Վերջին օրերու ընթացքին Լաթաքիոյ շուրջ գտնուած անտառներուն մէջ ծայր տուած հրդեհը այսօր փաստօրէն հասած է Քեսապի մօտակայքը: Հակառակ Սուրիոյ պետութեան գերագոյն ջանքերուն, ցարդ կարելի չէ եղած հրդեհը մարել: Անտառային շրջաններուն մէջ սկսած փոթորիկը պատճառ դարձած է, որ հրդեհը առաւել եւս բորբոքի: Այսօր, նոր ծաւալ ստացած է հրդեհը եւ անմիջական վտանգի տակ կը գտնուի Քեսապի առաջին գիւղը՝ Տիւզաղաճը:
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը հայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ է: