Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Շրջանը խստիւ կը դատապարտէ 8 Օգոստոսին, Սպիտակ Տան մէջ ստորագրուած համաձայնութիւնը՝ Իլհամ Ալիեւի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։ Այս փաստաթուղթերը համակարգուած դաւաճանութեան արարք մըն է, որ կը քայքայէ Հայաստանի գերիշխանութիւնը, կը ջնջէ Արցախի հիմնահարցը միջազգային բեմահարթակէն, եւ ծանր վնաս կը հասցնէ հայրենիքին։
Ստորագրուեցան երեք փաստաթուղթեր.- Դուրս գալ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակէն, կառուցել, այսպէս կոչուած Սիւնիքի «Թրամփեան Միջազգային Խաղաղութեան եւ Բարգաւաճման Ճամբան» (TRIPP) եւ իրականացնել 17 կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան համաձայնագիր մը, որ պատրաստուած է Մարտ 2025-ին, Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ: Անոր մանրամասնութիւնները երբեք չեն հաղորդուած հայ ժողովուրդին:
Մարտ ամսուան համաձայնութեամբ, թշնամիին բոլոր պահանջներն են որ կը կատարուին.
-Սահմանադրութեան փոփոխութիւններ, որոնք պիտի ջնջեն Արցախի հիմնահարցը, թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ օրինական գետնի վրայ:
-ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի կազմալուծում:
-Երրորդ կողմի սահմանային դիտորդներու արգիլում, ինչ որ կրնայ առիթ կ’ընծայէ ատրպէյճանական ոտնձգութիւններու:
-Միջազգային իրաւական դատարանէն հրաժարում, ինչ որ մոռացութեան կը մատնէ ոճիրներու եւ 2023-ին, Արցախի մէջ իրականացած ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը:
-«Զանգեզուրի Միջանցք»-ին բացումով՝ պիտի իրագործուի գերիշխանութեան կորուստ:
-Համաձայնութիւն՝ թոյլատրելու 300,000 ազերիներու վերադարձը Հայաստան՝ իրագործելու Ալիեւի «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի ծրագիրը:
-Ոչ մէկ խօսք հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման առնչութեամբ։
Կարդացեք նաև
Փաշինեանի ստորագրութիւնները անօրինականութեան խարան մըն են: Դաւաճանութիւն մը, որ կատարուեցաւ առանց հրամանի, առանց խորհրդակցութեան, եւ առանց յարգելու սերունդներու զոհողութիւնը։ Ուաշինկթընի մէջ, ան գործեց ոչ թէ որպէս Հայաստանի պաշտպան, այլ որպէս օտարներու լծակ՝ ամրագրելով Պաքուի եւ Անգարայի պահանջները եւ վաճառելով ինքնիշխանութիւնը քաղաքական գոյատեւման դիմաց։ Թոյլ տալով Ատրպէյճանին անարգել երթեւեկել Հայաստանի տարածքով, Արցախը ջնջելով միջազգային բեմէն, ընդունելով այնպիսի պայմաններ, որոնք կը քանդեն ազգային կառոյցները, բոլորովին մոռնալով Արցախին համար պայքարած եւ այժմ բանտարկուած ռազմագերիները:
Թրամփի վարչակազմը ունի լիակատար պատասխանատուութիւն այս դաւաճանութիւնը օրինականացնելու մէջ։ Փոխանակ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու իր յարձակումներուն, ցեղասպանութեան եւ ծաւալապաշտութեան համար, Թրամփ նախընտրեց պարգեւատրել Ալիեւը, հաճոյք պատճառել Անգարային եւ մոռացութեան մատնեց Արցախէն բռնագաղթած 150 հազարէ աւելի հայերու տառապանքը։ Սա խաղաղութիւն չէր, այլ խողովակներ, իշխանութիւն եւ քաղաքական սնափառութիւն՝ արդարութեան եւ ինքնիշխանութեան հաշուոյն։Հակառակ այս բոլորին, հայ ժողովուրդը կը մնայ արթուն, գիտակից եւ կազմակերպուած։ Մենք չենք լռեր։ Մենք չենք ջնջուիր բռնակալներու կամ նախագահներու փափաքներուն համար։ Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ այս պահը եւ պիտի դատէ այն մարդիկը, որոնք կանգնեցան մեր ազգի պաշտպանութեան խրամատին մէջ, եւ այն մարդիկը, որոնք լուռ մնացին դաւաճանութեան դիմաց։
Մենք կը մերժենք այս միջանցքը։ Մենք կը մերժենք այս համաձայնութիւնները։ Մենք կը մերժենք այս դաւաճանութիւնը։
Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէