Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Թեթեւամտութիւնը հասած է հոն, որ ուաշինկթընեան համաձայնութեան մէջ հայկական շրջանակներ բարիք կը տեսնեն ու խուլ կը մնան թշնամիէն հնչող սպառնալիքներուն նկատմամբ. «Ասպարեզ»

Օգոստոս 28,2025 10:35

Վերջին օրերուն, մեր թշնամիին ճակատներէն արձակուեցան բաւական ուշագրաւ եւ մտահոգիչ արտայայտութիւններ, որոնց լուսանցքին վրայ մնաց, կարծէք թէ, Թուրքիայէն հաղորդուած այն լուրը, թէ ճամբայ հանուած է Կարսը Նախիջեւանին կապող երկաթուղագիծի շինարարութիւնը: Տրուեցան երկայնքին եւ ծախսերուն հաշուեկշիռները, առաւելաբար քարոզուեցաւ անոր տնտեսական-նիւթական նպաստներու երեսը: Եւ սա՝ այն պահուն, երբ Ալիեւ կրկին ու կրկին կը խօսի իր նպատակները իրականացուցած ըլլալու, բանակը աւելի՛ հզօրացնելու, անոր պիւտճէն աւելցնելու եւ որեւէ ատեն պատերազմի պատրաստ ըլլալու մասին, կը յիշեցնէ, որ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը, համաձայնագիրի վերածուելու համար, Հայաստան ունի «ահագին տնային աշխատանք», ինչպէս՝ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, ամէն տեսակի պահանջէ հրաժարում, բանակի իրողական զինաթափում եւ… շարքը երկար է: Թուրքիան ալ, իր կարգին, կը յիշեցնէ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը իր երկարաշունչ ծրագիրներուն համապատասխան է, փաստօրէն, կը հաստատէ, որ «Թրամփի ուղի» անունը կրող ճամբան արդէն կը նկատեն թուրք-ատրպէյճանական հող (չմոռնանք, որ երկու «եղբայրները» չեն ուզեր այդ ճամբուն վրայ տեսնել հայկական որեւէ տեսակի ներկայութիւն, կը պահանջեն «անխոչընդոտ երթեւեկել» Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ): Ու Հայաստանի հորիզոնին մարմնաւորուող նոր ողբերգութիւնները աստիճանաբար կը դառնան աւելի՛ բացայայտ: Թեթեւամտութիւնն ու տհասութիւնը հասած է հոն, որ ուաշինկթընեան համաձայնութեան մէջ հայկական շրջանակներ (Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ) բարիք կը տեսնեն, կո՛ր ու խուլ կը մնան թշնամիէն հնչող բացայայտ եւ լուրջ սպառնալիքներուն նկատմամբ (վաղը կրնան քարոզել, որ Ատրպէյճանի յաւելեալ սպառազինումը Հայաստանի եւ ենթադրեալ խաղաղութեան դէմ չէ, կան Իրանն ու Ռուսիան, մինչեւ իսկ… Ուքրանիան):

Երթանք աւելի քան մէկ դար ետ: Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսի շրջանին, 19րդ դարու վերջերուն եւ 20րդ դարու սկիզբներուն, թրքական քաղաքական միտքին մէջ ծագեցան երկու եւ մեծ չափով իրարու համապատասխանող ծրագիրներ: Մէկը կը կոչուէր համաիսլամութիւն, միւսը՝ համաթուրանականութիւն: Համաթուրանականութիւնը, որ աւելի՛ թուրք ազգայնականութեան երանգ ունէր, կը նպատակադրէր թրքացեղ բոլոր երկիրները՝ Եւրոպայէն մինչեւ Կովկաս եւ Կեդրոնական Ասիա (հեռադիտակը ուղղուած էր մինչեւ Խաղաղականի ափերը) միացնել մէկ հսկայ կայսրութեան մէջ: Այս ծրագիրը ապրեցաւ վերիվայրումներ, նահանջներ եւ նոր ծլարձակումներ, որոնք ներառուեցաւ օսմանեան Թուրքիոյ ժառանգորդը հանդիսացող՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան պետական ծրագիրներուն մէջ: Այս ծրագիրին ճամբուն, կարեւոր խոչընդոտ էին Հայաստանը եւ հայութիւնը (նորագոյն քարտէսներով՝ նաեւ Վրաստանն ու ռուսական հողամասեր): Ցեղասպանութեան դրդապատճառներէն մէկը – եթէ ոչ՝ գլխաւորը – այս ծրագիրն էր, որ ձախողեցաւ, Սարդարապատի մէջ հայը տուաւ իր վճռական պատասխանը եւ ծնունդ տուաւ Հայաստանի հանրապետութեան: Թրքական ծրագիրը ընկրկում ապրեցաւ այդ ու յաջորդ հանգրուաններու, սակայն մի՛շտ ալ մնաց ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ մէկ կիզակէտը:

Թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւններ լծուեցան զայն տարբեր ձեւերով եւ քայլ առ քայլ իրականացնող՝ հեռահաս մարտավարութեան: Ա. Աշխարհամարտէն, նաեւ Սարդարապատի հերոսամարտէն քանի մը տարի ետք, Թուրքիա «լեզու գտաւ» նոր կարմրած ռուսական կայսրութեան հետ. պատմութիւնը արձանագրեց Կարսի ու Մոսկուայի համաձայնագիրները, որոնց սեղանին, երէկի երկու թշնամիները (19-րդ դարը ռուս-թրքական բազում ճակատումներու դարաշրջան էր), այդ օրուան իրենց շահերէն մեկնելով եւ զոհասեղանին դնելով Հայաստանն ու հայութիւնը՝ ձեւաւորեցին իրենց նոր յարաբերութիւնները:

