2021-ին, նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հանդէս եկաւ հետաքրքրական առաջարկով մը, որ` երեք նախկին նախագահները ընտրական դաշինք մը կազմեն՝ ոչ թէ անձամբ առաջադրուելու համար, այլ ընդդիմութիւնը միաւորելու եւ կայունացնելու նպատակով։ Առաջարկը մերժուեցաւ Ռոբերտ Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգսեանին կողմէ, որոնք որոշեցին առանձին մասնակցիլ ընտրութիւններուն՝ ստանալով համապատասխանաբար 29 եւ 7 աթոռներ եւ խորհրդարան մուտք գործելով` իբրեւ փոքրամասնութիւն։ Իսկ Տէր Պետրոսեանի կուսակցութիւնը ընտրական շեմը չյաղթահարեց։
Պատմութիւնը անկասկած պիտի վերլուծէ 2021ին չմիաւորուելու եւ ամբոխահաճոյ (populist) «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան անպատասխանատու ուղին արգելակելու ձախողութեան հետեւանքները։ Այդ պահը անցաւ, սակայն այդ ոգին այսօր եւս արդիական է։ Երբեմն իմաստութիւնը իշխանութեան վերադարձին մէջ չէ, այլ՝ գոյատեւման նպատակով ուրիշներու համագործակցութեան աջակցելուն մէջ։
Այսօր, Հայաստան կը գտնուի առաւել վտանգաւոր միջավայրի մը մէջ։ Ռուսիոյ եւ հաւաքական Արեւմուտքի միջեւ համաշխարհային մրցակցութիւնը կը շարունակէ վերաձեւակերպել տարածաշրջանը։ 2024ի վերջաւորութեան Սուրիոյ փլուզումը եւ Իրան-Իսրայէլ 12օրեայ պատերազմը կարծես անկայունութիւնը աւելի մօտեցուցած են Հայաստանի սահմաններուն։
Կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը պահանջեն համախմբում, այլ ոչ թէ՝ բաժանում. Փախստականներու կարիքները, բանակի բարեփոխումները, ազգային ապահովութեան եւ դիւանագիտական ռազմավարութեան մշակումը։ Նոյնիսկ եթէ ամբողջական քաղաքական միասնութիւնը հասանելի չէ, ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ հիմնական ազգային առաջնահերթութիւններու շուրջ հաւաքական գիտակցութիւն յառաջացնելը կարելի է։ Այդ մէկը կը պահանջէ հասունութիւն եւ հետեւանքներու գիտակցութիւն։
Այսօր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, հայ քաղաքական միտքը կարելիութիւնը ունի անհատական շահերէն եւ իշխանութեան պայքարներէն վեր կանգնելու։ Փոխարէնը անիկա կրնայ կեդրոնանալ Հայաստանի համար նուազագոյն ազգային համաձայնութիւն մը ձեւաւորելուն վրայ՝ կարմիր գիծերու, առաջնահերթութիւններու եւ արժէքներու լայն ընկալումով, որոնք կրնան առաջնորդել որեւէ կառավարութեան մը՝ առանց կապուած ըլլալու զայն ղեկավարող անհատի մը։ Խօսքը կարգախօսներու մասին չէ, այլ՝ լուռ յստակութեան եւ համատեղ պատասխանատուութեան մասին է։
Հակառակ անոր որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ընդդիմադիր ուժերուն դէմ վերջերս գործադրուած ճնշումներուն դէմ դիմադրութեան կոչերը հիմնաւորուած եւ անհրաժեշտ են, այնուամենայնիւ անոնք բաւարար չեն։ Այսօր, պէտք են լուրջ եւ համակարգուած ջանքեր՝ բաժանուած ընդդիմադիր ուժերը վստահութիւն ներշնչող քաղաքական այլընտրանքի մը մէջ միաւորելու համար։ Առանց նպատակի միասնութեան եւ ռազմավարական համակարգումի՝ առանձին ցոյցերը եւ արձագանգային պոռթկումները չեն կրնար փոխել երկրին ներկայ ուղղութիւնը կամ ապահովել ժողովրդավարութեան հետագայ նահանջէն եւ ռազմավարական սխալներէն նշանակալի պաշտպանութիւն։
Միաւորուած ընդդիմութիւնը կրնայ աւելին առաջարկել, քան՝ սոսկ մարտավարական արձագանգ մը կառավարութեան դէմ՝ փոխանցիկ քաղաքական շրջանակ մը ստեղծելու հնարաւորութիւն, որ հիմնուած է իրատեսութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ։
Այս վճռորոշ պահուն, Հայաստան աւելի բարձր ձայներու կարիքը չունի՝ այլ առաւել իմաստուն ձայներու։
ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: