Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սիւնիքը պաշտօնապէս դրուած է աճուրդի. «Ասպարեզ»

Հուլիս 19,2025 11:22

Ապու Տապիի հանդիպումի նախօրեակին, բայց մանաւանդ անկէ ասդին, հրապարակ նետուած է մոլորեցնող, աչքերուն փոշի նետող նոր բառ մը՝ ԱՐՏԱՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒՄ: Եթէ չբաւականանաք ըսուածը լոկ մակերեսային ձեւով ընկալելով՝ յստակ կը դառնայ, որ Սիւնիքի իրողական յանձնումին «ճաշը եփած է», խոստում ու համաձայնութիւն՝ ամբողջացած, հիմա կ՛աշխատին թունաւոր դեղահատը ժողովուրդին կոկորդէն շաքարապատեալ տարազներով վար իջեցնելու հնարքներու մասին, գործի կը լծեն նոյն բանը ըսող տարբեր բառեր: Կը փորձեն հասկցնել (եւ ազգը համոզել), որ եթէ թուրք-ատրպէյճանական պահանջներուն գոհացում տուող՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը այլ տարազումի տակ դրուի՝ օտար ընկերութեան մը վերահսկողութեան տակ, անիկա գերիշխանութեան կորուստ պէտք չէ նկատենք:

Եւ ի՜նչ…: «Ազգընտիր»ը, առանց բառերը ծամծմելու, իրողապէս կը հաստատէ, որ թուրքերուն եւ ատրպէյճանցիներուն երթեւեկի իրաւունք տուող ծրագիրը կրնայ կորուստի մատնել Սիւնիքը, թէեւ կը պնդէ, որ գերիշխանութեան կորուստ տեղի պիտի չունենայ: Բայց եթէ ինք մոռցած է, հայը չէ մոռցած, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք ալ, նման հաւաստիք տուած էր Արցախէն մնացած բաժինին մասին, եւ այդ հաւաստիքին իբրեւ փաստ՝ Արցախ վերադարձած էին մօտաւորապէս 100 հազար արցախցի: Յետո՞յ…

Ինչ որ կը բացայայտուի ծալք առ ծալք (շատ բան յայտնի էր արդէն, եւ հիմա, նախատեսութիւնները պարզապէս շօշափելի գետինի վրայ կը մարմնաւորուին), այն է, որ Հայաստան գործնապէս պէտք է խզուի Իրանէն, նաեւ ռուսական վերահսկողութեան հարց չդրուի, հայկականն ալ՝ թէականի ցանկին տակ: Իսկ եթէ «միջանցք»ը զգայնութիւններ կը ստեղծէ հայուն համար, անոր ալ լուծումը գտած է մարդուկը եւ կ՛ըսէ. եկէ՛ք, օտարներուն հասկցած ձեւով բացատրենք հարցը, այսինքն, միջանցք ըսելով՝ օտարները, դուք հասկցէք՝ ամերիկացիք եւ եւրոպացիք, չունին մեզի համար խորշելի հասկացութիւնը: Որո՞ւ հոգը, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանն ալ ունին մեզմէ տարբեր ընկալում, որուն նպատակն է… կուլ տալ Սիւնիքը, յետոյ նաեւ այլ պատառներ՝ պատրաստուած ՔՊական խոհարարներու ձեռքով:

Եւ ինչպէ՜ս չյիշել, որ նո՛յն այդ օտարներն էին, որ մեզի թելադրեցին իջեցնել Արցախեան հարցին նշաձողը, այնքան մը որ… Արցախը ամբողջութեամբ կորսուեցաւ, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» գոռացողը յետոյ անխառն խանդավառութեամբ, նոյն այդ եւրոպացիներուն հովանոցին տակ յայտարարեց, որ Արցախը ի սկզբանէ Ատրպէյճանի կը պատկանէր, մարդիկ ամբողջ 30 տարի դատարկաբանութիւն ըրած են բանակցութիւններու ճամբով, իսկ պատմութիւնը… «կեղծ քաթակորիա» է…: Եւ հիմա, «նշաձող իջեցնելու» յանկերգը մաշած ըլլալով, հրապարակ կու գայ «արտապատուիրակում» յղացքը:

Կը բացայայտուի, որ «անցքը» 100 տարուան համար վարձակալելու ամերիկեան առաջարկը այդքան ալ չի շահագրգռեր Ուաշինկթընը, ուրիշներ ալ շատ խանդավառ չեն. աւելի՛ն, ի յայտ կու գայ, որ այդ գաղափարին տէրը… Թուրքիան է, եւ ահա բերկորներով հանելուկը (Jigsaw puzzle) աւելի՛ կ՛ամբողջանայ, երբ կը հիմնաւորուին այն շշուկները, թէ «միջանցք»ը վերահսկողը ի վերջոյ կրնայ ըլլալ ՆԱԹՕի (Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա) դաշնակից Թուրքիան: Այսքանը չտեսնել՝ կը նշանակէ ըլլալ ՔՊամիտ, մեղսակից՝ Արցախէն ետք Հայաստանն ալ մասնավճարներով զիջելու ծրագիրներուն: Իսկ թէ ամերիկացիք կամ եւրոպացիք որքանո՞վ հետաքրքրուած են Հայաստանի գոյատեւումով՝ կը մնայ մե՜ծ հարցականներու տակ, պատասխանները կ՛երեւին անոնց հետապնդած՝ սեփական շահերու պաստառին վրայ, հոն՝ ուրկէ մաս առ մաս կրնայ նօսրանալ Հայաստանը: Բայց… Էրտողանը չէ՞ր, որ Փաշինեանի մասին ըսաւ, թէ «Զանգեզուրի միջանցքին գծով աւելի ճկուն է հիմա»:

