Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Թուրքիայում աւերած են Սեբաստիոյ մէջ պատմական Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ գերեզմանոցը

Հուլիս 14,2025 14:00

«Նոր յառաչ». Պոլսոյ «Ակօս» թերթին մէջ լոյս տեսած լուրին համաձայն՝ 1915-էն առաջ հայկական բնակավայր Սեբաստիոյ (Սվաս) Զարա գաւառի Ալաքիլիսէ (նախկին անունով Միւսլիւմապաթ) գիւղին մէջ գտնուող՝ 13-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ գերեզմանոցը աւերած են:

Եկեղեցին վերջերս այցելած քաղաքացի մը, թերթին վկայած է. “Ոսկորները տեսանք ամէնուրէք սփռուած: Տեսարանը իրօք շատ գէշ էր: Կը փափաքինք, որ այս աւերածութեան վերջ տրուի”:

Պատմական շինութիւնը մէկէ աւելի անգամներ փորած են

Քըզըլըրմաքի (Կարմիր գետ / Ալիս) ժայռին վրայ բարձրացող Սուրբ Մինաս եկեղեցին, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ հայ բնակչութեան ապրած Ալաքիլիսէ գիւղին մէջ կը գտնուի: հակառակ անոր, որ շինութիւնը ներառուած է Թուրքիոյ «Մշակութային ցանկ»-ին մէջ, տարիներու ընթացքին «պահուած գանձ»-ի լուրերու պատճառով մէկէ աւելի անգամներ ապօրինի փորած են ու աւերած:

Հրանդ Տինք հիմնարկութեան տեղւոյն վրայ կատարած հետազօտութիւններուն համաձայն՝ գիւղին մէջ մինչեւ նոր մզկիթ մը կառուցուիլը, եկեղեցին գործածուած է որպէս այդ: Մզկիթին կառուցումէն ետք՝ շինութիւնը դասուած է մշակութային ժառանգութիւն: Սակայն այս կարգավիճակը չէ կրցած արգելք հանդիսանալ աւերումի շարունակուելուն:

Եկեղեցին այցելած քաղաքացիներ նշած են, որ շինութեան տարածքին մէջ ապահովութեան տեսախցիկներ կան, բայց հակառակ ատոր՝ շինութիւնը ծակ-ծակ եղած է: Իր տեսածները բաժնող այցելուներէն մէկը ըսած է հետեւեալը.

“Եկեղեցւոյ շուրջը եւ ճակատը տեսախցիկներ կային: Բայց շինութեան գետինը եւ շրջակայքը առկայ էին փորման բազմաթիւ հետքեր: Յատկապէս, գետի կողմը հայող մասին գերեզմանոց ըլլալը իմացանք Հրանդ Տինք հիմնարկութեան կայքէջէն: Հակառակ այս տեղեկութեան, գերեզմանոցը եւս փորուած էր, ոսկորները դուրս թափուած էին”:

«Անասունի ոսկորներ են ըսին, բայց պարզուեցաւ որ մարդկային ոսկորներ են»

Այցելութեան ընթացքին իրենց աչքին առջեւ պարզուած տեսարանը բնորոշելով սարսափելի, խումբի անդամները վկայած են, որ ոսկորները սփռուած էին բաւական ընդարձակ տարածքի մը վրայ: Եւ երբ անոնք ուզած են գիւղացիներէն հաստատել, թէ այդ ոսկորները մարդկայի՞ն են, սկիզբը ստացած են այդ վարկածը կտրականապէս հերքող պատասխաններ.

“Սկիզբը ըսին, որ ատոնք անասունի ոսկորներ են: Սակայն մեր խումբին մաս կազմողներէն մէկը, որ կ՚աշխատէր առողջութեան բնագաւառին մէջ՝ յստակօրէն հաւաստեց, որ ատոնք մարդկային ոսկորներ են: Այդ հաստատումէն ետք՝ գիւղացիները խոստովանեցան՝ «այո՛, մարդկային ոսկորներ են, բայց այս հողը մէկուն սեփականութիւնն է եւ կ՚ուզէր տուն կառուցել, բայց փորելու ընթացքին երբ ոսկորներ յայտնուեցան՝ հրաժարեցաւ»”:

Գերեզմանոցը գիտակցաբար աւերելու մասին պնդումներ

Խումբի անդամները նշած են, որ շրջանի բնակիչները տեղեակ էին այս իրավիճակին, սակայն չէ ձեռնարկուած որեւէ միջոցի.

“Ակնյայտ է, որ այստեղը գերեզմանոց է: Մա՛նաւանդ, որ Հրանդ Տինք հիմնարկութեան արձանագրութիւններուն մէջ նշուած է որպէս այդ: Բայց հակառակ ատոր, տարածքը փորփրած, ոսկորները ցրուած են շուրջբոլորը եւ չէ ձեռնարկուած որեւէ միջոցի: Մինչ գոյութիւն ունին տեսախցիկներու տեսագրութիւններ, ինչպէ՞ս կարելի եղած է աչք փակել”:
«Ամէն մէկ եկող բրիչ մը զարկեր է»

Այցելողները նշած են, որ եթէ դեռ այսօր կանգուն կը մնայ Սուրբ Մինաս եկեղեցին՝ ատոր միակ պատճառը միջոց մը մզկիթ ծառայած ըլլալն է: Սակայն նոյնիսկ այդ ժամանակաշրջանին՝ շինութեան տարբեր մասերուն մէջ կատարուած են ապօրինի փորումներ, որոնց հետքերը յետոյ ծածկուած են։

“Գետինը ամբողջովին ծակծկուած էր: Երբ ներս մտանք՝ դեռ տեսանելի էր սակայն քարակոփ վարպետներու աշխատանքը: Մուտքին կային՝ խաչի նման նշան մը, հայոց այբուբենով գրուած գրարան մը: Ընթեռնլի էր «Սուրբ Մինաս» անունը: Սակայն շինութիւնը ընդհանուր առումով շատ գէշ վիճակի մէջ է: Ամէն մէկ եկող բրիչ մը զարկեր է, իւրաքանչիւրը բաժին մը թալաներ է”։
«Այս գերեզմանոցը թալաներ են. սա չարութիւն է»

Այցելուն, որ շեշտած է, թէ ամէն կողմ ցրուած մարդկային ոսկորներու տեսարանը չափազանց անհանգստացուցիչ է, իր վկայութիւնը աւարտած է սա խօսքերով.

“Հոս գերեզմանոց է: Հոս թաղուած մարդոց ոսկորները չեն կրնար այսպէս մէջտեղը մնալ: Սա շատ մեծ չարութիւն է: Ակնյայտ է, որ գերեզմանոցը աւերուած է դիտաւորեալ: Աւելի՛ն, բոլորը տեղեակ են ատոր: Պատասխանատուները այլեւս լուռ պէտք չէ մնան ի տես այս վիճակին”:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն    
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031