Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Եկեղեցւոյ հետ պայքարը այլեւս չի նմանիր կրօնական անկախութեան շուրջ վէճի․ «Հայրենիք»

Հուլիս 05,2025 09:30

Հայաստանի հին եկեղեցին ինքզինք քաղաքական փոթորիկի մը կեդրոնին մէջ կը գտնէ, երբ կառավարութիւնը անոր շարքերուն մէջի իրեն ընդդիմադիրները կը ճնշէ:

Այս է «Ռաշա Թուտէ»-ի, 29 Յունիս 2025-ի, Քրիստինա Սիզովայի կողմէ ծաւալուն՝ 12 լուսանկարներով գլխաւոր յօդուածին խորագիրն ու ենթախորագիրը (1), որ ստորեւ կը թարգմանեմ:

«27 Յունիս 2025-ի առաւօտեան, Վաղարշապատի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, շարականներու եւ աղօթքներու ձայնը ընդհատուեցաւ բողոքի ճիչերով եւ աղաղակներով։ Հաւատացեալները կանգնած էին եկեղեցւոյ եւ ոստիկան ուժերուն միջեւ՝ փորձելով կանխել Միքայէլ արքեպիսկոպոսի ձերբակալութիւնը, որ վերջին օրերուն ձերբակալուած հոգեւորականներուն աճող ցանկին մէջն էր։

«Վերջին ամիսներուն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան միջեւ վէճը սրած է բացայայտ բախումի։ Ինչ որ ժամանակ մը խծբծանքներու փոխանակում էր, այժմ վերածուած է խուզարկութիւններու, քրէական մեղադրանքներու եւ ձերբակալութիւններու։ Իշխանութիւնները այլեւս չեն քօղարկեր այն փաստը, որ Եկեղեցին կը համարեն քաղաքական սպառնալիք։

«Անցեալ դարուն, հայկական պետութիւնը եկեղեցւոյ հետ անմիջականօրէն բախում ունեցած է միայն երկու անգամ՝ Ռուսական կայսրութեան վերջին տարիներուն եւ Ստալինի օրօք։ Այսօր Երեւանի սրտին տեղի կ՚ունենայ երրորդ բախումը։ Ինչո՞ւ հիմա։ եւ ո՞ւր կրնայ տանիլ այս ճգնաժամը։ «Ռուսիա Այսօր»-ը աւելի մօտէն կը մեկնաբանէ։

«Հակամարտութեան արմատները՝ Ղարաբաղէն մինչեւ սրբազան պայքար:

«Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Փաշինեանի կառավարութեան միջեւ ճակատումը ոչինչէն չառաջացաւ. ան խոր արմատներ ունի արժէքներու եւ աշխարհահայեացքի երկարատեւ բախումին մէջ։

«Իշխանութեան առաջին օրէն, այս ամբոխավար կառավարութիւնը ընտրանին՝ վերնախաւը թիրախաւորած է, իսկ Եկեղեցին միշտ եղած է հայ հասարակութեան ամենէն ընտրանի հաստատութիւններէն մէկը։ Ամբոխավար կառավարումը եւ Եկեղեցին, բնական հակառակորդներ են: Առաջին՝ Եկեղեցին կը պաշտպանէ աւանդութիւնները եւ ազգային ինքնութիւնը, միւսը՝ Փաշինեանի կառավարութիւնը, այդ արժէքները թիրախի կը վերածէ՝ քայքայելով ինքնութիւնը եւ քանդելով ընկերային բարոյականութիւնը», Այս մասին RT-ին տուած հարցազրոյցին ըսաւ «Պատիւ ունեմ» խորհրդարանական ընդդիմադիր դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին ղեկավար՝ Արթուր Վանեցեանը։

