Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւ­նը սառ­նասր­տու­թեամբ լծո­ւած է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­ւա­կան ծրա­րի նսե­մա­ցու­մին, ա­նոր շուրջ կա­ռու­ցե­լով նոր «ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ», ուր մեր պատ­մա­կան ի­րա­ւուն­քը կը ստո­րա­դա­սո­ւի քա­ղա­քա­կան մանր հա­շո­ւարկ­նե­րու. «Ազատ օր»

Սեպտեմբեր 10,2025 09:00

­Քա­ղա­քա­կան ճշմար­տու­թիւն է, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը միշտ ալ ե­ղած է բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բա­ժին՝ յա­ճախ որ­պէս ճնշու­մի մի­ջոց Ան­գա­րա­յի դէմ։ ­Սա­կայն, այս բո­լո­րին մէջ, ­Հա­յաս­տան եր­բեք իր ներ­կա­յու­թիւ­նը չէր տե­սած գոր­ծըն­թա­ցը խո­չըն­դո­տե­լու կամ նսե­մաց­նե­լու դե­րին մէջ։ ­Նոյ­նիսկ երբ ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հը կը յայ­տա­րա­րէր, թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հիմ­նա­հար­ցը մաս չի կազ­մեր ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, երկ­րի յա­ջոր­դա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը եր­բեք չհա­կադ­րո­ւե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծուած ո­ճի­րի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցին, այլ հա­մա­հայ­կա­կան Հռ­չա­կա­գի­րի ճամ­բով, ի­րա­ւա­տի­րոջ դե­րին մէջ տե­սան ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։ Իսկ այ­սօր, ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւ­նը սառ­նասր­տու­թեամբ լծո­ւած է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­ւա­կան ծրա­րի նսե­մա­ցու­մին, ա­նոր շուրջ կա­ռու­ցե­լով նոր «ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ», ուր մեր պատ­մա­կան ի­րա­ւուն­քը կը ստո­րա­դա­սո­ւի քա­ղա­քա­կան մանր հա­շո­ւարկ­նե­րու։

Երբ ի պա­տաս­խան Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տին կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան անձ­նա­կան ճա­նաչ­ման յայ­տա­րա­րու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը հրա­պա­րա­կաւ կը յայ­տա­րա­րէ, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռաջ­նա­յին կամ նոյ­նիսկ օ­րա­կար­գա­յին շա­հը չէ, ոչ միայն կը մեր­ժէ սե­փա­կան պատ­մու­թիւ­նը, այ­լեւ կը տա­պա­լէ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան, նաեւ Ան­կա­խու­թեան հռչա­կա­գի­րի այն հիմ­նադ­րոյթ­նե­րը, ո­րոնք յստակ կը բնո­րո­շեն, թէ պե­տու­թիւ­նը սա­տար կը կանգ­նի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման։ Այս դիր­քո­րո­շու­մը հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան եւ հա­կա­պե­տա­կան ըն­թաց­քի մէջ կը դնէ վար­չա­խում­բը, յան­ցա­գոր­ծու­թեան սահ­ման­նե­րը հա­տե­լու ծանր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ։

Ա­ւե­լի՛ն, ան յղի է վտան­գա­ւոր հե­տե­ւանք­նե­րով։ Այն­պէս ինչ­պէս Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պար­տո­ւո­ղա­կան նա­հանջ, եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր նոյ­նը կը փոր­ձո­ւի գոր­ծադ­րել ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին մէջ։ ­Նոր իշ­խա­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը՝ «ի­րա­կան ­Հա­յաս­տան» ար­հես­տա­ծին վար­կա­ծը, բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը մի­տի խզել հայ­րե­նի­քի ու սփիւռ­քի կա­պե­րը։ Ս­փիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը՝ որ եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր կա­րո­ղա­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շո­ղու­թիւ­նը վե­րա­ծել հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րա­կար­գի, այ­սօր կը դադ­րի հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ի­րա­ւա­տի­րոջ դե­րին մէջ ձայն ու­նե­նա­լէ։ Այս մեր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը մէկ կող­մէն կը կտրէ ժո­ղո­վուր­դի կէ­սէն ա­ւե­լիի ձայ­նը, միւս կող­մէն կը խարխ­լէ այն հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քը, ո­րով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծը հա­սաւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րուն առ­ջեւ։ Այն սե­րունդ­նե­րը, ո­րոնք զո­հա­բե­րու­թիւն կա­տա­րե­ցին ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րա­կար­գին վրայ բե­րե­լու հա­մար, այ­սօր կը տես­նեն ի­րենց ջան­քե­րու ար­դիւնք­նե­րը քայ­քա­յո­ւե­լու վտան­գի եզ­րին։

­Հարկ է ըն­դու­նիլ, որ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ դրու­թիւ­նը բարդ է՝ եր­կի­րը գտնո­ւե­լով եր­կու թշնա­մա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու շրջա­փա­կու­մին մէջ։ ­Սա­կայն, այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը չի կրնար ար­դա­րաց­նել ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րէ հրա­ժա­րու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Երբ Ան­գա­րա­յի եւ ­Պա­քուի նա­խա­պայ­ման­նե­րուն առ­ջեւ յանձ­նո­ւո­ղա­կան դիրք կ­՚ըն­դու­նո­ւի, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կը կոր­սուին դի­ւա­նա­գի­տա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հող կը տրա­մադ­րո­ւի թրքա­կան եւ ատրպէյ­ճա­նա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան նոր ար­շաւ­նե­րուն։ ­

Մինչ թուրք-ատրպէյ­ճա­նա­կան զի­նակ­ցու­թիւ­նը կը ջա­նայ զո­հը վե­րա­ծել դա­հի­ճի, Ե­րե­ւան կը յայ­տա­րա­րէ, թէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը «չի բխիր ­Հա­յաս­տա­նի շա­հե­րէն»։ Այս­պի­սով, հայ­կա­կան պե­տու­թիւ­նը կ­՚ընկրկի իր պատ­մա­կան պար­տա­ւո­րու­թե­նէն եւ կը դառ­նայ սե­փա­կան ժա­ռան­գու­թեան ու­րա­ցո­ղը։ ­

Խմբագրականն ամբողջությամբ՝ «Ազատ օր»-ում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո    
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930