Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Ի՜նչ գեղեցիկ աշխարհ մը»․ «Հայրենիք»

Օգոստոս 16,2025 10:10

«…Կը տեսնեմ բարեկամներ որ իրարու ձեռք կը թօթուեն,
Կ՛ըսեն՝ «Ինչպէ՞ս էք»,
Իրականութեան մէջ կ՛ըսեն՝
Կը սիրեմ ձեզ»։

Լուիս Արմսթրոնկի այս հանրածանօթ երգին մէկ տարբերակով աւարտեցաւ 8 Օգոստոսի եռակողմանի Թրամփ-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը՝ Ուաշինկթընի մէջ: Երեք իշխանականներու խօսքերէն եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու հարց-պատասխաններէն ետք, երբ հանդիպումը աւարտեցաւ, ներկաները լա՜յն ժպիտներով սկսան իրարու ձեռք թօթուել եւ ողջագուրուիլ, այդ ատեն հնչեց «Ի՜նչ գեղեցիկ աշխարհ մը»-ին մէկ լարային տարբերակը:

Կազմակերպող մարմինը հմտօրէն ընտրած էր այս գործը, որ հեռու պատերազմներէ, աղէտներէ եւ փորձանքներէ՝ կը ներկայացնէ Աշխարհի դրական կողմը… եթէ անշուշտ դեռ նման բան գոյութիւն ունի:
Արուեստն ու մշակոյթը յաճախ օգտագործուած են Արեւմուտքին եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ, տպաւորելու, սիրաշահելու եւ ներգրաւելու համար օտար զանգուածները:

…1960-ականներու սկիզբը, նորանկախ Քոնկոյի երիտասարդ ղեկավար Փաթրիս Լումումպա ամէնայն ինքնավստահութեամբ կոչ ուղղեց Արեւմուտքին՝ դադրեցնելու իր երկրի նախանիւթերու շահագործումն ու կողոպուտը, եւ շահեցաւ կայծակնային ժողովրդականութիւն: Այդ օրերու Սպիտակ Տան վարձակալ Տուայթ Այզընհաուըր եւ իր արտաքին քաղաքականութեան ղեկավարութիւնը մտայղացումը ունեցան արեւմտամէտ մթնոլորտ մը ստեղծելու, եւ Քինշազա ղրկեցին նոյնինքն Լուիս Արմսթրոնկը, որ սեւամորթ ըլլալով, կը կարծուէր, թէ իր ելոյթներով պիտի խանդավառէր տեղացիները: Կարճ ժամանակ մը ետք, աշխարհահռչակ եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող փողահարը իրազեկ եղաւ, որ ինկած էր մեծ ծուղակի մը մէջ: Այդ տարիներուն, վերոյիշեալ՝ «Ի՜նչ գեղեցիկ աշխարհ մը» երգը դեռ չէր յօրինուած. կարճ ժամանակ մը ետք, Ափրիկէի Քասթրօն նկատուած Լումումպան սպաննուեցաւ: Անկէ ետք ազգային շահեր հետապնդողներու սպանդը՝ ո՛չ միայն Ափրիկէի մէջ, երկար հաշուեցոյց կազմած է:

Քանի մը տարի ետք, 1963-ին, միեւնոյն մտասեւեռումով, այս անգամ Մերձաւոր Արեւելք «գործուղուեցան» խումբ մը երաժիշտներ, գլխաւորութեամբ դաշնակահար Տիւք Էլինկթընի, որպէսզի իրենց կարգին Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ ելոյթներ ունենալով՝ խանդավառութիւն ստեղծեն: Արտաքին գործոց նախարարութեան ֆինանսաւորումով կազմակերպուած եւ «ճազի դիւանագիտութիւն» որակումը կրող շրջապտոյտը երկար կեանք չունեցաւ, երբ նախագահ Քենետի սպաննուեցաւ: Սա արդէն այլ երկար պատմութիւն մըն է, որուն մասին կարելի է յատուկ ուսումնասիրութիւն մը պատրաստել: Նշենք նաեւ գէթ փինկ-փոնկի դիւանագիտութիւնն ու… ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը:

Արդ, արդեօք պարզ զուգադիպութենէ աւելին տեսնելով՝ կարելի չէ՞ ենթադրել, թէ 8 Օգոստոսի հանդիպումը տեղի ունեցաւ հանրածանօթ երգչուհի Ճենիֆըր Լոփէսի՝ Երեւանի մէջ ունեցած ելոյթէն միայն քանի մը օր ետք (ընթերցողին հայեցողութեան կը ձգենք, թէ մակարդակը որքա՜ն ինկած է, համեմատած վերոյիշեալ արուեստագէտներուն): Դեմոկրատներու հլու կամակատար ճանչցուած՝ «Ճէյ Լօ»-ն հաւանաբար, ինք ալ Արմսթրոնկի եւ այլոց նման, չէր գիտեր, թէ անուղակիօրէն կ՛օգտագործուէր այս անգամ՝ Թրամփեան քարոզչական մեքենային կողմէ: Իսկ խօսի՞լ ներկաներուն եւ յատկապէս հաւաքանիին… մեկնաբանութեան կարիք չկայ:

Հապա ի՞նչ ըսել Ուաշինկթընի հանդիպումի ներկաներուն ու ընդհանրապէս կատարուած «Շօ»-ին մասին, մանաւանդ երբ Նիւ Եորքի մէջ եւ այլուր բազմաթիւ հողաշերտերու տէր-տիրական Թրամփ աչքերը ուղղած է իրեն ծանօթ տարածքներէ շա՜տ հեռու՝ հազարաւոր մղոններ հեռու՝ մեր Սիւնիքին, ու պիտի տեսնէր, թէ բախտը ուրիշ ձեւով կը ժպտէր իրեն՝ Ատրպէյճան-Նախիջեւան ճամբան պիտի կրէր իր անունը, գօտի մը՝ որուն տէրն ու տիրականը պիտի ըլլար 99 տարի (չմոռցաւ ըսելու որ… կարելի է պայմանագիրը երկարաձգել): Իր հանրածանօթ՝ առեւտրականի խօսակցութեան ոճով, ան իր անկեղծ սէրը յայտնեց այս միջանցքին: Իրեն համար ի՜նչ կարեւորութիւն ունի, թէ անիկա համաթուրանականութեան մայրուղին է, եւ ահա ինք (այսինքն՝ ամերիկեան վարչամեքենան) կը հովանաւորէ Թուրքիոյ դարաւոր երազը, որուն կ’ընկերանայ իր երազած՝ առեւտրական համալիրներու ծրագիրը:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031