«Պառակտումը, յատկապէս տեսանելի դարձաւ 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն ետք։ Զինադադարի համաձայնագրէն ետք, Եկեղեցին բացայայտօրէն համաձայնութեան պայմաններուն եւ անձամբ Փաշինեանի դէմ ուղղուած հանրային բողոքի ցոյցերուն կողմնակից էր։ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը կոչ ուղղեց վարչապետին հրաժարական տալ՝ «անկարգութիւններէ եւ ողբերգական հետեւանքներէ խուսափելու համար»։ Արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ Եկեղեցին բացայայտօրէն միացաւ ընդդիմութեան, եւ կառավարութիւնը այդ մէկը նկատեց։

«Պայքարը աւելի խորացաւ 2024-ին, երբ Հայաստանի Տավուշի մարզին մէջ բողոքի ցոյցեր բռնկեցան, Ատրպէյճանի հետ սահմանագծումի վերաբերեալ: Չորս (հայկական*) գիւղերու Ատրպէյճանի վերահսկողութեան յանձնուելէն ետք, ի յայտ եկաւ «Տաւուշը հայրենիքի համար» ժողովրդային շարժումը, որուն կը գլխաւորէր Բագրատ արքեպիսկոպոսը, որ այս շաբաթ ձերբակալուեցաւ: Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ, ուսանողներ եւ քաղաքացիներ միացան Տավուշէն դէպի Երեւան տեւած բազմօրեայ բողոքի երթին։ Շարժումը ի վերջոյ վերածուեցաւ «Սրբազան պայքար» նախաձեռնութեան, որ եկեղեցւոյ կողմէ կառավարութեան բացայայտ դիմադրութեան հիմնական միջոցը դարձաւ։

«Փաշինեանին համար շարժումը կը ներկայացնէր ո՛չ միայն քաղաքական, այլեւ խորհրդանշական մարտահրաւէր։ Եկեղեցին, օգտագործելով իր պատմական հեղինակութիւնը եւ մշակութային իրաւասութիւնը, կառավարութեան ընկերային հակակշիռ ըլլալու դերը ստանձնեց։ Կարեւորագոյնը այն էր, որ ան մնաց հաստատութենական առումով անկախ եւ պաշտօնական ընդդիմութենէն դուրս, բան մը, որ զայն դարձուց կառավարութեան համար դժուար զսպուող մրցակից։

«Կառավարութիւնը յարձակումի կ՚անցնի. նոր հակակղերական ուղղութիւն:

«2024-ի կէսերուն Հայաստանի Առաքելական եկեղեցւոյ եւ Փաշինեանի կառավարութեան միջեւ յարաբերութիւնները մտած էին արմատականացման փուլ։ Ինչ որ ժամանակ մը Եկեղեցւոյ «քաղաքականութեան միջամտելու» մասին խօսքերու պատերազմ էր, վերածուեցաւ աւելի լայն հակակղերական արշաւի՝ բացայայտ սպառնալիքներով, Եկեղեցւոյ անկախութիւնը սահմանափակելու օրէնսդրական ջանքերով եւ հոգեւորականութեան վրայ աւելի ու աւելի անձնական յարձակումներով։

«2024-ի մայիսին Փաշինեանը եկեղեցին մեղադրեց իբրեւ «պատմական ժամանակներէն ի վեր օտարերկրեայ ազդեցութեան գործակալի» դերին մէջ եւ խոստացաւ «զբաղիլ այդ խնդրով երկու-երեք ամիս ետք»։ Խորհրդարանի խօսնակ Ալեն Սիմոնեանը առաջարկեց տուրքեր սահմանել եկեղեցւոյ վրայ, մինչ, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամները առաջարկեցին եկեղեցւոյ սեփական կալուածները բռնագրաւել «տարբեր պետական կարիքներու համար»։

«Նոյն գարնան, Հայաստանի ոստիկանութիւնը, երկրին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, փորձեց արգիլել Գարեգին Բ կաթողիկոսին՝ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդին մասնակցութիւնը Սարդարապատի մէջ կայանալիք ազգային արարողութեան: Կառավարութիւնը վկայակոչեց «անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւններ», սակայն ուղերձը յստակ էր. ան այլեւս չէր ճանչնար եկեղեցւոյ խորհրդանշական դերը:

«Այդ ժամանակ Փաշինեան կը պնդէր, որ մտադրութիւն չունի կաթողիկոսին պաշտօնանկ ընել՝ յղում կատարելով եկեղեցւոյ եւ պետութեան սահմանադրական անջատ ըլլալուն։ Սակայն 2025-ի մայիսին ան փոխած էր իր դիրքորոշումը՝ պնդելով, որ կառավարութիւնը պէտք է «որոշիչ լիազօրութիւններ» ունենայ յաջորդ կաթողիկոսի ընտրութեան պարագային, եւ որ բոլոր թեկնածուները պէտք է ստուգումներէ անցնին։ Գործնականին մէջ, այս համազօր էր սահմանադրականօրէն անկախ հաստատութեան գործերուն ուղղակի քաղաքական միջամտութեան։

«Փաշինեանի հռետորաբանութիւնը նոյնպէս, երթալով աւելի թշնամական դարձաւ։ Ան եկեղեցին նկարագրեց իբրեւ «աղբով լեցուն փոշոտ պահարան», կոշտ մեկնաբանութիւններ ըրաւ հոգեւորականներու մասին եւ նոյնիսկ կասկածի տակ դրաւ կաթողիկոսին կուսակրօնութիւնը՝ հրապարակաւ ակնարկելով, որ Գարեգին Բ.-ը չի կրնար եկեղեցին առաջնորդել, եթէ զաւակ ունի։ Բանաւոր յարձակումները շուտով վերածուեցան քաղաքական դաւերու. վարչապետը առաջարկեց ստեղծել աշխատանքային խումբ՝ Գարեգին Բ.-ը հեռացնելու եւ փոխարինող ընտրելու համար։

«Ի պատասխան, Հայ Առաքելական Եկեղեցին հազուագիւտ եւ խիստ յայտարարութիւն տարածեց՝ կառավարութեան գործողութիւնները որակելով իբրեւ ազգային պետականութեան սպառնացող ուղղակի վտանգ: Քաղաքական հակառակորդները Փաշինեանը մեղադրեցին երկիրը մասնատելու մէջ, մինչ խումբ մը հասարակական գործիչներ, կոչ ըրին անոր եւ կնոջ եկեղեցիէն հեռացնել՝ քայլ մը, որ նախապէս անհաւանական էր Հայաստանի հասարակական կեանքին մէջ:

«Պատմականօրէն, Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ ա՛յս ծաւալի հակամարտութիւնները չափազանց հազուադէպ են: Ինչպէս նշած է Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի Կովկասի եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի աւագ գիտաշխատող՝ Նիքոլայ Սիլաեւը, վերջին նման բախումները տեղի ունեցած են աւելի քան մէկ դար առաջ: 1903-ին ցարական պաշտօնեայ՝ իշխան Կոլիցինի հրամանով, Ռուսական կայսրութիւնը ձեռնարկեց եկեղեցւոյ կալուածները ազգայնացնել՝ քայլ մը, որ պատճառեց յեղափոխական անկարգութիւններ: Երկրորդ դէպքը տեղի ունեցաւ 1938-ին, երբ գործող կաթողիկոսը մահացաւ խորհրդաւոր պայմաններով: Հայաստանի մէջ շատեր կը կարծեն, որ անոր սպաննած են:

«Այդ երկուքէն բացի, վերջին հարիւր տարուան ընթացքին չեմ կրնար յիշել այլ դէպք մը, երբ Հայ Առաքելական Եկեղեցին նման յարձակումի ենթարկուի», – ըսաւ Սիլաեւը։ «եւ յիշեցէք՝ Կոլիցինը կայսերական Ռուսիոյ պաշտօնեայ էր։ Զարմանալի է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս անկախ Հայաստանի վարչապետը նման ճամբով կ՚երթայ»։

«Եկեղեցին իբրեւ քաղաքական գործիչ. բարոյական հեղինակութենէն մինչեւ ընդդիմութեան կեդրոն:

