ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի Ժընեւի մէջ 60-րդ նիստի առիթով, նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ Լիբանանի դեսպան Քարոլին Զիատէին` Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդներու վերաբերեալ:
Հայ դատի մարմինը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ, հակառակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ նոր զարգացումներուն, որոնք յանգեցան Արցախի հարցով զբաղելու լիազօրուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարման, այդ խմբակի ստեղծման հիմնական պատճառը` Արցախի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը, Պաքուի եւ Անգարայի պնդումներուն հակառակ, կը մնայ չլուծուած, ուստի միջազգային ընտանիքը եւ մասնաւորաբար ՄԱԿ-ը պէտք է այդ հարցին մէջ ներգրաւուած մնան:
Մարմինը յայտնեց, թէ Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու առանց նախապայմաններու եւ անմիջական ազատ արձակումը կը շարունակէ մնալ մարդասիրական յստակ հրամայական մը:
Հայ դատի մարմինը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց պարագան այդ գերիներուն մէջ եղող Լիբանանի քաղաքացի Վիգէն Իւլճեքեանին, որ մայիս 2025-էն ի վեր հացադուլի դիմած է` իբրեւ բողոք իր կալանքի ապօրինութեան ու անմարդկային պայմաններուն դէմ:
Կարդացեք նաև
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Ժընեւի մէջ Լիբանանի դեսպանին կոչ ուղղեց` Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նիստին արծարծելու Լիբանանի քաղաքացի Իւլճեքեանի եւ մնացեալ հայ գերիներու հարցը:
Հայ դատի մարմինը նաեւ այս գծով հաղորդագրութիւն մը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն: