, կղերականներու կալանաւորման ցնցիչ երեւոյթը պէտք էր խնայել մեր ժողովուրդին: Մինչեւ ենթադրաբար անոնց դէմ կատարուած ամբաստանութեանց դատական կանոնաւոր միջոցներով հաստատուիլը կ’ակնկալենք, որ ըստ պատշաճութեան պահանջուի իրենցմէ մնալ Մայր Աթոռի, կամ իւրաքանչիւրը իր թեմին եկեղեցապատկան տարածքի սահմաններէն ներս:

Կ’եզրափակենք այս կոչը՝ պահանջելով, որ պրն. Վարչապետը եւ օրուան իշխանութիւնները բծախնդրօրէն յարգեն վերեւը յիշուած կարմիր գիծերը եւ բծախնդրօրէն գործեն համաձայն ՀՀ Սահմանադրութեան եւ մեր ազգային աւանդութիւններով ձեւաւորուած գործելակերպին: Նոյնպէս կ’ակնկալենք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասաւորներէն եւ յատկապէս աւագ եկեղեցականներէն, որ իրենք եւս յարգեն վերոյիշեալ նկատումներով բնորոշուած իրենց վերաբերեալ վարքագիծը:

Մայր Աթոռը եւ Հայոց հայրենիքը կը վայելեն աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութեան գուրգուրանքը:

Մենք, ինչպէս ամբողջ գիտակից հայ ժողովուրդը, այսու կը պահանջենք, որ անմիջապէս դադրի Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներկայ ամօթալի եւ ազգակործան քաոսային վիճակը:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹՅԱՆ ՀԱՄԱԴՐՎԱԾ ՄԱՄՈՒԼ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն    
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031