«Պետութեան կողմէ աճող ճնշումին տակ՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ անոր կողմնակիցները հասարակական կեանքին մէջ աւելի վճռական դեր ստանձնած են: Մինչ Եկեղեցին պաշտօնապէս կը մնայ ոչ կուսակցական հաստատութիւն, անոր հոգեւորականները, դաշնակից հասարակական եւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները, աւելի՛ ու աւելի՛ կը վերաբերին իբրեւ իրողապէս՝ քաղաքական ընդդիմութեան կեդրոն:

«Մայիս 2024-ին Բագրատ արքեպիսկոպոսը բեմ բարձրացաւ կառավարութեան շէնքին դիմաց կազմակերպուած հանրահաւաքին ժամանակ եւ յայտարարեց, որ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» ընդդիմադիր դաշինքները պատրաստ են սկսիլ Փաշինեանի դէմ ամբաստանութեան impeachment գործընթաց։ Աւելի ուշ, Բագրատին անունը շրջանառուեցաւ իբրեւ վարչապետի այլընտրանքային թեկնածու։ Հակառակ անոր, որ ան մերժեց անմիջապէս մտնել քաղաքական ասպարէզ, ան կոչ ըրաւ Փաշինեանին «խաղաղ հրաժարական տալու» եւ կոչ ըրաւ համազգային ճնշում բանեցնել կառավարութեան վրայ։

«Ջանքերը, ի վերջոյ, ապարդիւն մնացին. ամբաստանութեան առաջարկը խորհրդարանին մէջ ձախողեցաւ: Սակայն մէկ տարի անց՝ յունիս 2025-ին, արքեպիսկոպոս Միքայէլ Աջապահեանի ձերբակալութենէն ետք, օրէնսդիրները վերակենդանացուցին այս հոգեւորականը, իբրեւ այլընտրանքային առաջնորդ առաջադրելու գաղափարը:

«Անկախ պատգամաւորներ՝ Յովիկ Աղազարեանը եւ Յակոբ Ասլանեանը ամբաստանութեան նոր նախաձեռնութեան դիմեցին, Միքայէլ սրբազանը առաջարկելով վարչապետի պաշտօնին: Այս քայլին կողմնակից էին «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները, որոնք առնչուած են համապատասխանաբար, նախկին նախագահներ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ: Ինչպէս Բագրատ սրբազանը նախապէս, Միքայէլ արքեպիսկոպոսը նաեւ մերժեց պաշտօնական քաղաքական դեր խաղալ։ Սակայն այն իրողութիւնը, որ աւագ հոգեւորականները կրկին կը նկատուէին իբրեւ քաղաքական այլընտրանքներ, կ՚ընդգծէր աւելի մեծ շարժումը՝ ազգային ճգնաժամի ժամանակ Եկեղեցւոյ աւելի՛ ու աւելի՛ ընկալումը, իբրեւ օրինական քաղաքական գործիչ՝ անկախ անկէ, որ կը ձգտի՞ այդ դերին, թէ՝ ոչ։

«Յաջորդը ի՞նչ՝ ընտրութիւններ, անորոշութիւն եւ աւելի ծաւալուն բողոքի շարժումի վտանգ:

«Հայաստանի կառավարութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ ճակատման քաղաքական գրաւները կը մեծնան, քանի որ խորհրդարանական ընտրութիւնները ճշդուած են 2026-ին: Վերլուծաբանները կ՚ենթադրեն, որ Փաշինեանի եւ անոր իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարկանիշի անկումը հաշուի առնելով, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ արշաւը կը դառնայ աւելի լայն ռազմավարութեան մէկ մասը, որ նպատակ ունի վերացնել որեւէ այլընտրանք, նոյնիսկ՝ խորհրդանշական:

«Վարչապետին եւ անոր կուսակցութեան վարկանիշը նուազումի մէջ է։ Մինչեւ ընտրութիւնները մնացած է մէկ տարի, եւ անոնք ցոյց տալու որեւէ էական բան չունին», – ըսաւ քաղաքական վերլուծաբան Սիլաեւը։ «Ահա թէ ինչո՛ւ Փաշինեանը եւ անոր խումբը ջղագրգիռ են եւ կը փորձեն ճնշել իւրաքանչիւր անձ, որ նոյնիսկ տեսականօրէն կրնայ մրցակից ըլլալ։ Նո՛յնիսկ, պարտադիր չէ, որ անձը ընտրութիւններուն մասնակցի՝ այլ, պարզապէս այլ տեսակէտ առաջարկէ»։

«Կառավարութեան կողմէ եկեղեցւոյ վրայ ճնշումը՝ ձերբակալութիւններու, քրէական ամբաստանութիւններու եւ պետական յեղաշրջումի դաւադրութեան մեղադրանքներու միջոցով, կրնայ ոգեւորել ոչ միայն հոգեւորականութեան կրօնական կողմնակիցները, այլեւ երկրի այժմու ուղղութենէն հիասթափուած բնակչութեան աւելի լայն շրջանակ մը։ Սա յատկապէս ճիշդ է, այն ժամանակ, երբ աւանդական ընդդիմադիր կուսակցութիւնները չեն կրցած գործնական այլընտրանք ներկայացնել։

«Փաշինեանը այս հարցին մէջ իրական հանրային կողմնակից չունի», – ըսաւ քաղաքագէտ Հրանդ Միքայէլեանը: «Սակայն անոր կ՚օգնէ այն վիճակը, որ իր հակառակորդները անկազմակերպ են, եւ եկեղեցին ի՛նքը որոշած է թշնամական չվերաբերիլ: Ահա թէ ինչո՛ւ կառավարութեան դէմ դիմադրութիւնը առայժմ ուղղակի բախում քիչ կ՚ունենայ, սակայն հանրային տրամադրութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կառավարութեան դէմ է»:

«Ըստ Վանեցեանի՝ կառավարութիւնը վտանգաւոր կերպով կը թերագնահատէ հետեւանքները, յատկապէս այն պատճառով, որ հասարակութեան մէջ արդէն իսկ հիասթափութիւնը մեծ է։

«Փաշինեանի հեղինակութիւնը արդէն իսկ խլխլած է իր խումբին աղետալի քաղաքականութեան՝ արտաքին սպառնալիքներուն դիմադրելու անոնց անկարողութեան, երկրին մէջ մենատիրական միտումներուն, անիրաւ հարկային տնտեսական միջոցներուն եւ գնողական արժէքի անկումին պատճառով», – ըսաւ Վանեցյանը։ «Եկեղեցւոյ հետ պայքարին սրումը կրնայ իրեն համար քաղաքական անձնասպանութիւն ըլլալ, յատկապէս, եթէ ընտրանին եւ լայն հանրութիւնը սկսին միաւորուիլ ազգային արժէքներու եւ աւելի արժանապատիւ ապագայի մը պաշտպանութեան համար։ Պարզապէս ճգնաժամ չըլլար այս, այլ անդառնալի կէտ»։

«Այս խորապատկերին, եկեղեցւոյ հետ պայքարը այլեւս չի նմանիր կրօնական անկախութեան շուրջ վէճի։ Ան Հայաստանի ամբողջ աշխարհիկ իշխանութեան կառուցուածքի նկատմամբ վստահութեան, աւելի լուրջ ճգնաժամի վիճակ ստացած է։ Այս հակամարտութեան արդիւնքը կախեալ է ոչ միայն Փաշինեանի եւ անոր քննադատներուն որոշումներէն, այլ, թէ՝ ինչ վիճակի մէջ պիտի գտնուի հայ հասարակութիւնը, այն պահուն, երբ աւանդական քաղաքական սահմանները, կը թուի, թէ՝ կը քանդուին»։ Վերջ:

Ռուսական կիսապաշտօնական այս հաստատութեան յօդուածը մեկնաբանութեան չկարօտիր:

Յարութ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն    
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031