Այդ օրերուն եւ յաջորդող կարճ ժամանակաշրջանին էր որ տեղի ունեցան քանի մը ճակատագրական դէպքեր, որոնցմէ մէկն էր Նախիջեւանը՝ Ատրպէյճանի «նուիրել»ը, զուգահեռաբար՝ Արցախի ծանօթ կարգավիճակին որդեգրումը, իսկ միւսը՝ Նախիջեւանի հետ Թուրքիոյ… սահմանակից դառնալը: Նախապէս, Թուրքիա Նախիջեւանի հետ հողային կապ չունէր. Իրանի հետ որոշ դասաւորումներով (չմտնենք պատմութեան մանրամասնութիւններուն մէջ), Թուրքիա ստացաւ մօտաւորապէս 15 քլմ. երկարութեամբ տարածք մը, որ զինք ուղղակի կապեց Նախիջեւանին: Սա արդէն համաթուրանական ծրագիրին իրականացման մէկ փոքր քայլն էր, կը բանար հեռահաս երազներու հորիզոնները:

Հայ քաղաքական միտքը հարկադրուած էր լուռ հանդիսատեսը մնալու այս «առեւտուր»ներուն, իսկ խորհրդային համակարգին մէջ ներգրաւուած անուանի եւ հեղինակաւոր հայեր այդ կողմը չնայեցան տասնամեակներ շարունակ (Ատրպէյճան կիրարկեց Նախիջեւանը դանդաղ հայաթափումը, նոյն յաջողութիւնը չունեցաւ Արցախի մէջ, մինչեւ…ՔՊականներու լծակցութեան նոր օրերը): Տարիներ ետք, դատողութիւններ ընելը կրնայ ճիշդ չթուիլ, սակայն կարելի չէ անտեսել այն իրականութիւնը, որ երբ ատրպէյճանցիները, իրողապէս հեռավարուելով Անգարայէն՝ թաքուն լծակցութեամբ կը հետապնդէին համաթուրանականութեան ծրագիրը, հայկական կողմը մնաց իրողապէս անտարբեր ու ենթարկուողի, «անկողմնակալ հետեւող»ի դիրքերուն վրայ, երգեր հիւսուեցան «Հայաստան-Ատրպէյճան եղբայրութեան» մասին (չենք անտեսեր Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարներուն մէջ հակազդելու ճիգ ընողները, սակայն երբ վճիռները կու գային Մոսկուայէն…):

***

Ցատկենք պատմութեան քանի մը փուլի վրայէն եւ հասնինք վերանկախացած Հայաստանի դարաշրջանը: Առաջին տարիները եղան դաժան՝ բազմաթիւ իմաստներով (արցախեան պատերազմ, պաշարում, տնտեսական տագնապ եւ այլ): Ահա այդ օրերուն, Թուրքիա-Նախիջեւան սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ դէպք մը, որ ընդհանրապէս բաւարար լուսարձակ չգտաւ հայկական քաղաքական միտքի բերնին վրայ (պատճառներուն շարքին էին յիշեալ տագնապները): Արաքս գետին վրայ, Թուրքիա կառուցեց բաւական վիթխարի կամուրջ մը, մօտաւորապէս 300 մեթր երկարութեամբ, եւ զայն կոչեց «Յոյսի կամուրջ» (թրքերէնով՝ Իւմիւթ քէօփրիւսը): Քանի մը գիծով երթեւեկ ապահովող այդ կամուրջը տեսնողն իսկ պիտի անդրադառնար, որ անիկա երկու գօտիներու միջեւ պարզ երթեւեկ ապահովող կապ մը չէր: Բացման արարողութեան, 1992ի վերջերուն, ներկայ եղան օրուան նախագահը՝ Էօզալ եւ ամբողջ աւագանին: Իսկ անուանումը, նմանապէս, կը բացայայտէր անոր հեռահաս տարողութիւնը, այսինքն յոյս՝ դէպի Կեդրոնական Ասիա տարածուելու: Անիկա իրականութեան մէջ նոր հանգրուան մըն էր՝ Նախիջեւանի Ատրպէյճանին յանձնումին ու Իրանէն ձեռք բերուած հողաշերտին միջոցով՝ Թուրքիա-Նախիջեւան, հետեւաբար նաեւ՝ Ատրպէյճան կապի ծրագիրին, պարզ խօսքով՝ համաթուրանականութեան ճամբուն առնուած քայլ մը: Այդ օրերուն էր որ տեղի կ’ունենար Խորհրդային Միութեան փլուզումը, այսինքն, համաթուրանական ծրագիրը այս կամ այն ձեւով արգելակող ուժին վերնալը:

Ու երբ ՔՊական իշխանութիւնը բանիւ եւ գործով դարձած է համաթուրանական ծրագիրին ուղղակի եւ անուղղակի քարոզիչը, գործադրողը, հոս արդէն կը շեշտուի ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ դերին կարեւորութիւնը: Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, անգամ մը եւս կը հնչէ շիրազեան՝ «բաւական է, չպէտք է լռել» մարտակոչը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031