«Մութ հաշիւներու» հետեւանքով (արդեօք մութ բան մնացա՞ծ է ՔՊ-ական Հայաստանի մէջ, բացի իշխանաւորներու ձեռակերտ՝ մթագնած միտքերէն), կը շարունակուի «նահանջը առանց․․․ երկրի»: Թող ներէ՜ Շահան Շահնուրը, որուն հետեւողութեամբ՝ «երգ»-ը փոխարինեցինք «երկիր»-ով, սակայն կը ձայնակցինք անոր, աւաղելով՝ «Մեղա՛յ, մեղա՛յ Արարատին»:
Չպահուըտինք մեր մատներուն ետին եւ ՔՊ-ականներու սուտ քարոզչութեան «անտառ»-ին մէջ. ընդունինք, որ հայրենիքը քար առ քար փլուզումի կը տանին։
ՔՊ-ականներ շարունակ կը խօսին ապառնիով՝ ապագայ Հայաստանին մասին։ Քանզի ապագայով շա՜տ մտահոգուած են. փա՞ստ կ’ուզէք. այս օրերուն, երբ դպրոցական վերամուտ է, ահաւասիկ կոչ՝ աշակերտներուն, որոնց գիրքերն անգամ սկսած են աղաւաղուիլ ՔՊ-անամէտ կրթական նախարարութեան եւ մի՛շտ ու մի՛շտ անոր լծակներուն կողմէ։ Լուրեր կը տարածուին, որ դպրոցներու պատերէն հեռացուցած են մշակոյթի ու ազգի պաշտպանութեան պատգամախօսներու նկարները…: Անդին, Ատրպէյճանի դպրոցներուն մէջ հայատեացութեան «դաստիարակութիւնը» նոր մղոններ կը կտրէ, խաղաղութեան ուղղութեամբ գործնական քայլեր չեն երեւիր:
Եթէ կը փորձեն այս ձեւով լեզու գտնել թշնամիին հետ, ուրեմն ԱՐԱՐԱՏ բառի գործածութիւնն ալ կրնայ արգիլուիլ, սկսելով յատուկ անուններէն, մինչեւ ոգելից ըմպելիի գործարան, մարզական ակումբ եւայլն։ ․․․Հապա՞ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որուն անունը իր թուրք հոգատարները շատո՜նց աղաւաղած են:
Կոչէ աւելի՝ «աւետարան» մըն է փոխանցուելիքը։ Այսպէ՛ս՝
Կարդացեք նաև
Սիրելի՛ աշակերտներ, իր փառապանծ գեղեցկութեամբ, Նոյ նահապետին ջրհեղեղէն փրկուած նաւուն կայանը՝ Արարատը, հայ ազգին համար նուիրական իմաստ ունի եւ սուրբ կը համարուի։ Անիկա խորհրդանիշն է հայութեան յաւերժութեան:
Իր վեհաշուք հմայքով, դժուարամատչելի բարձրունքներով եւ բնական ներգործումներով` երկրաշարժներ, սառցասահանքներ, վիմագլորումներ եւ սարսափազդու դղրդիւններ՝ Արարատ խորհրդաւոր ազդեցութիւն ունեցած է եւ արժանացած պաշտամունքի ու առասպելաբանութեան:
Խաբեպատիր եւ ստայօդ որոշումներու հիմամբ, անցագրերու վրայ դրուելիք կնիքներէն Արարատի պատկերին հրաժեշտը ոչ մէկ բան պիտի փոխէ իրականութենէն։ Տեղին է կրկնել եւ շարունակ ընդգծել, որ երկու Մասիսներն ալ լերկ են, առատ աղբիւրներ չունին, հետեւաբար` շատ աղքատ են բուսականութեամբ: Ժայռոտ է գագաթը եւ ունի մօտ ութ մղոն տարածութիւն: Մէկէն մինչեւ երկու մղոն մեթր բարձրութեամբ լանջերուն փռուած են արօտավայրեր եւ թփուտներ, աւելի վար, տեղ գրաւած են եղէգնուտներ եւ ճահիճներ: Լեռնալանջերը քարակարկառներով ծածկուած են, ծանօթ`քարէ ծովեր անունով: Այս բաները չեն նսեմացներ Մասիսներուն դերն ու արժէքը:
Չմոռնա՜ք. Տրդատ Գ. Թագաւորը եւ Գրիգոր Լուսաւորիչը Սուրբ Էջմիածնի հիմերը դրին, Հռիփսիմէի եւ Գայիանէի վկայարանները կառուցեցին հայութեան յաւերժութեան խորհդանիշ՝ Մասիսին շուքին: Անոնցմէ շա՜տ առաջ, Արտաշէս թագաւորին ընբոստ զաւակը՝ Արտաւազդ, «բանտարկուեցաւ» Մասիսի անդունդներուն խորը, ա՛ն ալ, Փոքր Մհերին պէս, դարձած է հայութեան ազատագրութեան մէկ խորհրդանիշը:
Մօտիկ անցեալին, 1829 Սեպտեմբերին Արարատի գագաթը բարձրացաւ գերմանացի փրոֆեսէօր Ֆրիտրիխ Փարոթ, իբրեւ ուղեկից ունենալով «Վէրք Հայաստանի»-ն (ի՜նչ զուգադիպութիւն, համեմատած մեր հայրենիքի ներկայ օրերու վիճակին) գրած Խաչատուր Աբովեանը, շրջանէն երկու գիւղացիներ եւ ռուս երկու զինուորներ:
Ազդեցիկ պիտի ըլլայ ըմբոշխնել ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպէր Կետիկեանի «Le Voyage en Armenie» («Journey to Armenia») ժապաւէնին վերջին քանի մը վայրկեանները, եւ մեծ պաստառի վրայ ցոյց տալ 19 Բաղրամեանի վարձակալներուն:
Մեկնաբանութիւնը կը մնայ դիտողին եւ անշուշտ յատկապէս այդ անխիղճ, անխնայ եւ դաւաճան վարձակալներուն:
Հայութեան՝ հայրենի եւ Սփիւռքի հայուն համար մէկ բան յստակ է. եթէ սկսանք Արարատի դերակատարութեան մասին Էմինի տողերով, աւարտենք՝ Իսհակեանի պերճախօս պատասխանով.
Արարատի ծեր գմբեթից դար է եկել
Վայրկեանի պէս, ու անցել:
……………………………..
Հերթը մի պահ քոնն է մի պահ,
Դու էլ նայիր սէգ կատարին, ու անցի՛ր:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում