Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Միացէ՛ք եւ կասեցուցէ՛ք այս ժանտախտը․ «Հայրենիք»

Օգոստոս 30,2025 10:50

Հեգնականէ աւելի նենգամիտ է Փաշինեանի այն արտայայտութիւնը, թէ 35-ամեայ հռչակագիրը եղած է այն օրերուն, երբ քաղաքական եւ մտաւորական վերնախաւը տոգորուած էր Արցախեան շարժումով, որ այդ օրերուն իր գագաթնակէտին վրայ կը գտնուէր։ Բայց չ’ըսեր, թէ անոնք իրաւացի էին, քայլ կը պահէին պատմութեան ընթացքին հետ, Աւարայրէն ու Սարդարապատէն «ջանք առած»ներու երթին հետ: Իր «տրամաբանութեամբ», անոնք հի՜ն բաներ են, կապ չունին իր քարոզած «նոր Հայաստան»-ին հետ, հանգրուան առ հանգրուան ի՛ր ձեռքով կորուստի տարուող հայրենիքին հետ:

Եզրակացնելով, եւ սովորականին նման «փա՜ռք նահատակներուն» մըն ալ աւելցնելով՝ Փաշինեան կը հաստատէր, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր աւելի՛ ինքնիշխան է (եւ իբրեւ փաստ՝ կը բերէ… միջանցքին բացումը), քան երբեւիցէ, աւելի՛ պետութիւն է (անկասկա՛ծ ոստիկանական), քան երբեւիցէ, եւ դեռ՝ աւելի՛ բարեկեցիկ, հեռանկարային, խաղաղ եւ․․․ անկախ: Եւ ինչպէ՜ս չմտածել, որ աշխարհի մէջ կան «Բժիշկներ եւ լրագրողներ առանց սահմանի» անունով կազմակերպութիւններ, իսկ ՔՊ-ական Հայաստանի մէջ ալ կայ անսահման ցնորամտութեան եւ խաբեբայութեան միաւոր մը…: Երբ թուրքի եւ ազերիի մտայնութեամբ կ’առաջնորդուիս, թշնամիէդ կախուածութեան աճումը չես տեսներ, չես ուզեր որ տեսնեն:

Միեւնոյն յանկերգը կրկնուեցաւ՝ աւելի սեղմ բայց ընտրանի միջավայրի մէջ, Հ․Հ․ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ տարեկան աշխատանքային ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Կապանի մէջ: Հոն, վարչապետին կողքին, խօսք առին նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, այսինքն՝ առաջին կարգի «ուսապարկեր»։

Այդ հաւաքին, վարչապետը ահազանգ հնչեցուց, թէ ժամանակ պէտք չէ կորսնցնել եւ ամէ՛ն գործ պէտք է ամէ՛ն գնով յառաջ քշել։ Վարչապետին համար, հարցի մը լուծումը երկար ժամանակով յետաձգելը անընդունելի է։ Վստահաբար, իր ուաշինկթընեան սխրանքէն եւ անշուշտ Լայպնիցի փիլիսոփայութենէն ներշնճուած՝ ան ինքնավստահօրէն կը շեշտէ․ «Մենք պէտք է հասկանանք, որ եթէ կայ հարց, ինքը սպասում է լուծման»: Լափալիսն անգամ պիտի զարմանար նման գիւտ լսելով…

Միեւնոյն փիլիսոփայութեամբ եւ աւելորդաբանութիւններ թութակող նախագահ Խաչատուրեան եւս, կիսատ-պռատ եւ բաւական մըն ալ անկապ գաղափարներ արտայայտեց, որոնց կարգին՝ կոչ ուղղեց առանձնակի ուշադրութիւն դարձնելու դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն, որոնց հետ Հայաստան ունի զգալի ընդհանուր շահեր: Այսինքն, ըստ նախագահին Չեխիա, Նեփալ կամ Զամպիա, ինչո՞ւ չէ նաեւ Զուիցերիա յար եւ նման են Հայաստանի եւ կը գիտակցին, թէ նման պայմաններու տակ, տնտեսական զարգացման սահմանափակումներու ենթակայ են․․․։
Նախագահն ալ լափալիսեան իրականութեամբ մը կ՛եզրակացնէր, թէ աշխարհի ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ, հեռաւորութիւնը այսօր այլեւս պէտք չէ խոչընդոտ հանդիսանայ յարաբերութիւններու ամրապնդման համար․․․: Ինչպիսի՜ չնաշխարհիկ «գիւտ» մըն է սա:

Սիրելի՛ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացինե՛ր եւ սփիւռքահայութեան սիրելի՛ զաւակներ, միացէ՛ք եւ կասեցուցէ՛ք այս ժանտախտը, ոսկրա՛խտը։ Այս վարձկանները, վերանորոգուելու պիտակին տակ, Ծիծեռնակաբերդն ալ շուտով կրնան զոհաբերել «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին: Կարելի՞ է մեղադրել յուշահամալիրի նորոգութեան աշխատանքը կասկածով դիտողները՝ մասնագէտ եւ քաղաքայիններ, որքան ալ բարեմիտ հնչեն «պարզապէս կը վերանորոգենք» ըսող իշխանաւորներուն հաւաստիքները, երբ Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն ամէն օր կը հնչեն պանահջատիրութենէ հրաժարելու նախապայմանները, իսկ անդին, ազերիները ամէն օր կը քանդեն Արցախի յուշակոթողները…:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031