Լրահոս
Որ Արցախը մնար
Օրվա լրահոսը

Արտապատուիրակման ծրագիրին իրականացման մէջ, Ուաշինկթըն կրնայ գլխաւոր դերակատարութիւնը յանձնել… թրքական ընկերութեան մը, եւ պարտադրել՝ ամէն բանի «ասէ՛ք, կանե՛նք» ըսող Փաշինեանին, որ ընդունի այդ ընտրանքը. «Ասպարեզ»

Օգոստոս 06,2025 11:06

Անմիջական եւ անխուսափելի հարցում մը կը ծագի. ինչի՞ պիտի ծառայէ եռակողմանի հանդիպումը:

«Անիկա ինչի՞ պիտի ծառայէ»ին՝ տանք քանի մը պատասխան.

– Յայտնապէս «Զանգեզուրի միջանցքին արտապատուիրակման» ծրագիրը եփած կերակուր է, կը մնայ, որ Թրամփ, խաղաղարարի իր պատմուճանին վրայ, նոր աստղ մը աւելցնելու նպատակով, փորձէ Ալիեւէն ու Փաշինեանէն ապահովել շահաբեր խոստումներ: Շահաբերը՝ ամերիկացիներուն ու դաշնակիցներուն, նաեւ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար (իսկ ինչո՞ւ մոռնալ, որ Փաշինեան անոնց գլխիկոր գործակատարն է, Հայաստանի շահերուն դիտանկիւնէն մատը-մատին զարնելու տրամադրութիւն չունի):

– Այս ծրագիրին իրականացումը՝ Ուաշինկթըն եւ մեր անմիջական թշնամիները կը դիտեն իրենց եւ դաշնակիցներու շահերուն դիտանկիւնէն: Անոնք վստահաբար վերջերս մե՜ծ ցնծութեամբ իմացան, որ Հայաստանի նոր օրերու «Աբիսողոմ աղան»՝ նախագահի աթոռին նշանակուած Վահագն Խաչատուրեանը, Սիւնիք իր այցելութեան օրերուն, փորձեց ժողովուրդին ծախել ճամբաներու բացման ծրագիրը, զայն ներկայացուց (իբրեւ թէ) Հայաստանի ու մասնաւորապէս սիւնեցիներուն համար շահաբեր, սակայն ստացած պատասխաններէն մէկն էր. «Մենք քեզի չենք հաւատար…»: Ի դէպ, կա՞յ հայ մը, որ թշնամի-դրացիներուն հետ խաղաղութիւն եւ գործակցական յարաբերութիւն չցանկայ: Սակայն երբ բաց աչքերով եւ աղաղակող փաստերով կը տեսնենք, որ իշխանաւորներուն «խաղաղութեան ծրագիր»ները միայն ու միայն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հացին կարագ ու մեղր կը քսեն, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ՊԵՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՎ լիարժէք հակահայութիւն կը տանին, Հայաստանին կը խոստանան ուղղակի եւ անուղղակի ենթակայութիւն՝ վասալութիւն, մինչեւ անգամ հողային յաւելեալ կծկո՛ւմ, մինչեւ անգամ՝ անէացո՛ւմ (կոյր ու խուլ պէտք է ըլլալ, չգիտակցելու՝ թէ Ալիեւ ինչ ըսել կ՛ուզէ Սեւանն ու Սիւնիքը, նոյնինքն Երեւա՛նը ատրպէյճանապատկան հռչակելով), բանականութիւնը կը թելադրէ ըլլալ իրատես, այսինքն տեսնել, որ Երեւանի վարչախումբը շահերը կը դիտէ բացառապէս… թուրք-ատրպէյճանական ակնոցով:

– Եթէ առաւելաբար առեւտրական եւ շահադիտական «ուղեղով» Թրամփ մը Ալիեւի եւ Փաշինեանի կ՛ըսէ՝ «հո՛ս եկէք», կը նշանակէ, որ անմիջական նպատակը պիտի ըլլայ Փաշինեանի «թեւը ոլորել», որպէսզի պաշտօնապէս ընդունի «արտապատուիրակում»ը, այսինքն՝ վաճառէ Սիւնիքը՝ «միջանցք» անուան տակ (գնողը, գիտենք, ո՛վ պիտի ըլլայ. Արցախը վկայ… ): Ատենին, Հիլըրի Քլինթըն յոխորտացած էր, որ Հայաստանի օրուան նախագահին թեւը ոլորած էր, որպէսզի ընդունէր «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» արդիւնքը՝ փրոթոքոլները, սակայն յետոյ յայտնի եղաւ, որ չէր յաջողած: շատո՜նց փաստուած է, որ Փաշինեան նոյնքան ուժեղ կամ ճկուն բազուկ չունի (իսկ եթէ բան մը ունի՝ այդ ալ կը գործածէ Եկեղեցւոյ ու ընդդիմադիրներու դէմ՝ «ներսը շնագայլ, դուրսը մուկ» տրամաբանութեամբ): Ան բացայայտեց, որ պատրաստ է Սիւնիքը վաճառքի հանելու, եւ՝ աճուրդով, երբ սկսաւ խօսիլ արտապատուիրակման «հնարք»ին մասին (որ իր ուղեղին մէջ տեղադրուած էր թշնամիներուն կողմէ):

– Արտապատուիրակման ծրագիրին իրականացման մէջ, Ուաշինկթըն կրնայ այս կամ այն ձեւով, ուղղակի կամ անուղղակի տարազներով, գլխաւոր դերակատարութիւնը յանձնել… թրքական ընկերութեան մը, եւ պարտադրել՝ ամէն բանի «ասէ՛ք, կանե՛նք» ըսող Փաշինեանին, որ ընդունի այդ ընտրանքը: Անկէ անդին, նոր մարգարէներ փնտռելու պէտք չունինք, հասկնալու՝ թէ Սիւնիքին գլխուն – եւ Սիւնիքէն սկսեալ – ինչպիսի՜ աղէտներ կրնան իրարու յաջորդել:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031