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՃՈՒՐԴ

Փաշինեանի խօսքերէն յստակ կը դառնայ, որ «ճամբաներու վերահսկողութիւնը արտապատուիրակելու» հնարքով՝ Սիւնիքը պաշտօնապէս դրուած է աճուրդի (կարեւոր չէ, թէ այս յղացքին գիւտարարը ո՞վ է): Մարդը կ՛ըսէ, որ, «էսդի համեցէք»ի տրամաբանութեամբ՝ մենք դրամ չունինք երկաթուղին կառուցելու, իսկ արաբական եւ այլ երկիրներ շահագրգռութիւն ցոյց կու տան, այսինքն՝ ո՛վ որ աւելի մեծ գումար տայ Երեւանի իշխանաւորներուն, կրնայ իրականացնել թրքերէնէ փոխադրեալ սա խօսքը. «Դրամ տուողը սուլիչը կը փչէ(*)»: Հարց է, թէ աճուրդին կազմակերպումը պիտի վստահուի «Սոթըպիզ»ի՞ն, թէ՞ «Քրիսթիզ»ին…

ՔՊապետը հարցը կը դիտէ բացառապէս վաճառականի, լոկ նիւթական շահու ակնոցով: Հոն ալ ազգը մոլորեցնելու փորձ կ՛ընէ, երբ նախ կ՛ըսէ, որ ըլլալիքը պէտք է դիտել այնպէս մը, որ (իբրեւ թէ) բնակարան մը վարձու կու տաք եւ շահ կ՛ապահովէք (արդեօք ա՞յդ տրամաբանութեամբ սկսաւ Արցախը յանձնումը), յետոյ կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի մէջ քանի մը մեծ ընկերութիւն «արտապատուիրակուած» են, ինչպէս՝ օդակայանը, երկաթուղիի ցանցը, վաղը կրնայ արտապատուիրակուիլ նաեւ ելեկտրացանցը: Կ՛ըսէ՝ ցանցը առինք, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ընդերկար մենք պիտի կառավարենք, պիտի գտնենք զայն կառավարելու գործով շահագրգիռներ: Ու բանիմաց մարդիկ հարց կու տան, թէ միայն քաղաքականապէս տհաս մը կամ թշնամիին շահերուն անկիւնէն դիտող մը կրնայ չտեսնել տարբերութիւնը, ու կը յիշեցնեն, որ այս «արտապատուիրակում»ին ետին ալ կը տեսնուին թրքական նապաստակին ականջները: Այսինքն, Հայաստան կը մտնէ այն ճամբուն մէջ, որ Վրաստանը տարաւ թրքական նուաճումին (չանտեսենք այլ դրացիներ): Պէտք ունի՞նք անգամ մը եւս յիշեցնելու, որ միայն թրքական ուղեղով եւ աշխարհահայեացքով պատուաստուած մարդիկ են որ այս երթին մէջ «ապագայ կայ»ին կը հաւատան:

Եւ ինչպէ՞ս հարց չտալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կոյր ձեւանալ եւ Սիւնիքէն խոստացուած «անցք»ին վերահսկողութեան արտապատիրակումը համեմատել այլ ընկերութիւններու հետ: Ինչպէ՞ս չտեսնել, որ Սիւնիքը աշխարհաքաղաքական ծանրակշիռ իմաստ ունի, ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ Է ՈՐ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ ի հեճուկս Հայաստանի, մինչդեռ այլ ընկերութիւններու շահարումը օտարներու վստահիլը առաւելաբար տնտեսական հաշուարկներով կ՛ըլլայ, հոն գերիշխանութեան իրողական կորուստը չկայ: Եւ երբ կը խօսուի, օրինակ, ճամբաները 100 տարիով վարձու տալու մասին (կը յիշէ՞ք, Պոլսոյ մէջ կը յայտարարէն, թէ ի՞նչ վնաս, թող թուրքերն ու ատրպէյճանցիները երթան-գան), ո՛չ մէկ խօսք՝ հայերու երթեւեկի իրաւունքին մասին. հա՛, չմոռնանք որ «երրորդ երկիրներու հպատակներ» ալ կրնան օգտուիլ «անցքերէն»: Այս խայտառակ «լուսաբանութիւններուն» ի լուր՝ մեր միտքը կու գայ ուրիշ ծանօթ խօսք մը. «Մինչեւ բաղձալի օրը՝ կա՛մ այծը կը մեռնի, կամ այծատէրը»: Այծատէր-Հայաստանը որքա՞ն պիտի դիմանայ…

Բոլորովին այլ հարց է, թէ արդեօք Հայաստանի պետութիւնը եւ ՀԱՅ ՇԱՀԱՐԿՈՂՆԵՐ ինչո՞ւ հեռու կանգնած են նման հիմնարկներէ: Պատասխաններէն նորագոյնը եղաւ ելեկտրականութեան ցանցին «պետականացման» որոշումը: Իսկ ո՞վ պահած է հաշիւը այն հայերուն, որոնք անցեալին, նա՛եւ նախորդ իշխանութիւններուն օրով, ներդրումներ ըրին Հայաստանի մէջ եւ յետոյ… պաշտօնապէս կողոպտուեցան: Կողոպտուեցան նաեւ կարգ մը օտարներ (օդանաւային ընկերութեան պատմութիւնը մէկն է): Եւ այս մարդիկը կը խօսին «նախկիններ»ու մասին, մինչդեռ դրամագլուխ-ներդում վանելու իրենց ընթացքով՝ ամէն օր նոր մրցանիշ կը հաստատեն:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն    
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031