Հարաւային Կովկասի թէ Միջին Արեւելքի գերլարուած այս օրերուն, Հայաստանի քաղաքական դաշտը պէտք է հասցուած ըլլար համախոհական այնպիսի բարձր մակարդակի, ուր առողջ մթնոլորտի մէջ կարելի ըլլար քննարկել Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, նաեւ հայ ազգին սպառնացող հիմնական հարցերը, տարակարծիք ըլլալով մէկտեղ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ կարծիքներ փոխանակել ու ժողովրդավարութեան օրինակը ցոյց տալ աշխարհին, որմով միշտ յատկանշուած է Հայաստան՝ ի տարբերութիւն դրացի շարք մը երկիրներու մէջ տիրող բռնատիրական կարգերուն։
Այս վարկանիշը սակայն տապալման եզրին կը հասցնեն այն ղեկավարները, քաղաքական գործիչները, որոնք կը կարծեն, թէ բռնաճնշումներով կարելի է ընդդիմութեան պարտադրել ամէն բան, խախտել սահմանադրական օրէնքները, քաղաքական գործիչներու բառապաշարը որակազրկել ու զիրար նուաստացնելով ծեծկռտուքի մակարդակին անգամ իջնել, այդ ալ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովէն ներս։
Մինչդեռ ներկայ պայթիւնավտանգ կացութիւնը կը թելադրէ զգօնութիւն, զսպուածութիւն, կարծիքներու ազատ արտայայտման մթնոլորտի պահպանում, ուժերու եւ կարծիքներու համատեղում, բայց մանաւանդ բռնատիրական երկիրներու մէջ կիրարկուող քաղաքական թէ եկեղեցական դէմքերու հալածանքներու բացառում։
Կասկածէ դուրս է, որ օրէնքի առջեւ հաւասար են բոլորը, սակայն երբ կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ հալածանքի կ’ենթարկուին եկեղեցականներ, ընդդիմադիրներ, եկեղեցւոյ պաշտպաններ, կը վարկաբեկուի Ս. Էջմիածինը ու այնպիսի վերաբերմունքի կ’արժանանայ, որ կարծէք ոչ թէ սրբավայր, այլ ոճրագործութեան հարթակ մը եղած ըլլար, պարզապէս արհամարհական մօտեցում դրսեւորուած կ’ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան ու հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան, հաւատքին ու քաղաքական մշակոյթին նկատմամբ։
Կարդացեք նաև
Այս երեւոյթին անմիջապէս կը յաջորդէ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներուն յաջորդաբար անձեռնմխելիութենէ զրկելու արշաւը, ինչ որ ցոյց կու տայ սպառնական ոճի կիրարկումը այս հարթակին վրայ եւս։
Ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ լարուածութեան սրումը, եթէ ոչ Հայաստանի քաղաքական դաշտի քայքայման, որ բնականաբար ջուր պիտի լեցնէ մեր հայրենիքին դեմ թակարդներ լարողներու ջրաղացին՝ յաւելեալ զիջումներ խլելու անոնց փորձերը կրկնապատկելով։
«Գանձասարի» խմբագրականն ամբողջությամբ