Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայկական պահանջատիրութիւնը այսօր չունի «կախարդական փայտիկ» մը, որուն միջոցով կարելի ըլլար ապահովել Արցախի փախստականներու համախումբ վերադարձը. «Ասպարեզ»

Սեպտեմբեր 10,2025 10:46

Վերադարձի իրաւունքը խորապէս արդարութեան մէջ արմատ նետած հայեցակարգ մըն է. հայ ժողովուրդը, որ ցեղասպանութիւն եւ տեղահանութիւն ապրած է, ուրիշներէ աւելի կը հասկնայ բռնի տեղահանութեան ցաւալի իմաստը։ Կարգ մը ազգայնականներու համար «վերադարձ եւ վերամիաւորում»ը կը մարմնաւորէ աւելի լայն տեսլական մը՝ վերականգնել հայկական ներկայութիւնը հայրենական հողերուն վրայ (Թէեւ 368էն ի վեր հայկական պետութիւնը հազուադէպօրէն ունեցաւ միացեալ տարածք մը, սակայն, անիկա եղած է տարբեր վայրերու մէջ՝ Կիլիկիայէն մինչեւ մերօրեայ Հայաստան եւ այլ շրջաններ)։ Այս տեսակէտները հասկնալի են, երբեմն նաեւ անհրաժեշտ՝ ազգային էթոս (բարք, սովորոյթ) մը ձեւաւորելու համար։ Սակայն միայն վաւերական իրաւունքը քաղաքական ծրագիր մը չի կազմեր։ Այսօրուան հայկական քաղաքական իրականութեան մէջ վերադարձի հարցը յաճախ կը շահագործուի օտար ուժերու կողմէ, որոնք լուռ մնացին Արցախի ցեղային զտումին ընթացքին, եւ ներքին հակադիր ուժերու կողմէ, որոնք զայն կը գործածեն իբրեւ հայրենասիրութեան փորձաքար ընտրական դիրքաւորումներու ընթացքին:

Այս խօսոյթին գլխաւոր թերութիւնը այն է, որ վերադարձի պաշտպանութիւնը կը նկատէ պատերազմի քարոզ, իսկ վերադարձի դէմ կեցուածքը՝ խաղաղութեան համար հպատակութիւն:

Այս կեղծ երկբեւեռացումը երկար տարիներէ ի վեր կը տառապեցնէ հայ քաղաքական միտքը: Առաւել քան 30 տարիներէ ի վեր, Արցախի հարցը գլխաւորաբար ներկայացուած է իբրեւ «պատերազմ կամ խաղաղութիւն», իսկ միւս կենսական ոլորտները անտեսուած են, ինչպէս՝ Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդումը, տնտեսական զարգացումը, ճնշման կամ հալածանքի պայմաններուն մէջ հեռացած արցախցիներու վերադարձը կամ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելը եւ անոնց յարմարիլը։ Թշնամի Ատրպէյճան ճիշդ այս ուղղութիւններով աշխատեցաւ՝ կարողութիւններ զարգացնելով բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, մինչ հայ ղեկավարութիւնը, ընդհանրապէս ապահովութիւնը ուրիշին յանձնած՝ առաւելապաշտութեան կառչած ճառերով բաւարարուեցաւ: Այսօր, պատասխանատու պետական գործառնութիւնը կը պահանջէ, որ Հայաստանի նպատակները հաւասարեցուին իր իսկ միջոցներուն, փոխանակ ազգային ռազմավարութիւնը կաշկանդելու կեղծ երկբեւեռ ընտրանքներով:

Այսօր, Երեւանի մէջ ընդդիմադիր հաւաքները Արցախի հարցը ազգային օրակարգին վրայ կը պահեն, սակայն, հայկական պահանջատիրութիւնը այսօր չունի «կախարդական փայտիկ» մը, որուն միջոցով կարելի ըլլար ապահովել Արցախի փախստականներու համախումբ վերադարձը՝ միջազգային երաշխիքներու ապահովութեամբ: Իւրաքանչուր լուրջ ռազմավարութիւն ժամանակ, ուշադրութիւն եւ միջոցներ պիտի պահանջէ։ Միւս կողմէ, ամբոխահաճ իշխանութիւնը կը կառչի խաղաղութեան պատրանքին՝ հպատակաբար ընդունելով կատարուած իրողութիւնը, միաժամանակ ներազգային ճակատին վրայ (գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար եւ իր բոլոր ցանցերով) կը շարունակէ բացասական խօսոյթ մը սնուցել արցախցի խոցելի փախստականներուն դէմ. երկու մօտեցումներն ալ քաղաքականութենէն մղուած կը թուին եւ ոչ թէ իրականութեան վրայ հիմնուած, ինչպէս կը պահանջէ ճգնաժամային այս իրավիճակը:

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ»-ում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո    
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930