Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, թէ՞ Մտահոգութիւն

Սեպտեմբեր 20,2025 13:50

Լեզուական փոքրամասնութիւններու մշտնջենական գոյութիւնը մեծամասնութիւն կազմող տեղական ընկերութիւններու մէջ, որ օրէ օր աւելի կը շեշտուի համաշխարհային զանգուածային տեղափոխութիւններու եւ համաշխարհայնացումի տնտեսական եւ մշակութային լայնածաւալ տարածումով, զուգահեռ կ’ընթանայ այդ փոքրամասնութիւններուն դիմագրաւած լեզուական եւ գաղափարախօսական մարտահրաւէրներուն հետ:

Լեզուափոխութեան նիւթը մեծ մտահոգութիւն է շատերու համար, որոնք նաեւ յաճախ «սխալ» կամ «կտրուկ» կամ «խառն» հայերէն խօսողները կ՚այպանեն եւ այսպէս կը հակադարձեն. «մաքուր խօսիր», «լեզուդ մի խարներ», «ճիշդ հայերէն խօսիր», «այս բառին հայերէնը ի՞նչ է», եւ այլ նման արտայայտութիւններ։

Օրինակի համար, դուն ինչպէ՞ս կը զգաս, երբ լսես նման «նախադասութիւններ»՝

Հոս, այս է մարդոց mentality-ին։

Ghavun բերի այսօր որ միասին ուտենք։

Սիրեմ քեզի, ciğer, ինչո՞ւ կուլաս։

Աւետիսին telephone-ին թիւը քեզի message-ով կը ղրկեմ։

Microphone-ին մէջ batarya չէ մնացած:

Եկէք, առարկայական, վերլուծական եւ ակադեմական մօտեցում որդեգրենք, որպէսզի հասկնանք, թէ ինչո՞ւ իբրեւ մտահոգութիւն կը ներկայացուի լեզուափոխութիւնը: Ի՞նչու սրբագրութեան կը կարօտի, եւ թէ արդեօք պէտք է՞ սրբագրուի:

Երկլեզուութեան ներկայ ժամանակակից մօտեցումը եւ ընդհանրացումները

Կարգ մը ընկերութիւններ երկլեզու կ’ըլլան իրենց անձնական ընտրութեամբ, մինչ ուրիշներ ալ պարագաներու բերումով, ինչպէս՝ քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ ճարտարարուեստական: Ըստ վերջին վիճակագրութիւններուն, աշխարհի բնակչութեան 60-70 առ հարիւրը կանոնաւորապէս երկու կամ աւելի լեզուներ կը գործածէ իր առօրեայ յարաբերութիւններուն եւ գործունէութիւններուն ընթացքին:

Տասնամեակներու ընթացքին, սակայն, «երկլեզուութիւն» (bilingualism կամ multilingualism) հասկացութիւնը ստացած է զանազան սահմանումներ՝ կախուած թէ՛ լեզուաբաններու մօտեցումներէն եւ թէ՛ ժամանակի գիտական ընկալումներէն։

1930-ական թուականներուն, երկլեզուութիւնը կը սահմանուէր որպէս երկու լեզուի հաւասարաչափ եւ բնիկ մակարդակի (native-like) տիրապետում։ Սակայն, 1980-ական թուականներուն, այս սահմանումը սկսաւ վերարժեւորուիլ եւ ընդլայնիլ՝ հետազօտութիւններու շնորհիւ։ Այս նոր մօտեցումը ընդունեց, որ անձ մը կրնայ «երկլեզու» նկատուիլ նոյնիսկ երբ անոր երկրորդ լեզուի մը տիրապետութիւնը մասնակի է՝ ըլլայ միայն խօսակցական, ընկալման, կամ տարրական գրառման մակարդակի վրայ։

Ներկայիս անոր սահմանումը մեծապէս կը կեդրոնանայ լեզուի գործնական կիրառութիւնը յատուկ իրավիճակներու կամ միջավայրերու մէջ՝ անկախ լեզուական կատարեալ հմտութենէն։ Այսինքն անհրաժեշտ չէ լեզու մը շատ լաւ գիտնալ երկլեզու ըլլալու համար, որովհետեւ ներկայիս աւելի կարեւոր կը համարուի սերտել երկլեզուութեան ետին կայացող ընկերային, լեզուական եւ հոգեբանական տուեալները, քան այդ լեզուներուն գիտութեան չափը կամ որակը: Այս՝ մեկնելով այն ճշմարտութենէն, թէ երկլեզուներուն ընտրած լեզուները կախեալ են զանազան ազդակներէ, ինչպէս

  1. ընկերային բնաբանը
  2. խօսակցութեան նիւթը
  3. խօսակիցը եւ
  4. խօսակիցին հետ յարաբերութիւնը:

Ուրեմն, երկլեզու անհատ մը տարբեր լեզուներ կը գործածէ տարբեր պատճառներու եւ նպատակներու համար եւ ընդհանրապէս նոյն հմտութեամբ չի տիրապետեր իր գիտցած տարբեր լեզուներուն: Սակայն, որովհետեւ երկլեզու մը տարբեր լեզուներ ունի իր տրամադրութեան տակ, ան երկու կամ աւելի լեզուներու յատկութիւնները կրնայ փոխադրել անոնց միջեւ:

Լեզուափոխութիւն՝ Որպէս Ինքնութեան եւ Մտածողութեան Ճկունութիւն

Երկար ատեն ժողովրդային եւ մասնագիտական ընկերութիւններու մէջ տիրապետող հասկացողութիւնը այն եղած է, թէ լեզուափոխութիւն կը նշանակէ լեզուական լուրջ եւ անբաղձալի վիճակներ, կ’ընդգծէ լեզուական եւ մտային շփոթ, կը համարուի որպէս մշակութային կորուստ, եւ կը կազմէ միջամտութիւններ, որոնք վնասակար են սորվելու գործընթացին:

Լաւագոյն միջոցը՝ հասկնալու լեզուափոխութեան երեւոյթը, պիտի ըլլայ նկատի առնել խօսողին

  1. անհատականութիւնը
  2. ձայնագիտական ուշիմութիւնը
  3. լեզուական ատակութիւնը եւ
  4. գրագիտութիւնը:

Վերոյիշեալ տուեալներուն հետ մէկտեղ, երկլեզուութեան պրպտումները երբեք չեն դադրած հարցադրել կամ փորձել պատասխաններ գտնել, թէ ինչո՞ւ երկլեզու  խօսողներ իրենց լեզուները կը փոխեն իրենց խօսակցութիւններուն ընթացքին:

Նախ, սահմանենք «լեզուափոխութիւն» բառը:

Լեզուափոխութիւնը կը սահմանուի իբրեւ մէկէ աւելի լեզուներու գործածութիւնը խօսակցութեան մը ընթացքին, ուր բառ մը կամ նախադասութեան մը մէկ մասը կ’ըսուի տարբեր լեզուով կամ լեզուներով։

Ընդհանրապէս լեզուափոխութիւնը սերտուած է ընկերալեզուաբանական եւ կամ քերականական դիտանկիւններէն: Այս տարբեր մօտեցումները փաստած են, թէ լեզուափոխութիւնը բարդ, համաշխարհային քերականութեան օրէնքներուն յարմարող գործիք մըն է, որ կը գործածուի երկլեզու մարդոց կողմէ՝ ազգային, ընկերային, եւ մշակութային ինքնութիւններ արտայայտելու եւ հաստատելու համար: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, թէ լեզուափոխութինը կը ցուցադրէ անհատին մտածողութեան ճկունութիւնը եւ մտածողական ճանաչումը (cognitive development)։

Երկլեզուութիւն, Լեզուափոխութիւն եւ Փոքրամասնութիւններ

Գաղթականներու եւ լեզուական փոքրամասնութիւններու համար, սակայն, ուրիշ է հարցը:  Երկլեզուութիւնը բաղձալի է եւ մեծամասնութեան լեզուն խօսիլը օգտակար է տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային մակարդակներու վրայ, բայց մտահոգիչ կը դառնայ այդ, երբ երկլեզուութիւնը

  1. կը զարգանայ մայրենի լեզուին հաշուոյն
  2. կը դառնայ յաճախակի
  3. կը տանի մայրենի լեզուին տկարացման եւ աղաւաղման եւ
  4. կ՚առաջնորդէ մայրենի լեզուին մոռացութեան, մանաւանդ երրորդ կամ չորրորդ սերունդներուն մօտ:

Ըստ հեղինակին կողմէ կատարուած ակադեմական սերտողութիւններու եւ անձնական հարցազրոյցներու, 50-80 տարեկան սփիւռքահայերու մեծամասնութիւնը՝ Լիբանան, Քուէյթ, Կիպրոս, Տուպայ, Սիտնի, եւ Լոս Անճըլըս, կը հաւատայ, թէ լեզուափոխութիւնը հայերէնի գիտութեան տկարացում եւ անբաւարար գործածութեան մէկ արտայայտութիւնն է: Թէպէտ վերոյիշեալ անձերը ընդունեցին, թէ իրենք ալ յաճախ լեզուափոխութեան կը դիմեն, անոնք ընդգծեցին այն իրողութիւնը, թէ յաճախ «յանցաւոր» կը զգան իրենց «լեզուները խառնելու» համար:

Իսկ 18-49 տարեկաններու մեծամասնութիւնը բնական կը նկատէ լեզուափոխութիւնը: Այս տարիքի պատկանող մեծամասնութեան թուած պատճառները, սակայն, քիչ մը մտահոգիչ են: Յաճախ, կ’ըսեն անոնք՝

  • «դժուար է բառերը հայերէնով գտնել»
  • «դժուար է յիշել հայերէն բառերը» եւ
  • «աւելի դիւրին է անգլերէնով, սպաներէնով, ռուսերէնով կամ ֆրանսերէնով լրացնել մեր նախադասութիւնները»:

Այս երեւոյթն է, որ կարելի է բնութագրել որպէս մտահոգիչ, մանաւանդ լեզուական փոքրամասնութեան մը համար՝ ըլլայ հայկական կամ ոչ, որ երկար ատենէ կ’ապրի օտար երկիրներու մէջ, որովհետեւ լեզուափոխութիւնը այս պարագային չի համապատասխաներ վերեւ ներկայացուած երկլեզուութեան դրական լեզուական մեկնաբանութիւններուն:

Լեզուափոխութիւնը Մտահոգութի՞ւն

Մտահոգութիւն երբ

  1. սփիւռքի մէջ որոշ խաւի մը համար լեզուափոխութիւնը ծառայէ իբրեւ նախադասութիւններ ամբողջացնելու միջոց մը
  2. մայրենի լեզուն բաւարար չէ եւ բաւարար չի նկատուիր ամբողջովին ինքզինք արտայայտելու եւ
  3. մայրենի լեզուի գիտութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը մեծապէս նուազած են:

Երիտասարդները յաճախ կ’ակնարկեն, թէ մէծամասնութիւն կազմող ժողովուրդներ ալ ուրիշ լեզուներ կը գործածեն իրենց խօսակցութիւններուն ընթացքին: Հետեւաբար, ինչո՞ւ համար մտահոգիչ, տարօրինակ եւ անբնական պէտք է թուի, երբ հայ կամ փոքրամասնութեան պատկանող անձ մը «խառնէ» իր լեզուները:

Ճիշդ է, սակայն մեծագոյն տարբերութիւններէն մէկը, երբ նկատի կ’առնենք հայ եւ սփիւռքեան զանազան ընկերութիւններ, այն է թէ արաբերէնը, անգլերէնը, ֆրանսերէնը, ռուսերէնը եւ սպաներէնը, օրինակի համար, կը տիրապետեն լրատուական, տնտեսական, քաղաքական, կրթական եւ պետական մարզերուն վրայ, հակառակ հայերէնին կամ փոքրամասնութեան լեզուին, որ սահմանափակ գործածութիւն ունի:  Նման կացութիւն մը կը նկարագրուի իբրեւ ոչ նպաստաւոր մթնոլորտ մը՝ փոքրամասնութեան մը մայրենի լեզուին պահպանումին համար։

Պատահածը անհաւասար ուժերու՝ լեզուներու, պայքար է: Ներկայ հայ կամ այլ ընկերութիւններու սերունդին մխրճուիլը տեղական ընկերութիւններուն մէջ եւ երկուքին հաւելեալ չափով շփումները, ըլլայ անոնք խառն ամուսնութիւններու միջոցով, բնակարանի վայրով, մայրենի լեզուի գիտութեան պակասով եւ օտար լեզուներու հմտութեամբ,  ազդակներ են, որոնք լեզուբանական առումով լեզուափոխութիւնը կրնայ որակուիլ որպէս մտահոգութիւն։

Ներքին գաղութային առումով, կան յաւելեալ ազդակներ, որոնք կը նպաստեն որ ներկայ սերունդին լեզուափոխութիւնը եւ մայրենի լեզուի գիտութեան նուազումը կամ չգոյութիւնը մտահոգիչ նկատելու, ինչպէս՝

  1. ծնողներու անհոգութիւն
  2. հայրենիքի հանդէպ ժխտական կեցուածքներ եւ
  3. օտարը գերադասելու եւ հայերէնը/մայրենին, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը ստորադասելու հակում եւ ընթացք:

Եզրակացութիւն

Ինչպէս ի յայտ կու գայ, լեզուափոխութիւնը բաւական բարդ իրավիճակ մըն է, որ կարելի չէ անջատել համաշխարհային յեղաշրջումներէ եւ լեզուական փոքրամասնութեան մը անցեալի եւ ներկայի իրավիճակներէն:

Անհրաժեշտ է՝ հայկական եւ այլ գաղութներու լեզուապահպանման ծրագիրներուն մէջ, նկատի ունենալ նաեւ արտալեզուական տուեալները, որոնք յիշուեցան վերը:

Երկլեզուութիւնը եւ լեզուափոխութիւնը ունին իրենց «օրէնքները» եւ դրական արդիւնքները: Սակայն մայրենի լեզուն խօսիլը կ’երաշխաւորէ ազգաշինութիւն, ինքնութիւն, կրօնական հաւատամք, հաւաքական պատմութիւն, հայրենիք, մշակոյթ, պատկանելիութիւն եւ պապենական աւանդութիւններ:

Շարունակենք մեր լեզուները «խառնել»՝ արտայայտելու մտածողութեան ճկունութիւն եւ ոչ մայրենիի տկարացման։

Արտա ՃԷՊԵՃԵԱՆ

Դոկտոր Ընկերալեզուաբանութեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո    
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930