Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Որեւէ ակնարկութիւն չկայ Հայաստանի տարածքներէն շուրջ 200 քառ. կմ-ի ազրպէյճանական բանակին կողմէ ներխուժուած ըլլալուն մասին. «Ազդակ»

Օգոստոս 14,2025 11:02

Հրապարակուած է 17 կէտերէ բաղկացած Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան նախաստորագրուած պայմանագիրին բնագիրը:

Անդրադառնանք 17 կէտերէն ամէնէն հակասական եւ ամէնէն հանգուցային յօդուածներուն:

Ըստ 2-րդ յօդուածին, «Ամբողջութեամբ համապատասխանելով յօդուած 1-ին` կողմերը կը հաստատեն, որ միմեանց նկատմամբ չունին տարածքային պահանջներ եւ հետագային նման պահանջներ չեն առաջադրեր:

Կողմերը չեն ձեռնարկեր որեւէ գործողութիւն, այդ շարքին` այդպիսի գործողութիւններու ծրագրումը, նախապատրաստումը, խրախուսումը եւ աջակցումը, որոնք նպատակ ունին ամբողջութեամբ կամ մասամբ տրոհել կամ խաթարել միւս կողմի տարածքային ամբողջականութիւնը կամ քաղաքական միասնութիւնը»:

Այստեղ, որեւէ ակնարկութիւն չկայ Հայաստանի տարածքներէն շուրջ 200 քառ քմ-ի ազրպէյճանական բանակին կողմէ ներխուժուած ըլլալուն մասին: Անորոշ կը մնայ, որ գրաւուած հայաստանեան տարածքը ո՛ր երկրի տարածքային ամբողջականութեան մաս կը կազմէ:

Բայց պահ մը կանգ առնենք կարեւոր այս կէտին վրայ: Ուաշինկթընեան հռչակագիրին առաջին կէտը կ՛ըսէ.

«Մենք եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Ճ. Թրամփ ականատես եղանք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի համաձայնեցուած բնագիրի նախաստորագրութեան` կողմերու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ: Ըստ այդմ, մենք ընդունեցինք համաձայնագիրի ստորագրութիւնը եւ վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ հետագայ գործողութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեցինք մեր երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պահպանման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Ուրեմն, վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ կան տակաւին հետագայ գործողութիւններ: Շատ պարզօրէն կը հասկցուի, որ պայմանագիրը ստորագրելէ առաջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ նոր Սահմանադրութիւն, որ յղում չի կատարեր Անկախութեան հռչակագիրին:

Հետագայ այդ գործողութիւնները կրնան տապալիլ հանրաքուէով: Իսկ այդ մէկը արդէն կախեալ է ժողովուրդի կամքէն:

«Ա.»

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ    
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031