Հատված ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, իրաւաբան Կարօ Մատէնլեանի հարցազրույցից
-Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Հայաստանի ռազմական ծախսերը նուազեցնելու գծով վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութեան մասին, յատկապէս երբ նախագահ Ալիեւ կը յայտարարէ, թէ ռազմական ամավարկը եւ կարելիութիւնները պիտի աւելցնէ։
– Բնականաբար խորապէս մտահոգիչ է, յատկապէս երբ Պաքու կը շարունակէ իր զինարշաւը։ Ասիկա միայն ամավարկերու հարց մը չէ, այն ազգային ապահովութեան եւ տարածաշրջանային ապահովութեան կը վերաբերի ու ցոյց կու տայ, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը սխալ կերպով կը հակադարձէ իրադարձութիւններուն։
Ատրպէյճան յստակօրէն կը կրկնէ Հայաստանէն իր հողային պահանջները, սպառնալիքը աստիճանաբար սրելով եւ շարունակաբար սպառնալով ու պահանջելով Հայաստանէն, որ փոխէ իր սահմանադրութիւնը, մինչ Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացուցած իր ռազմական ուժերուն կարելիութիւնները կը բազմապատկէ։ Այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի ռազմական ամավարկը կրճատելը ոչ միայն անտեղի է, այլ վտանգաւոր եւ տխմար քայլ է։
Կարդացեք նաև
Տեսականօրէն տնտեսական զարգացման, ենթակառոյցներու եւ դիւանագիտութեան յաւելեալ գումարներ տրամադրելը կրնայ տրամաբանական թուիլ, սակայն, իրականութեան մէջ այդպէս չէ եւ Հայաստանի պաշտպանութեան, ապահովութեան ու գերիշխանութեան վտանգ սպառնացող այսպիսի քայլ մը պէտք չէ առնուի։
Զօրաւոր եւ կարող բանակ մը գրգռութիւն պէտք չէ նկատուի, այլ անիկա կենսական է, յատկապէս երբ յարձակողապաշտ դրացի մը ունիս, որ նաեւ աւելի մեծ թիւով բնակչութիւն եւ յատկանշական քանակութեամբ ուժանիւթ ունի՝ շարունակաբար աճող ռազմական ախորժակով։
Հայաստանի յարատեւումը կախեալ է զօրաւոր պաշտպանական համակարգէ մը, կազմակերպուած եւ գործօն Սփիւռքէ մը եւ յստակատես ու սկզբունքային արտաքին քաղաքականութենէն։ Ներկայ պայմաններուն մէջ, ռազմական պատրաստուածութիւնը նուազեցնելը սպառնալիք է այս երեքին: Անոր փոխարէն պէտք է կեդրոնանանք Հայաստանի ինքնապաշտպանութիւնը հզօրացնելու միջոցներուն վրայ, ներդրումներ կատարելով արհեստագիտութեան եւ ռազմավարական նորարարութիւններու ոլորտներուն մէջ, նոյն ատեն հաստատելով այնպիսի դաշնակցային կապեր, որոնք հայութեան շահերը պիտի պաշտպանեն։
Հարցազրույցն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ»-ում