Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ նման ծրագիր մը Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան աջակցութեամբ ի գործ դրուած է Լիբանանի մէջ

Հուլիս 31,2025 23:03

Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի «Կենսոլորտը եւ սնունդը» ծրագիրի պատասխանատուները, ծրագիրի տնօրէն փրոֆ. Շատի Համատայի գլխաւորութեամբ:

Այցելութեան նպատակն էր յիշեալ ծրագիրի աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը ներկայացնել Նորին Սրբութեան եւ իրմէ իմանալ համայնքներն ու կազմակերպութիւնները գործնապէս մասնակից դարձնելու կարելիութիւններուն մասին:

Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ նման ծրագիր մը Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան աջակցութեամբ ի գործ դրուած է Լիբանանի մէջ:

Որեւէ ծրագիր, որուն նպատակը կենսոլորտի առողջ պահպանումն է՝ սիրելի է մեզի համար, եւ կը հաւատամ, որ սիրելի է առողջ մտածող որեւէ համայնքի, կազմակերպութեան կամ պետութեան համար եւս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: Ան իր խօսքը շարունակելով՝ շեշտեց, թէ կենսոլորտային հարցերը տեսական չեն, այլ գոյութենական են եւ պատճառ կը հանդիսանան ահաւոր ողբերգութիւններու, որոնց մասին յաճախ կը լսենք, նաեւ որոշ չափով ականատես կ՚ըլլանք՝ նոյնիսկ Լիբանանին մէջ:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ կենսոլորտային հարցերու լուծման գծով միջազգային համայնքին առած որոշումները ու որդեգրած քաղաքականութիւնը դժբախտաբար չեն համապատասխաներ կենսոլորտային հարցերուն յառաջացուցած ահաւոր վտանգներուն: Հետեւաբար, այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է յիշեցնել պետութիւններուն՝ ստանձնելու իրենց պարտաւորութիւնները ապագայի նկատմամբ:

Ներկաները մեծապէս գոհ մնացին Հայրապետին տուած բացատրութիւններէն ու կատարած վերլուծումներէն եւ հրաւիրեցին զինք նոյն նիւթին շուրջ հրապարակային դասախօսութիւն մը տալու՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031